Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՐԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Երբոր մեր խմբագրատունէն ներս մտաւ, սեւ վերարկուն պատին քսելով, քամակը ծռած, խոնարհ ու արգահատելի երեւալու յայտնի ճիգով մը, համակրելի բան մը չի գտանք վրան։

Գիտէինք արդէն որ այս թափթփած զգեստներու տակ պահուըտող անձը բաւական հարստութեան մը տէրն էր եւ, տօմինօ մը վարձելու պէս, առժամանակեայ կերպով փոխ առած իր ողորմուկ ձեւերուն հակառակ՝ այս մարդը ահարկու նշանակութիւն մը ունէր իր տեղը։

Ճարպիկ ու սպրդող մարդ էր. աչքի քթթումով մը, խօսուածքին մէջ դրած մասնաւոր շեշտովը՝ շատ աւելի բաներ կը հասկցնէր քան ինչ որ իրօք դուրս կ’ելլէր իր բերնէն։

Սխալ մը միայն, այն ալ մեզի դիմելն էր, ողոքիչ ձայնով մը որ միտքերնիս է դեռ.

- Վայրկեան մը ձեզի հետ մասնաւոր տեսնուիլ կը խնդրեմ…

Կարծեր էր, որ մասնաւոր տեսնուիլը մեր փոթփոթած երեսը պիտի ժպտեցնէր եւ մեծ եղաւ զարմանքը երբորճամբայ դրանք զինքը չոր ու ցամաք կերպով մը որուն նշանակութեանը վրայ չէր կրնալ երկմտիլ։

- Զբաղած ենք, ներեցէք։ Մէյ մըն ալ չերեւցաւ մեր խմբագրատունը՝ իր խոստմնալից ձեւերուն ծլումին ու փթթումին նպաստաւոր մթնոլորտ մը չունէր. այն օրէն զգաց ասիկա ու հեռացաւ մենէ աւելի պատշաճ միջավայր մը փնտռելով իրեն։

* * *

Կրօնական Ժողովին առջեւ՝ միեւնոյն ես մեղաւորսի ձեւերովը, հնդիկ ֆաքիրի մը պէս կուրծքը ու կռնակը ծեծելով, իր հակառակորդներուն ոտքին տակ փռուած զոհի մը հառաչանքներով, յաջողեցաւ գթութիւն շարժել երբ պատուհասող Արդարութեան մը համար ու հաշիւ տալու եկեր էր հոս։

Իր անխնամ ու մացառուտ մօրոքին, իր կապոյտ ու ատեն ատեն արցունքով փայլփլող աչքերուն նայեցան ու խղճացին. այս մարդը պատմուածին չար մէկը չէր երեւար. ցցուած քիթը պահանջկոտ ու խիստ բնաւորութիւն մը ցոյց կուտար. անհանդարտ նայուածքը, որուն մէջ խորամանկութիւն մը կը կարդացուէր, այո՛, քիչ մը շահամոլութիւն ալ կը մատնէր։

Բայց ցարդ այս տեսակ ռամիկ ու հանապազօրեայ մեղքերու համար ոչ ոք դատապարտուած էր եւ այս Պոնտոսցի քահանայէն սկսիլն ալ արդար չպիտի ըլլար։

Այս բոլոր խորհրդածութիւնները Կրօնական Ժողովը մտքէն անցուցած ըլլալու էր եւ կ’ենթադրենք որ միջին ու հաշտարար բան մը ընելու դիտաւորութեամբ, որոշում տրուեցաւ, որ այս մարդ իր քաղաքը վերադառնայ այն պայմանով սակայն որ այսուհետեւ թեմական գործերու չի միջամտէ բնաւ։

* * *

Հաշտարար որոշումների ճակատագիրն է հակասական ըլլալ, եւ ոչ մէկի կողմից գոհացում տալ։

Յայտնի է որ արգիլել՝ եկեղեցականի մը ազգային գործերու խառնուելէ դատապարտել է զայն. վասն զի ի՞նչ տեսակ եկեղեցական մըն է այն որուն ազգին գործերը չեն վստահուիր։

Միւս կողմէ արտօնեալ զինքը որ իր քաղաքը վերադառնայ, հոն ուր ամբողջ հասարակութիւն մը իր կեղեքումներէն կը գանգատէր, արդարացնել զինքը եւ այս գանգատները անհիմն հռչակել է։

Եւ բնական է որ մեկնութիւնները չի պակսին այս մարդը չքմեղացնելու աշխատողներուն եւ ակներեւ այս գայթակղութիւնը, իբր չնչին բան մը, պարտկողներուն դէմ։

Հանրային խղճմտանքը, որ ենթադրուած են շատ աւելի խստապահանջ ու մանրազնին է, ծանրապէս վիրաւորուած պիտի ելլէ դուրս, այս անակնկալ բարեսրտութեան տեսարանէն։

Այսքա՛ն հռչակուած չարաշահութեան մը հանդէպ կրօնական իշխանութիւնը իր խստութիւնը կորսնցնելով՝ տարօրինակ կերպով կ’արդիւնաւորէ ահա այս մարդուն ողոքիչ ու սպրդուն ձեւերը։

Օրտուի քահանային իբր անբիծ տատրակ մը այս դատաստանէն դուր ելլելովը հոս ոչ ոք կը խաբուի, եւ այս արծաթափայլ սպիտակութիւնը զմեզ չի զարմացներ։

Բայց կը խորհինք մեր Օրտուի հէք ազգայիններուն վիճակին եւ առհասարակ՝ բոլոր գաւառացի ազգակիցներուս՝ որոնց երբեմն միեւնոյն բաղդը վիճակած է։

Ահաւասիկ եկեղեցական պաշտօնեայ մը որուն մասին յայտնուած գանգատները այնքան յաճախ էին եւ ամբաստանութիւնները այնքան միահամուռ եւ ծանրակշիռ հանգամանք մը առած, որ Տրապզոնի Առաջ. [նորդական] փոխանորդը անձամբ Օրտու երթալով, իր կատարած քննութեանց երեւան բերած արդիւնքին վրայ, այս քահանան մայրաքաղաքս կանչել եւ դատաստանի ենթարկել տալու հարկը կը տեսնէ։

Ի՞նչ կը պատահի ասկէ վերջը, ոչ ոք գիտէ. իրօ՞ք կը տեսնուի կանոնաւոր դատաստան մը եւ ի՞նչ է պատճառը եթէ չի տեսնուիր. ինչո՞ւ այս մշուշը որ այս կարգի խնդիրներուն վրայ կը տարածուի միշտ։ Կարելի չէ՞ր արդեօք որ Ս. Պատրիարք Հայրը, որուն բարձր արդարասիրութիւնը ամենուս ծանօթ է, իր ձայնը ուժով մը լսելի ընել տար Կրօնական Ժողովին մէջ։

* * *

Բարիզի Վերաքննիչ Ատեանը հռչակաւոր նշանաբան մը ունի որ հետեւեալն է.

«Ատեանը արդարութիւն կը բաշխէ, շնորհ չի բաշխեր»։

Կ’երեւայ թէ Կրօնական Ժողովը այս նշանաբանը սրբագրած է։