Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆԳԻՐ ԴՊՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՌԱԿՔ

Վահան Վարդապետ Տ. Մինասեան հայ գրականութեան մէջ նորեկ մը չէ. կրօնական նիւթերու վրայ շատոնց կը գրէ օրագիրներու մէջ. ընթերցողները, հարկաւ, մեծ բան մը հասկցած չեն այդ եբրայեցերէնով, գրաբարով ու Սրբազան պատմութիւնով համեմուած գրուածներէն. բայց Վահան վարդապետ մէկէ աւելի լար ունի աղեղին վրայ. ամենքը ախորժանօք կարդացին իր անձնական յիշատակները այնքան մտացի ու զուարթախոհ ոճով մը գրուած, նուրբ ու միշտ ճաշակաւոր հեգնութեամբ մը՝ վայելչատես խառնուած։

Վահան վարդապետի կատակասէր եղանակը հաճելի է ինծի եւ էտք է խոստովանիլ որ այս սեռը ամենէն դժուարիննէ գրականութեան մէջ։

Այս անգամ առակներու շարքով մը այս գրագէտը հրապարակ կ’ելլէ եւ բարեբաղդ զարտուղութիւն մը բերելով մեզի՝ իր բարոյախօսութիւնը անձուկ ու տղայական բան մը չէ։

Այս առակներով տրուած խրատները՝ մարդկային կեանքի ամեն կերպ երեւոյթները կ’ընդգրկեն միշտ, եւ ամբողջութիւն մը կը ներկայացնեն որորվ բարոյականի կը գտնէ վերստին իր մեծութիւնը ու բարձրութիւնը՝ զորս կորսնցնելու մօտ էր մէկ երկու հրապարակագիրներու սեղմուած հասկացողութեանը մէջ։

Այս իսկ պիտի բաւէր որ շնորհաւորէինք հեղինակը. բայց այս գիրքը աչքէ անցունողները անկէ գոհ մնալու դեռ ուրիշ շատ պատճառներ պիտի ունենան։

Վարդապետը համաբաւաւոր է արդէն իր սրախօսութիւններովը՝ յատկութիւն մը զոր մեր գաւառացիները ընդհանրապէս այնքան ունին եւ որուն քով Պոլսեցւոց խօսակցութիւնը՝ ճշմարիտ տափակութիւն մըն է միայն։

Վահան վարդապետ իր համբաւին արժանի կերպով գրած է այս գործը, այնքան նրբամտութեամբ որ, եթէ վարդապետ չըլլար, պիտի ըսէի թէ սատանի չափ խելք ունի հեղինակը։

Անոնք որ անհամ դասախօսութիւններով հանրութիւնը հրահանգելու յաւակնութիւնը ունին, թող ձեռքերնին չառնեն այս գիրքը որ խնդացնելով, զուարճացնելով խրատելու սահմանուած է։

* * *

Վահան վարդապետի գործը բոլորովին հայկական համ ու հոտ ունի. ֆրանսական գրականութենէն մուրացածոյ ոճեր՝ մուտք չունին իր գրքին մէջ. ընդհակառակը իր լեզուն՝ շարունակ գեղջուկ ու պարզ խօսուածքն է գիւղացիին։

Տեղ տեղ բարեյիշատակ Սրուանձտեանց եպիսկոպոսը կը յիշեցնէ եւ կ’զգաս որ նոյն սիրտն է գուցէ որ կը բաբախէ հոս ալ. թէեւ ոչ այնչափ տրոփուն։

Ահա այս ինքնատիպ եւ իսկապէս հայկական գրականութեանը համար՝ Վահան վարդապետի գործը յիշատակութեան արժանի է այնքան աւելի որքան հայերէն գրողներուն ու հայերէն զգացողներուն թիւը երթալով կը նուազի, մեր գիւղացիի անկեղծ խնդուքին ու բարեմիտ կատակին տեղ՝ ֆրանսական անմիտ blague [1] կ’անցցնի։

Այս հանգամանքներով, վարդապետին գիրքը կը յանձնարարենք Իզմիրեանցի մրցանակի յանձնաժողովին, որուն դէմ անճահ կերպով ատեն յայտնուած գանգատները չեն կրնար սքօղել սա ակներեւ ճշմարտութիւնը՝ որ մինչեւ ցարդ եղած բոլոր բաշխումներով արժանիքը վարձատրուած է միայն։

Հռովմէական վարդապետներ կրնան պատմական ուսումնասիրութիւններ ընել առանց վիրաւորելու մեր համոզումները՝ որոնք իրենց ենթադրական ստուգութիւններուն չափ գոնէ յարելի են։

Այսպէս, բուն ազգին զգացման թարգման եղած է Յանձնաժողովը չի վարձատրելով այն գիրքերը, որոնք պատմական հետազօտութեան պատրուակի մը տակ, մեր ամենէն նուիրական համոզումները խախտելու կը միտէին։

Իզմիրեանց մրցանակը համաշխարհային գիտութեան համար հաստատուած մրցանակ մը չէ. էապէս ազգային-գրական այս պսակը ճշմարիտ ու անկեղծ ազգային գրուածքի մը ճակատը միայն կրնայ դրուիլ. եւ ահա այս պատճառով Վահան վարդապետին գործը անժխտելի իրաւունք ունի զայն ստանալու։



[1]            սուտ, սնոտիապաշտութիւն