Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՑԱՒԵՐ, ԴԱՐՄԱՆՆԵՐ

Հիւանդանոցին Հոգաբարձութիւն մը կազմելու համար ի գործ դրուած ջանքերուն ապարդիւն մնալը ուշագրաւ երեւոյթ մըն է որուն կ’արժէ որ պատճառները փնտռուին։

Մեր ազգայիններուն գթութիւնը պակսա՞ծ է այնքան, որ իր դժբաղդ ճակատագրին թողուլ ուզեն թշուառութեան այս յարգը։

Կամ թէ Հիւանդանոցը կարգի կանոնի բերելու գործը բոլորովին անհնա՞ր դարձած է արդեօք, որ ամեն ոք իր ոյժէն ու կարողութենէն վեր համարէ պատասխանատուութեամբ լեցուն այս պաշտօնը։

Եւ կամ թէ վերջին Հոգաբարձուներու հրաժարականին Ազգ. Վարչութեան կողմէն, առանց պատճառները գէթ հարցուելու, յօժարափոյթ ընդունուի՞լն է, որ անարդար վարմոնքի մը եթէ ոչ աննարգանքի մը ներգործութիւնը թողած է բոլոր այս պարկեշտ, անխօս ու գործունեայ դասին վրայ՝ ուրկէ վարժուած ենք Հիւանդանոցի Հոգաբարձուները ընտրել եւ որոնք խիստ բնական համերաշխութեան մը ապացոյցը կուտան հիմա՝ հաւաքական մերժմամբ մը պատասխանելով Պատրիարքարանի կոչումներուն։

* * *

Ասոնցմէ որն որ ալ ըլլայ բուն պատճառը, սա ստոյգ է որ Հիւանդանոցին հիմակուան խեղճութիւնը իր ծայրագոյն սահմանին հասած է։

Եթէ կատարեալ սով մը չի տիրեր հոն, գէթ անօթութիւնը դուռը ձեռք առած է. նիւթական պատսպարումը անգամ անհնար է դարձած այն իրական կամ կեղակար կարօտեալներուն համար, զոր անեռատես պաշտպանութեան մը ոգին ամեն օր հոս յուղարկելէ չի քաշուիր, աղերս մը մերժած չըլլալու քաղաքականութեամբ։ Այսպէս է որ այսօր այս Գթութեան Յարկին մէջ պատսպարուելու անարժանները հիմա հոն փոքրամասնութիւն մը արդարեւ բայց յարգելի փոքրամասնութիւն մը կազմեն։

Իմացայ որ տունի, տեղի, զաւկի տէր կիներ կան հոն՝ որոնց տղաքը իրենց մայրը ազգին ողորմութեան վրայ ծանրացնելու չեն խղճացեր. ամեն դասէ ու ամեն հասակէ դատարկապորտներ, աշխատութեան փախստականներ կան որոնք աղքատներուն հացը բերներնուն յափշտակելու տխուր արիութիւնն ունին. պարզապէս հիւրընկալուելու կամ երբեմն ալ պատիժ մը կրելու համար հոն ղրկուած եկեղեցականներ կան, որոնց դուրս ելլելը՝ երկբայելի զգաստութիւն մը ձեռք բերելով առաջնորդ ընտրուելնուն կը նայի։

Ահա առաջին կարգը, զոր ուժով մաքրողական մը ստիպողաբար պէտք է դուրս վանէ Հիւանդանոցի բազմակարօտ հարկէն։

* * *

Ասկէ վերջը, ամենէն ստիպողական բանն է Որբանոցը զատել, բոլորովին զատել, բայց անմիջական կերպով զատել հիւանդանոցէն, յատուկ տեղ եւ յատուկ Խնամակալութիւն մը հաստատելով որբերուն համար։

Այն անիմաստ կարգադրութեանց երկար շարքին մէջ, որ Հիւանդանոցին պատմութիւնը կը ձեւացնէ, ապահովապէս ամենէն անիմաստը՝ որբերը հիւանդներու մօտ պահելն է։

