Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԵՏՐԱԿԷՍ ԷՋ ՄԸ

Հայոց բարոյականը մաքուր պահելու համար քանի մը ծանօթ խմբագիրներէ կազմուած Յանձնաժողովը փութոյ պնդութեամբ իր աշխատութիւնը յառաջ տանելու վրայ է։

Յանձնաժողովին գրասենեակը՝ քանի մը փայտէ աթոռակներով կահաւորուած է միայն։ Թիկնաթոռները ու վարագոյրները յատկապէս վերցուած են. առաջինները մեղկութեան կոչում մը ընելնուն եւ երկրորդները՝ գաղտնապահ հանգամանք մը ունենալնուն համար։

Չորս մերկ պատերուն վրայ պատկեր եւ կամ գծագրութիւն չկայ. ճերմակ ջրաներկի մը միակերպ ցոլացումը՝ բաւ սեպուած է իբրեւ անբիծ նշանակ մաքրութեան։ Պատի օրացոյցն անգամ, որ ուրիշ ամեն տեղ՝ գեղեցիկ ընկան մը պատկերին կցուած ըլլալուն համար ուշադրութիւն մը կը հրաւիրէ, հոս՝ ալեւոր եպիսկոպոսի մը պատկերին փակած է։

Բարոյականի պաշտպան խմբագիրները սովորական մահկանացուներու պէս չեն հագուիր. բուրդէ ու բամբակէ պատրաստուած զգեստները՝ իբրեւ մարմնական ջերմութիւն ու գրգրռութիւն պատճառող տարազ՝ մերժուած են։ Ֆրանչիսկեան կրօնաւորներու նման՝ այս մարդիկը ձորձէ երկայն վերարկուներ ունին իրենց կռնակը, որոնց սուր թելերը իրենց մարմինը կը խածատեն միշտ եւ թոյլ չեն տար վատ ու շուայտ խորհորդներու։ Իրենց ձեռքի գրիչը մեր գիտցած նեղ ու երկայն փայտէ գլանիկը չէ. այլ արոյրէ հատուածակողմ քառակուսի ձող մը՝ որուն սուր անկիւնները զայն բռնող ձեռքին փայփայումը կը մերժեն։

Այս խստաբոյր մթնոլորտին մէջն է ահա որ մեր բարոյականը՝ նոր գրականութեան մը յարձակումներուն դէմ պաշտպանելու միջոցներուն վրայ կը խորհուի։

Յանձնաժողովը դիտած է նախ որ անբարոյականութիւնը՝ նոր իսկ Քերականութեան միջոցով մուտ գտած է մեր մէջ։ Չէ՞ մի որ երկրորդ երեսէն արականի, իգականի բաժանումը նշանակուած է եւ ադկէ սկսելով ամեն մէկ էջին մէջ չեն պակսիր անբարոյականութեան առաջնորդող բացատրութիւններ, բառեր ու կանոններ։

Քերականութեան սրբագրութիւնը՝ իրեն գլխաւոր գործ ընել առաջադրած է Յանձնաժողովը։

Անգաղտնապահ չի կոչուելու համար չենք ուզեր իրենց բոլոր կարգադրութիւնները ամբողջապէս ծանօթացնել հիմակուց. բայց մեր ընթերցողներուն արդար հետաքրքրութիւնը յագեցնելու համար կրնանք այժմէն գաղափար մը տալ կատարուած բարեփոխութեանց վրայ։

Արական ու իգական չկայ այսուհետեւ. ամեն ինչ համասեռ պիտի ըլլայ։ Յանձնաժողովը չկրնար թոյլ տալ որ ութը տասը տարու տղաք՝ սեռական տարբերութեան աղիտաբեր գիտակցութիւնը Քերականութեան մէջ սկսին։

Բայերուն մէջ՝ առաջին լծորդութեան իբրեւ օրինակ գործածուող սիրեմ բային տեղ այսուհետեւ ուտեմ բայը պիտի դրուի որ թէեւ անկանոն, բայց դարոս դրական պահանջմաց աւելի կը համաձայնի քան թէ սիրեմը որ տղայոց միտքը գրգռելէ ուրիշ բանի չի կրնար ծառայել։

