Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽՈՐՀՈՂՆԵՐ, ԳՈՐԾՈՂՆԵՐ

  Ուշադրութիւն ըրած էք հարկաւ որ խոլ անհամաձայնութիւն մը կայ այս երկու կարգի մարդոց մէջ, որոնք սակայն իրարու հետ միաբան աշխատելով կրնան օգտակար ու արդիւնաւոր ըլլալ։

Ընդհանուր կանոն է որ գործող մարդը խորհողը քամահրէ եւ փոխադարձաբար ընդունուած է որ խորհողն ալ գործողին չհաւնի բնաւ։

Այս ընդդիմամարտ ու անհաշտ ոգին՝ հասարակութեան մը գործունէութեան մէջ անգամ մը մտնելէ վերջը, զարմանք չէ ամեն ջանք ամուր դառնայ, ամեն ինչ իր պակասաւոր ու անբաւական վիճակին մէջ հետզհետէ աւելի եւս ուժովնայ. վասն զի մեր մէջ, ամեն մարդ անսխալ ըլլալու յաւակնութիւնը ունի եւ չի կրնար զիջանիլ սա ճշմարտութիւնը ընդունելու թէ ուրիշ մը իրմէ աւելի ուղիղ տեսնելու կամ գործելու երբեմն կարող կրնայ ըլլալ։

Ժողովական մը դրամատէր է, դրամին տարբերութիւնները հաշուելու կամ շահագործելու միջոցները ուրիշէ մը աղէկ գիտէ միշտ. ամենքը կը խոնարհին իր այս ձեռնհասութեան առջեւ, բայց ինքը այս համեստ դրուատիքովը չի կրնար գոհանալ. պէտք է նաեւ որ կրթական հարցերու վրայ իր կարծիքը հարցուի, հոն ալ գերակշիռ ձայնը ունենայ ինք։

Ուրիշ մը բժիշկ է հաստատութեան մը ողջպահիկ կանոնները կրնայ ճշդել, բայց իր փառասիրութիւնը այս սահմանը չընդունիր. յորմէհետէ իր «տօքթօր» տիտղոսը հնչեցուց Բերայի փողոցները, ահա ամենագէտ մարդը եղած է մեր հասարակութեան մէջ, եւ ամեն բանի խելք հասցնելու կը բաւէ։

* * *

Մանաւանդ թէ ճշմարիտ թշնամանք մը կ’ըլլայ իրենց երբոր հրապակագիր մը, պարզ օրագրող մահկանացու մը, իր գաղափարները, իր առաջարկութիւնները ներկայացնէ։

Բողոքը կ’սկսի։ Ի՞նչ գիտէ այն գրողը. ի՞նչ կը հասկնայ գործէն. խօսիլը, առաջարկելը դիւրին է. բայց գործադրելն ալ մէկտեղ ցուցնելու է. անոր չափ այդ բաները ո՞վ չի գիտեր եւ սովորական շարքը այս անմիտ առարկութիւններուն որոնց մէջ Անձնասիրութիւնը եւ Ունայնամտութիւնը ժամադիր եղածի պէս զիրար կը գտնեն։

Ու երբոր դէմը ելլողին այս բացատրութիւնը տալով իր լեցուն սիրտը պարպէ ըստ որում միտքը չի կրնար արպել այն ատեն ճակատը բաց կը քալէ փողոցէն, ֆէսը վեր նետած, թեթեւ ժպիտ մը իր հեգնոտ այտերուն վրայ, ինքզինքին հաւնած երջանիկի մը կամ մեծ գործ մը ըրած մարդու մը երանութեանը մէջ։

Պէտք չունի բնաւ որ պատիւ ընէ ուշի ուշով կարդալու ինչ որ օրագրողը, հարկաւ իրմէ շատ ու շատ աւելի մտածելէ ետքը, իբրեւ լաւագոյն խորհուրդը՝ համարձակած է հանրութեան ներկայացնելու։

Չըմբռներ թէ օրագրի մէկ կամ երկու սիւնակը լեցնող խօսքերը խղճմտանքի ու պատուոյ կրկին երաշխաւորութեան տակ արտասանուած խօսքեր են, որոնց կշիռը իր փոքրիկ դատողութիւններէն շատ վեր է միշտ։

* * *

Անուշադիր մարդ մը, օրագրի մը համար՝ սա կամ նա առաջարկութիւնը, այս կամ այն քննադատութիւնը ընելէն դիւրին ու զբօսեցուցիչ բան չերեւակայեր։

Ու թէ որ գիտնա՜ր որ է՛ն չնչին խորհուրդը, է՛ն անկարեւոր խօսքը զոր խղճի տէր օրագրող մը կը նետէ հասարակութեան մէջ, քանի՛, քանի՛ անգամ մտածուելէ, քննուելէ, թեր ու դէմի ամեն առակութիւնները կռուելէ վերջը միայն դուրս կ’ելլէ՛։

Թէ որ գիտնա՜ր թէ օրագրողին համար՝ ճշմարիտ երկոնք մըն է իր հէք առաջնորդող յօդուածը, որ ահա այնքան բուռն թշնամութեանց նիւթ պիտի դառնայ կամ այնքան հարեւանցի դատաստաններու կամ կանխակալ վճիռներու պիտի հանդպի։

Թէ որ գիտնա՜ր որ օրագրողը ո՛րքան պատրաստ համակրութեան ցոյցեր իրեն ընդառաջ վազող ողջագուրանքներ մէկդի դնելով է որ խորհող մարդու կարծիքը կ’արատյայտէ, երբ սակայն այնքան դիւրին էր, - ոչ թէ իր համոզումին հակառակը ըսելով, այլ լռութիւն պահելով միայն, - պահպանել այն բարեկամութիւնները որոնք իր կռնակը շոյելով՝ բերանը բռնելուն կը նկրտին։

Ո՜հ, ապահով եղէք, եթէ խղճմտանքի գոհացումէ դուրս ո եւ է նկատում ունենա՜ր իր առջեւը, երբեք չպիտի մատնանիշ ընէր Հիւանդանոցին օր օրէ վատթարացած վիճակը, կրթական ստորնացումը, մեր եկեղեցականները վեր ու բարձր բռնելու անհրաժեշտ հարկը. ո՛չ ասոնց եւ ո՛չ մէկը պիտի ընէր. գաղափարներու ետեւէն վազելու անխելքութիւնը չպիտի գործէր։