Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՌԱ՞Ջ ԹԷ ԵՏ

Առջի ժամանակներուն հետ դաղդատելով՝ ուսուցչական վիճակին բարւոքումը մատնանիշ կ’ընեն ոմանք։

Նորէն ընդհանորին համոզումին մէջ զարտուղութի՞ւն մը պիտի ըլլայ իմս, երբ ընդհակառակը, ուսուցչական ասպարէզը հետզհետէ անկեալ գտնեմ։

Չէ որ մեր ուսուցիչները արժանիքով թերացած ըլլան իրենց նախորդներէն, բայց ապահովապէս արժանապատուութեան տեսակէտով շատ ակաս են այն պատուելիներէն զորս հիմա, երեսուն քառասուն տարի վերջը, ծիծաղելի կը գտենք։

Իրենց ատենին, բարոյական մեծ ազդեցութիւն մը ունէին անոնք ազգին մէջ, իրենց ձայնին պատկառանքով կ’ունկնդրուէր, իրենց կարծիքը միշտ աւելի կը կշռէր քան թէ ամիրային կամքը։ Պատուելի՞. այս անունը անգամ նախկին ուսուցիչներուն վայելած ընդհանուր համակրութեան ու մեծարանքին ապացոյցը չէ՞։

Հիմա բառին հետ՝ որ հնութիւն կը հոտի՝ մէկդի ըրած ենք նաեւ այն հանգամանքը որ այդ բառը յիշեցնել կուտայ մեզի. Պատուելի՞. ի՛նչ տխուր հեգնութիւն մը պիտի ըլլար այժմ այս բառը՝ յատկացուելով անոնց զորս ամենէն քիչ կը պատուենք մեր հասարակութեան մէջ։

* * *

Պատճառը այն է որ ատենով մեր գործի մարդիկը նիւթական աւելի նուազ յաջող դիրք մը ունենալնուն համար ինքզինքնին աշխարհի իմաստնագոյն անձը ենթադրելու ունայնամտութիւնը չունէին։ Հիմա տարբեր է կանոնը. ընդունւած ճշմարտութիւն մըն է որ խելքին զօրութիւնը ու քանակութիւնը ուղիղ համեմատութեան մէջ է սնտուկի մէջի ոսկիներուն թիւին հետ. մարդս այնչափ աւելի խելացի է որքան դրամ ունի. կը կարծէ՞ք որ անխելքութեամբ կամ դիպուածո՞վ կը շահուի դրամը. չտեսա՞նք հրապարակագիրները որ այս վարդապետութիւնը ջատագովեցին։

Դարավերջիկ ու սկեպտիկ այս գաղափարը կը բացատրէ մեր ուսուցիչներուն լքեալ ու անտեսեալ վիճակը։

Դասատու մը միշտ ուսեալ մարդ կը համարուէր բաղդատմամբ արհեստաւորի մը, սեղանաւորի մը, վաճառականի մը. իր խորհուրդներուն պէտքը կ’զգացունէր. իր գիտութիւնը՝ ոսկիներու փայլին առջեւ չէր նսեմանար։ Պատուելին՝ պատուի տեղը, իր մասնաւոր իրաւունքները ունէր ու համառութեամբ կը պահպանէր զանոնք։

Եւ պէտք է ափսոսանքով խոստովանիլ որ մեք հրապարակագիրներս չպահեցինք զինքն այն պատուի տեղը որ մեր աւանդութեանց մէջ յատկացուած էր իրեն։ Ծաղրելով, պարսաւելով ու նախատելով, ստորնացուցինք զինքը ամենուն առջեւ եւ բերինք այն նկուն ու ողորմուկ վիճակին՝ որ այնքան կը նմանի ծպտեալ սպասաւորի մը զգոյշ կեցուածքին։

* * *

Քիչ մըն ալ իրենք զիրենք պզտիկցուցին. քիչեր կան որ իրենց աշտօնին մեծութիւնը ու սրբութիւնը գիտնելով՝ անոր պատշաճ անհատական կեանք մը ունեցան։ Գիտենք որ հրապարակագիրներ կան որ հանրային աշխատաւորի մը անհատական կեանքը չեն փնտռեր, չեն պրպտեր. անթափանց քօղով կը պահեն ներքին կեանքը ու չեն խառնուիր անոնց. մենք այդ կարծիքին չենք ու չպիտի կրնանք ըլլալ. կեանքը բաժանումներ չունի. ներքին կեանք ու արտաքին կեանքը չի տարբերիր պատուաւոր մարդուն համար. չենք կրնար ընդունիլ որ ներքին կեանքով անպատիւ մէկը՝ հանրային գործունէութեան մէջ պատուաւոր դառնայ. այս երկուերեսութիւնը չպիտի կրանանք ըմբռնել երբեք։

Ուրեմն մեր ուսուցիչները ստորնացուցին իրենց վիճակը. յետոյ, իրենց բարոյական նկարագիրը միշտ տեղի տուաւ դժուարութեանց առջեւ։

Հոգաբարձութիւններուն հնարած ամեն նախատինքներուն առջեւ իրենց արժանապատուութիւնը չպահեցին ու իրենց մէջ չունեցան այն արհեստական եղբայրակցութեան զգացումները որով ինքզինքնին պաշտպանէին թաղականներուն անիրաւութեանց դէմ։

Ընդհակառակը մրցակից եղան իրարու հացը յափշտակելու ու նուազուրդի դնելու ելան իրենց արդէն կարի չնչին ամսականները։

Եւ եկան հասան այն վիճակին ուր, երեսուն տարի վերջը, իրաւամբ պարտաւոր եղանք հարցնելու թէ առա՞ջ թէ ետ գացինք։