Տղայութիւնը՝ թշուառութեան քովը, իմ աչքիս՝ գերեզմանի մը վրայ նետուած ծաղիկի մը նմանի, եւ ասկէ աւելի տխուր բան մը չեմ երեւկայեր։

Ուրեմն որբերուն համար շո՛ւտ տեղ գտնելու ու անջատ Խնամակալութիւն մը կազմելու գործը յապաղում չընդունիր. այդ Խնամակալութիւնը՝ եթէ կազմուի, կը տաւատանք որ դիւրաւ իտի յաջողի ասոնց պատսպարութեան համարպէտք եղած ծախքերը ճարելու գործին մէջ, առանց բեռ ըլլալու Հիւանդանոցի կարի անձոկ պիւտճէին վրայ։

Որբանոցը՝ Արհեստանոցի վերածելու փորձերը, որոնք բաւական յուսատու են, այս կերպով աւելի եւս կրնան արդիւնաւորուիլ եւ նոյն իսկ հասոյթի աղբիւր մը ըլլալ այս Հաստատութեան համար։

* * *

Իսկ ազգին կարօտ անկեալներուն համար ալ, նոյնպէս անհրաժեշտ կը կարծեմ, Հիւանդանոցէն անջատ հաստատութիւն մը հիմնել, եւ այդ կարգի աղքատներուն մուտքի պայմանները եւ գլխաւորաբար ասոնց թիւը յատուկ կանոնագրութեան մը ճշդելով, այս հաստատութեան համար հասոյթի զատ աղբիւրներ փնտռել ու գտնել։

Այս տեսակ բարեգործական ձեռնարկութեանց սկիզբը միշտ առաջ նետուելով յաջողութիւնը կ’ապահովուի. եռանդով ու հաւատքով պէտք է գործել եւ ոչ թէ վարանումով։

Ամեն պարագայի մէջ ի՞նչ կը կորսնցնենք եթէ իրարմէ զատենք այս երեք բոլորովին տարբեր հիմնարկութիւնները, որոնք իրարու հետ ո եւ է առանչութիւն չունին արդէն։

Եթէ նոր նոր հասոյթներ չստեղծուին, վիճակը նոյնը կը մնայ՝ ինչ որ արդէն այսօր, եւ այս պայմաններուն մէջ ամեն կերպով ողբալի վիճակ մը նախադաս է այն զոր կը պահանջենք ահա մեր բոլոր ոյժովը։

Այն ատեն, եւ ա՛յն ատեն միայն, Հիւանդանոցը կարող պիտի ըլլայ իրապէս բժշկութեան տուն մը դառնալ. եւ իրմէ ակնկալուած օգուտը ընծայել, փոխանակ ծոյլերու ապաստարան կամ պատժային գաղութ մը ըլլալու՝ ինչպէս որ է այժմ։

Հիւանդանոցի համար տրուելիք մաքրողականը հարկ է որ ազդէ նաեւ անոր որջացեալ պաշտօնեաներուն երամին վրայ, զոր խմբովին առանց եւ ոչ մէկին համար բացառութիւն մը ընելու ճամբելը, բարեկարգութեան առաջին գործը կը դաւանինք։

* * *

Այս առաջարկութիւնները քիչ օէն ընդունած տեսնելու միամտութիւնը չունինք. պաշտօնական նկատառումը ձեւակերպութեանց ենթակայ չեղող լրագրական կարծիքները, ափսո՛ս, հանրային խղճմտանքի միայն գոհացում տալու փառասիրութենէն աւելի բանի մը գիտենք որ չեն կրնար տենչալ։

Բայց փոյթ չէ. եւ վերջապէս չէինք կրնար ականջնիս խցել, երբոր այնքան սաստիկ կերպով կը բարձրանայ թշուառներուն ձայնը, այդ հեռաւոր ու լքուած անկիւնէն՝ ու ազգին հիւանդները մնալու դատապարտուեցան քանի մը մարդոց կամակորութեամբը։