Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԽԱԼԵՑԱ՞Յ

Ուսումնական Խորհուրդը կը շարունակէ գգուել, շոյել, հոտուըտալ իր սիրելի երկու ծրագիրները որոնց մէկը՝ Կրթական տեսուչներուն, եւ միւսը՝ Վարժապետանոց մը հաստատելու կը վերաբերի։

Որքան մամուլը անգործադրելի ու անօգուտ կը հռչակէ զանոնք, որքան իրողութիւնները գան հաստատել թէ առաջինը՝ արդէն բոլորովին ջուրը ինկած է եւ երկրորդը՝ առաջինէն ոչ աւելի բաղդաւոր վիճակ մը ունի, Ուսումնական Խորհուրդը այս յայտարար նշաններուն առջեւ չընկրկիր եւ իր ծովամոյն ծրագիրները փրկելու համար ամեն ջանք ի գործ կդնէ։ Ազատարարի պարգե՞ւ մը կ’ուզէ ստանալ արդեօք։

Իզուր բովանդակ մայրաքաղաքիս Թաղական Խորհուրդները, որուն սակայն այստեղ գտնուող ազգակիցներուս բանիբուները պէտք է նկատուին, եւ որոնց միահամուռ ընդդիմութիւնը՝ հանրային կարծիքի մը հեղինակութիւնը կ’զգենու, քաղաքավար ձեւով մը կը ջանան հասկցնել որ այցելու տեսուչներու համբաւաւոր ծրագիրը՝ իրենց աչքին՝ չունի այն բազմադիմի առաքինութիւնները որոնք Ուսումնական Խորհուրդը շլացուցած են։

Ապաքէն միշտ դժուար եղած է ծնողի մը համար խոստովանիլ որ իր զաւակը անշնորհք մէն է. այցելու տեսուչներու գաղափարը յղացող մարմինը՝ գէթ պատուակալ ծնողի մը դերը ունի հոս։

* * *

Իսկ նախապատրաստական Վարժապետանոցի ծրագիրն ալ, իր անդրանկին պէս կ’սկսի պաշտօնական ձեւակերպութեան ոլորապտոյտ շրջանը։ Ուսումնական Խորհրդին վերջին նիստի արձանագրութիւններուն մէջ կարդացինք որ այս ծրագիրը քիչ օրէն Քաղաքական Ժողովին ներկայանալու պատիւ պիտի ունենայ։

Կ’երեւի ուրեմն, որ հաստատամտութիւնը՝ Ուսումնական Խորհրդին պակսող առաքինութիւն չէ, որպէսզի չըսուի որ ծուռ ճամբու մը մէջ յամառութենէ ուրիշ բան մը չէ ասիկա, Մասիսի մէջ հրատարակուած դիտողութեանց ի պատասխան՝ Ուսումնական Խորհուրդը կը բաւականանայ Վարժապետանոցին քովի նախապատրաստական բառը նօտր գրով նշանակելու, թերգւս մեր աչքը մտնելու համար։

Նօտր գիրը այս կերպով պատասխանի մը տեղ կը բռնէ. լակոնական ոճի Դելփեան պատգամներուն քով կրնանք դասել համրելու յատուկ այս եղանակը։

Եթէ գիտնային սակայն որ այս գեղագրութիւնը՝ բառի մը ուշադրութեամբ կարդացուելուն օգուտ մը պիտի ունենար, ամբողջ Մասիսը ծայրէ ծայր նօտր գրով կը հրատարակէինք այսուհետեւ։

* * *

Ասկէ առաջ, երբ Վարժապետանոցի մը առաջարկութիւնը քննարկեցինք այստեղ, անոր նախապատրաստական կամ տարրական հաստատութիւն մը ըլլալէն առաջ բերուելիք առարկութիւնն ալ քննած ու հերքած էինք. ուստի այս փաստը տպագրական սովորական տառերով հրատարակելուն մէջ ո եւ է անպատեհութիւն մը չի կար։

Ըսուեցաւ այս առթիւ որ այս կերպ Վարժապետանոցի համար ուսուցիչ չի պակսիր մեզի. կան ոմանք ալ որ Կեդրոնական վարժարանը Վարժապետանոցի մը վերածելու փափաքը կը յայտնեն։

Այս վերջին գաղափարին վրայ չենք գիտեր թէ ինչ կը խորհի անոր Խնամակալութիւնը. կ’ընդունի՞ արդեօք որ իրենց յանձնուած այս դպրոցը քամելէօնի այլակերպութիւններովը տառապի. բայց Կեդրոնական Վարժարանին ուսուցչական մարմինն ալ եւրոպական նոյն իսկ տարրական վարժապետանոցի մը ուսուցչական մարմնի հետ մրցման մէջ մտնելու փորձութիւնը չի կրնար ունենալ։

Կը ճանչնանք մեր ուսուցիչներէն ոմանք որոնց տաղանդը ու կարողութիւնը կ’ողջունենք ու կը յարգենք միշտ։

Բայց կրթական ծրագրի մը ամեն ճիւղերուն համար այս տաղանդով ու կարողութեամբ օժտուած ուսուցիչներուն պակասը՝ հարկաւ չի ահանջուիր մենէ որ աւելի եւս շեշտենք ու անհատական վիրաւորանքներու յանգինք։

* * *

Սակայն էական բանը ասանկ հաստատութեան մը համար, ըսի եւ կը կրկնեմ, իմացական միջավայրի խնդիրն է։ Ինքնազարգացումը՝ անկարելի բան մը չէ, բայց ո՛չ ամենուն տրուած է ան եւ ոչ դիւրին ու կատարեալ կ’ըլլայ։

Ունկնդրութեան մը մէջ՝ զոր Ս. Պատրիարք Հայրը պատիւ ըրած էր ինծի շնորհելու, տեսայ որ Եւրոպայի համալսարանները ուսանող ղրկելէ աւելի՝ հոս Վարժապետանոց մը հաստատելու գաղափարին հակամէտ է Օրմանեան Պատրիարք։

Ես իմ ընդդիմութիւնս բացատրեցի այն ուժգնութեամբ զոր սովոր եմ բոլոր համոզումներուս հետ հրապարակ նետելու։

- Անպատճառ համալսարանական կրթութիւն պէտք է մեզի, Սրբազան Հայր, ըսի իրեն, անկէ զատ հնար չի կայ։

Եւ երբ մտերմութեան վայրկեանի մը մէջ, զոր այնքան շնորհալի ընծայել գիտէ, Հայոց Պատրիարքը ինծի ցոյց կուտար Փիլիսոփայութեան, Աստուածաբանութեան եւ Եկեղեցական օրէնսգիտութեան իր երրեակ վկայագիրները, աւելցուցի.

- Ձեր Պատրիարքական ընտրութեան է՛ն արդար ատճառները չե՞ն միթէ ասոնք։

Սխալեցա՞յ։