Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿՐԹԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆԱԳԻՐԸ

Ուսումնական Խորհուրդը չընդունիր որ իր փառքը նսեմացնելու ելլենք. մամուլին թելադրութեանը կարօտութիւն չունի. իր յօրինած կանոնագիրը նախատեսած է արդէն կարող ուսուցիչներ հասցնելու հարկը եւ գործնական միջոցներուն վրայ ալ մտածուած է։ Ուսումնական Խորհուրդին պատկան դափնիները գողնալու դիտաւորութիւնը չունէինք, երբ ուսուցիչներու վրայ մեր յօդուածը հրատարակեցինք, պարզապէս կարծեր էինք թէ մեր Կրթական Վարչութիւնը բան մը ըրած չունի ձեռնարհաս ուսուցչական մարմին մը պատրաստելու գործին ամար։

Պէրպէրեան էֆէնտի Արեւելքի մէջ հրատարակած պատասխանէն ետքը մեր կարծիքը անգամ մը եւս հաստատուած կը տեսնենք։

Ուսումնական Խորհուրդէն գործնական, ու թէ որ կը փափաքիք, կտրուկ միջոցներ ուզեր էինք իրենց արուեստը գիտցող ուսուցիչներ ունենալու համար։

Եւ կրթական Մանանային 44րդ յօդուածովն ամեն բան եղած լմնցած կը համարուի այս մասին, եթէ Դպրոցասէր Տիկնանց ու Միացեալ Ընկերութեանց առաջարկելով հոս վարժապետանոցներ հիմնել՝ գործնական բան մը ըրած ըլլալ կը կարծուի, ներուի մեզ որ այդ պատրանքը փարատենք։

École normalի եւ école normale supérieure [1] ի տարբերութիւնները զմեզ ափիբերան ձգելու տեղ՝ Ուսումնական խորհրդոյ ատենապետը աղէկ կ’ընէր եթէ նախ դրամ գտնելու համար մեր ցոյց տուած առաջարկութիւնը պարզապէս ընդգրկելու խոնարհամտութիւնը ցոյց տար որ կարծեմ վերջ ի վերջոյ, մեծաբանութենէ աւելի կ’արժէ։

Պէրպէրեան էֆէնտի նախամեծար կը համարի օրէնքին ու կանոնին սահմանը տալ ու Տեքառթի Մեթոտի վրայ ճառէն վկայութիւն բերել, որոնք դասական միտք մը ունենալու ապացոյց են հարկաւ, բայց գործնական միջոցներու տեսակէտէն կուտ մը չեն ըներ։

Ու հաստատելու համար որ երկու Ընկերութիւններու միջոցով վարժապետ հասցնելու գաղափարը ո՜րքան անտեղի է, կը բաւէ յիշեցնել որ Միացեալ Ընկերութիւնները Ուսումնական Խորհուրդէն շատ առաջ, ատոր աշխատած է առանց յաջողելու։

Յետոյ, կ’երեւի թէ Պէրպէրեան էֆէնտի մայրաքաղաքիս մէջ չի բնակիր, վասն զի բոլորովին անգէտ կը թուի երկու Ընկերութիւններուն անձուկ, խիստ անձուկ վիճակին. զանոնք ոսկիի հորթը կարծել՝ բաւական վերացեալ մարդու գործ է։

Ասկէ զատ կը պնդենք որ վարժապետ հասցնելու համար կարող վարժապետներ կը պակսին։ Ամեն բանի կարողն ունինք, կարող փաստաբան, կարող խմբագիր, կ’ըսէք ինծի, եւ միայն կարող վարժապե՞տ կը պակսի։

Կարո՞ղ խմբագի՞ր. ո՛չ. չունինք ատիկա եւ չենք ունեցած բնաւ. կարող փաստաբա՞ն. արուեստը աղէկ կամ գէշ, աւելի գէշ քան թէ աղէկ ի գործ դնելու չափ թերեւս. բայց իրաւագէտներ պատրաստելու չափ, ո՜հ, ապահովապէս ո՛չ։

Գո՞հ էք անկեղծութենէս. բայց ներեցէք որ ետեւէն աւելցնեմ, նոյն անկեղծութենէն մղուելով, թէ հայ ուսուցչական մարմինը շատ յետնեալ, շատ ողորմելի մարմին մըն է եւ վարժապետանոցի մը մէջ դասախօսելու կարողութիւնը իրենց բոլորովին ալ կը զլանամ։

Ահա իմ գաղափարըս, ամբողջ ու անկեղծ գաղափարս։

Մեր կրթական բոլոր դրութիւնը բարւոքման կարօտ է, վերէն վար փոփոխութեան ու շրջումի եւ մանկավարժութեան մասնագէտներու գործն է այս բարւոքումը եւ մինակ ե՞ս եմ արդեօք Պոլսոյ մէջ որ հայ մանկավարժ մը չի ճանչնամ։

Ուրեմն Եւրոպայի դպրոցները մարդ խրկեցէք առանց վայրկեան մ’իսկ կորսնցնելու. շատ է արդէն ցարդ յապաղեցանք։

Ձեր շինած կանոնագիրը որուն վրայ կը գուրգուրանք, բանի մը չպիտի ծառայէ. օժանդակ կը փնտռէք ազգէն անոր գործադրութեանը համար եւ ամենէն կարեւոր օժանդակները չունինք, ուսուցիչները։ Կրթական Կանոնագիրը՝ ընթերցանութիւն չգիտցող կարճատես մարդու ակնոց տալու կը նմանի, որպէսզի կարենայ անով կարդալ. նախ ընթերցանութիւն սորվեցուցէք անոր. վերջը ղրկեցէք Տօքթօր Էսմէրեանին։



[1]            Մանկավարժական դպրոցի եւ մանկավարժական բարձրագոյն դպրոցի։