Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՆՈՒԿ ԱՍԼԱՆԵԱՆ

Ինքնօգնութեամբ ու անդուլ աշխատութեամբ յառաջանալով՝ Տէրութեան ու ազգին առջեւ կարեւոր դիրքի տէր եղած հայու դէմք մըն ալ պակսեցաւ։

Մանուկ Ասլանեան Եւդոկիայէն եկած էր հոս եւ առեւտրական ու սեղանաւորական ասպարէզին մէջ շուտով հարստացած էր իր ձեռներէց գործունէութեամբը։

Անոր համար չէ հարկաւ որ մահուանը վրայ կը ցաւինք. բայց անոր համար որ գիտցած էր միշտ իր պատկանած հասարակութեան հանդէպ՝ իր պարտքի բաժինը հատուցանել, սիրայօժար յանձն առնելով այն ամեն պաշտօնները՝ որ իրեն կը տրուէին ազգային շրջանակին մէջ։

Այսպէս իր անունը կանուխէն կը գտնենք մեր վարչութեան անդամոց կարգին մէջ։ Գերագոյն Ժողովէն կ’սկսի իր գործունէութիւնը ու կ’երկարի մինչեւ մօտաւոր Քաղաքական Ժողովներուն ժամանակին։

Բերայի Թաղ. Խորհրդոյ անդամ, անդամ կարեւորագոյն ժողովներու, ամեն տեղ իր բեղմնաւոր գաղափարի ու գործի մարդու աջակցութիւնը տրուած է։

Իսկ ինչ որ աւելի պատկառելի կ’ընէ իր անուը մեզի, այն ալ իր ուսումը սիրող ու յարգող մարդու յատկութիւնն էր։

Շատեր կան շուրջերնիս որոնք՝ բաղդին բերմունքովը նիւթական բարւոք կացութեան մը տիրանալնուն համար՝ Գիտութիւնը կ’արհամարհեն ու Վարժարանին վրայ կը խնդան։

Ասլանեան Մանուկ ասոնցմէ չէր. ընդհակառակը, իր տղաքը Եւրոպայի գիտական հաստատութեանց մէջ կրթած է։

Իր անդրանիկը՝ Գէորգ էֆ. Ասլանեան Էքօլ Սանթրալի շրջանաւարտ երկրաչափ մը, բարձր պաշտօնեայ մը հիմա Նաֆիէի մէջ, ծանօթ է իր աշխարհագրական պարապումներովը, Երկրագունտի աշխատակցութեամբ, Միացեալ Ընկերութեանց մէջ վարած ատենապետի պաշտօնովը։

Երկրորդ զաւակը՝ Տօքթօր Թագւոր Ասլանեան, կարող բժիշկ մը, հիմա Բարիզի մէջ հաստատուած է։ Երրորդը՝ իր քովն էր, իր գործերուն մէջ։ Եւ իր թոռն է նորէն մեր աշխատակիցը Երուանդ Օտեան, որուն ներբող յօրինելու պէտք չունինք։

Կը տեսնուի ահա որ իր թողած ժառանգութեանն մէջ՝ մեր հասարակութեան մտաւոր զարգացման աշխատելու աւանդութիւնը՝ առաջին տեղը բռնած է եւ ահա այս պատճառներով իր մահը ստուգիւ ցաւալի է։

Մանուկ Ասլանեան Սարաֆլար քէահեասի էր վերջերս ու հակառակ իր ծերութեան, ամեն ատեն իր գործին գլուխն էր։

Միտքս կուգայ որ հարցուցին ատենով մէկուն թէ ի՞նչ ծառայութիւն ըրած էր ազգին. անիկա պատասխան տալու տեղ իր զաւակները ցուցուց։

Մանուկ Ասլանեան եթէ իր զաւակները ու թոռները ցոյց տար միայն, լիովին իր պարտքը հատուցած պիտի ըլլար։