Մակբայներուն մէջ վնասակար բառ մը գտնուած չէ ցարդ. բայց շաղկապը իբրեւ երկու պարբերութիւններ, երկու անդամներ իրարու միացնող բառ մը ջնջուած է այնուհետեւ։

Յանձնաժողովը կը մտածէ որ այս շաղկապին վրայ յայտնի կերպով տեսնուած միջնորդի դերը՝ բարոյական Քերականութեան մը խստապահանջ կանոններուն մէջ տեղ չկրնար ունենալ։

Նոյնպէս ձայնարկութիւնները վերցուած են այսուհետեւ. վասն զի ոչ թէ գաղափարները այլ զգացումները բացատրելու պաշտօն մը ունին եւ ասով բոլորովին վերացական ու հետեւապէս վնասակար հանգամանք մը կը ներկայացնեն։ Արդարեւ, ձայնարկութիւնները առօրեայ դրական պէտքերու մէջ չեն կրնար գործածուիլ. չըսուիր զոր օրինակ «ո՜հ սա ստակս տուր», բայց շատ վայելուչ կերպով կ’ըսուի «ո՜հ կը սիրեմ զքեզ»։ Կը տեսնուի ուրեմն թէ որքա՜ն բանաւոր է Յանձնաժողովին որոշումները։

Բառագիտութեան պէս՝ Համաձայնութեան մասն ալ մեծ փոփոխութիւններ պիտի կրէ. նախ անունը, համաձայնութիւնը, մտերմութիւն չի՞ նշանակեր եւ մտերմութենէն մինչեւ սիրահարութիւն քայլ մը միայն կայ. ուստի համաձայնութեան տեղ պիտի դրուի Տարաձայնութիւն։ Յետոյ, այսուհետեւ ոչ սեռի խնդիր պիտի ըլլայ, ոչ բնութեան։ Քերականութի՞ւն պիտի սորվին տղաքը թէ ուրիշ բան։

Ահաւասիկ գաղափար մը տուինք Քերականութեան վրայ խորհուած բարեփոխումներու մասին. դպրոցական նախակրթութիւնը ձեւացնող միւս գիտութիւններն ալ զուրկ չպիտի մնան այս կարգի փրկուաւէտ սրբագրութիւններէ, որով հայոց աւանդական մաքուր բարոյականը՝դաստիարակութեան պատրուակաւ՝ չպիտի եղծանի դպրոցներուն մէջ։

Որչափ որ տեղեկացանք, Թուաբանութեան մէջ չորս գործողութիւն անունը պիտի վերցուի. Յաւելումը եւ Բաժանումը պիտի մնան. բայց Հանումը ու Բազմապատկութիւնը, իբրեւ անպատեհ յարաբերութեանց փոխաբերութիւն, ուրիշ անուններով պիտի ճանչցուին ասկէ վերջը։

Նոյնպէս իսպառ մերժուած է Յառաջատուութիւնը նոր Թուաբանութենէն։

Աշխարհագրութենէն ալ պիտի վերցուին Պարանոցը, Ծոցը որոնք հեշտախտիկ բան մը ունին ու մարմնական մերկութեան հետ ակներեւ առնչութիւն։ Հրաբուխը ու Երկրաշարժը, նոյնպէս վնասակար ակնարկութիւններ պարունակող բառեր՝ չպիտի մնան։

Ասոնք եւ ասոնց նման են նախնական դաստիարակութեան մէջ ներմուծուելիք փոփոխութիւնները որոնց շնորհիւ հայ մանուկներու բարոյականը նոր կրթութեան աւերումներէն զերծ պիտի մնան։

Նոյնպէս, իբրեւ նախազգուշական միջոց, պզտիկ շաբաթաթարթի մը միջին երեսին ու մեծ օրաթերթի մը առաջին երեսին ընթերցումը պարտաւորիչ պիտի հռչակուի վարժարաններուն մէջ։

Յանձնաժողովը՝ անկէ վերջը պիտի սկսի չափահասներու բարոյականին համար իր արդիւնաւոր աշխատութեանց շարքը, որոնց մասին մեր ձեռք անցուցած տեղեկութիւնները պիտի տանք յաջորդ թիւերով։