Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՒԵԼԸ

Տանտիկին հասարակութիւն մըն ենք. աւելը, լուացքը, տախտակ սրբելը կը սիրենք։

Մաքրութեան այս սէրը, զոր շատ անգամ երեսնուսզարկած են, ընտանեկան յարկէն անդին անցած չէ սակայն. այնպէս որ մեր հանրային ասպարէզները փոշիով գէթ, եթէ ոչ ուրիշ աղտեղութեամբ, լեցուն են միշտ։

Եւ տարիներ անցնելով այնքան թանձրացած է խաւը որ ամենէն տոկուն մարդն իսկ աւելը ձեռքը առնելէ առաջ իրաւունք ունի վարանելու։

Տախտակամածէն վեր ելլելիք փոշին այնքան հեղձուցիչ բան մը ըլլալ կը խոստանայ որ անոր մէջ կուրնալու կամ շնչասպառ մնալու վախը ինքնին կ’արդարանյ։ Ընդհանուր վարանումին մէջ, Օրագրութեան կ’իյնա նորէն օրինակը տալ, եւ քաջալերուելով այն համակրութիւններէն որոնք իր անշահախնդիր ջանքերը կ’ողջունեն, ինքը մատնանիշ պիտի ընէ հանրային ուշադրութեան՝ այն մութ անկիւնները ուրկէ պէտք է սկսիլ, առողջապահիկ կանոնները ի գործ դնելու։

* * *

Մեր առաջին մտածումը չի կրնար հարկաւ մեր ողորմելի դպրոցական գործունէութենէն զատ բանի մը դառնալ։

Այն կուրացումին մէջ, որ առհասարակ ինքզինքնին հաւնող ամեն մարդու եւ յատկապէս մերին պատուհասը եղած է, չենք տեսած կամ չենք ուզած տեսնել որ հայրենակից ուրիշ հասարակութիւններ ո՜րքան արագաքայլ կը յառաջդիմեն կրթութեան մէջ։

Մեր թուրք հայրենակիցներուն այս շաւղին մէջ կտրած ճամբան այնքան մեծ է որ հիացումով միայն կրնանք զայն գնահատել։

Նախնական, բարձրագոյն կրթութեան ու մասնագիտական ուսուցման հաստատութիւնները ամեն տարի շարունակ դուրս կը բերեն կարգ մը զարգացած երիտասարդներ, որոնք ամեն ասարէզներու մէջ իրենց արժանիքը կը հաստատեն։

Թուրք օրագրութեան վրայ պզտիկ ակնարկ մը կը բաւէ ըմբռնելու համար այն հզօր գործունէութիւնը, որ իրենց գրական ասպարէզին մէջ ամեն առթիւ կը տեսնուի։

Ասոր դէմ, մեր կիսակատար սերտողութիւններով կցկտուր բառերով, թութակօրէն միտք պահուած բացատրութիւններով միայն պարծենցող պատանիներու, երիտասարդներու շարք մը, որոնց տգիտութեան անեզրութիւնը՝ իրօք ապշեցուցիչ է։

Եւ ասոնք իրօ՞ք զաւակներն են այս աշխատասէր, ուշիմ ու խելացի տոհմին որ Տաճկաստանի մէջ յառաջդիմութեան տարր մը ըլլալուն այնքան փայլուն ապացոյցները տուած էր միշտ։

Ապաքէն այս նուաստացումը դժուար չէ գուշակել. ազգին կրթական հաստատութիւնները միառմի չքացած, ուսուցչական մարմինը՝ խոտորած ու պարտականութեանցը… ստորոտը ինկած պահուն՝ մեր տղոցկրթութենէն ակնկալելիք բան մը մնացած չէր։

Եւ երբ մեր հասարակութիւնը Ժողովներու, Խորհուրդներու, Կուսակցութիւններու սին վէճերովը կը հետաքրքրուէր, երբ դպրոցները թաղականի, ոգաբարձուի, տնօրէնի նախանձընդդէմ պայքարներովը կը լեցուէին, անդին ուրիշները, առանց աղմուկի, ուսանելու կը պարապէին փոխանակ մեզի պէս պարապութեամբ ուսանելու։

* * *

Յորմէ յետէ Կեդրոնական վարժարանի ուսումնական վիճակը խանգարուեցաւ, կրնանք ըսել որ ոչ իսկ նախակրթարան մը ունինք այսօր. լաւ հասկցէք ասիկա, ոչ իսկ Ծաղկոց մը։

Ու մի՛ խաբուիք Ուսումնական Խորհորդէն երբոր կ’ելլէ վարժապետանոց մը հիմնելու պէս խօսքեր կ’ընէ, այս այլանդակ գաղափարին իրաւամբ զլացուած հանրային յօժարութիւնը շարունակ պահանջելով։

Խորհուրդի մը խորհուրդ մը տալը դժուար է միշտ, բայց չպիտի քաշուիմ՝ թաղական խորհուրդներուն, ասակ երեւակայական վարժաետանոցի մը կամ կրթական տեսուչներու անունով ուզուած դրամը մերժելու խորուրդը տալէ։

Ի՞նչ պիտի ըսէինք այն մարդուն որ կռնակը շապիկ մը չանցուցած Միւռէն կամ Պօթէռէն հագուստ ապսպրելու կ’ելլէ։

Ո՛չ, այս հէք հասարակութիւնը շռայլելու դրամ չունի։

Ուսումնական Խորհորդը արդէն իր խղճին վրայ ունի՝ ամեն օր մէյ մէկ ուսուցչի վկայականով փողոցները թափած ողորմելիներու երկար շարքը, զորս անգործ թողուլը պաշտօնի մը դնելէ աւելի օգտակար կը համարինք ազգին համար։

* * *

Եւ եթէ կ’ուզէ զմեզ երախտապարտ ձգել ու իրական ծառայութին մը մատուցանել, թող Աւելը ձեռքը առնէ, Աւելը՝ որուն ծայրն ալ, կոթն ալ գործածելու տեղ կայ, եւ մաքրէ մեզի չորս գործողութիւն չգիտցող թուաբաններէ եւ ուղղագրութիւն չսորվող հայկաբաններէ, որոնց ճակատը փակցուցած ուսուցչի տիտղոսը շատ չանցած ճշմարիտ անարգանքի մը հոմանիշը պիտի դառնայ։