Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼՈՒՐ ՉԻ ԿԱՅ

Չեմ գիտեր թէ ընթերցողներուս մէջ հրապարակագրութեան փափաք ունեցող կա՞յ. օրագիրներու մէջ երեւալու փառասիրութեամբ տագնապող մը կը գտնուի՞։ Պիտի հրաւիրէի զինքը որ գար օր մը Մասիսի խմբագրատունը եւ ներկայ ըլլար օրագրի մը երկուքին. ապահով եմ որ այդ փափաքէն յաւիտեան պիտի հրաժարէր։

Մտածեցէք անգամ մը ի՞նչ է դիրքը այն սպասաւորին՝ որ տեղ մը խրկուած է կարեւոր, ամենակարեւոր լուր մը բերելու համար եւ որ ամեն օր ձեռնունայն կը դառնայ միշտ։ Իր տէրը ամենէն անհամբեր, ամենէն նեղսիրտ մարդն է զոր կարելի է երեւակայել աշխարհիս վրայ. հասարակութիւնն է ան. դժգոհ ու լալկան երախն է։

Ամեն օր երբ լրագիր մը կը հրապարակուի, խոստում մը ունի իր մէջ, լուր մը., աղէկ կամ գէշ լուր մը բերելու իրեն հետ. եւ խմբագիրը որ գիտակցութիւնը ունի ասոր, ի՜նչ տառապանքի մէջ է երբոր գիտէ թէ այդ օրն ալ բան մը չունի հաղորդելիք իր տիրոջը. պարակ, դարձեալ պարապ կը ներկայանայ հանրութեան։ Աւելի ճարտար ու հնարամիտ խմբագիր մը սիւնակներ կը լեցնէ լուրերու հաւաքածոներով. եւ ընթերցողը շահեկան լուրեր կարդալու տարտամ տպաւորութիւնը կ’ունենայ պահ մը։

Իրօք շահեկան չէ միթէ իմանալ, որ Ս. Պատրիարք Հայրը այդ օրը Պատրիարքարան իջած է. Տ. Գնէլ Վարդապետը չեմ ճանչնար այս եկեղեցականը, բայց անունը ամեն օր լրագրի մէջ ը կարդամ Ս. Պատրիարքին ներկայացեր է Տ. Սմբատ Վարդապետը այս ալ չեմ ճանչնար Արմաշէն հոս է եկեր. հոսկէ ելեր Շապին Գարահիսար գացեր է. անկից ալ չեմ չեմ գիտեր ուր պիտի երթայ։ Անտեսական Խորհուրդը ասիկա կը ճանչնամ եւ աշխարհ Արարատ ալ կը ճանչնայ նիստ գումարեր է, բայց որովհետեւ իր մեծաշուք պաշտօնակիցներէն մին, որ բոլոր պաշտօնավարութեան շրջանին մէջ մէկ անգամ միայն Ժողովին ներկայ գտնուելու բարեհաճեր է, իր մահկանացուն կնքած է այն օրը, նիստը վերցուեր է ի նշան սուգի, ճիշդ ինչպէս Ֆրանսայի Ծերակոյտին կամ Երեսփ. Ժողովին մէջ կ’ըլլայ՝ երբոր մեռնողը Թիէռ մըն է, Կամէթթա մըն է։ Ես մեր բթամտութեան ստոյգ եւ վաւերական ապացոյցները կը գտնեմ անոնց մէջ եւ կը մխիթարուիմ։

* * *

Այո՛, պարապ են օրագիրները զոր կը կարդանք, եւ, սեւցած ու հոծ սիւնակներուն հակառակ, ճեփճերմակ են անոնց էջերը, վասն զի ոչինչ ունին հաղորդած լուրջ կամ օգտակար բանի մը վրայ։

Ժողովները Ժողովներու կը յաջորդեն եւ դժբաղդաբար իրարու կը նմանին. թատերաբեմին վրայ երբեմն մարդիկ վազելու պէս ոտքերնին կը շարժեն եւ տեղերնուն չեն երերար, վասն զի հոն կենալու են արդեն. մեր Ժողովները անոնց կը նմանին։

Մեր լրաբերը, ամեն օր Պատրիարքարանէն բերելով մեզի կարգ մը անմիտ եղելութեանց փունջ մը, կ’ապշի զմեզ չգոացնելուն. ի՞նչ կ’ուզէք սակայն որ ընէ հէք մարդը. եղածը պատահածը գրելու պաշտօն ունի եւ չի կրնար ուզածը հնարել։ եւ կռիւը, դժգոհութիւնը կը շարունակի լրաբերին դէմ. ամենքս կը պոռանք երեսն ի վեր թէ իր ապիկարութենէնէ որ այս կարգի անիմաստ հաւաքածոներ միայն ձեռք կ’անցնէ, եւ Պատրիարքարանը հարկաւ, օգտակար բաներ մը կ’ընէ իր պատկառելի լռութեան մէջ։

Կը մտածենք որ միակ կենսական խնդրին վրայ, որ է ազգին դաստիարակութեան եւ կրթութեան ապագային խնդիրները, ոչինչ կայ մտածուած. դպրոցները բարեկարգելու ո եւ է ջանք, ուսուցիչներ հասցնելու ո եւ է աշխատութիւն, դասագիրքեր պատրաստելու ո եւ է կանխահոգ միջոց, ազգին գրականութիւնը ծաղկեցնելու ո եւ է քաջալերութիւն, այլ անընդհատ գնաց եկաւի, ըսաւի չըսաւի զրոյցներ եւ չենք հաւտար որ իրօք Պատրիարքարանի բոլոր գործունէութիւնը այս ըլլայ. չենք հաւատար եւ լրաբերները կը քամահրենք։

* * *

Լաւագոյն ու աւելի սփոփիչ է ենթադրելը որ լրաբերներն ու օրագիրները անգէտ են ազգային վարչութեան աշխատութեանցը. սպասելու անձուկը տառապանք մըն է, յոյս մըն է նաեւ. որքան ալ երկար տեւէ սպասումը, հոգ չէ. բոլոր կեանքը սպասում մը չէ՞ միթէ. պիտի սպասենք ստոյիկ հանդարտութեամբ մը որ ազգային կրթութեան խնդիրը ձեռք առնուի օր մը, պիտի սպասենք որ ազգային իշխանութիւնը զգայ թէ ինքը կրթական իշխանութիւնն է եւ ասոր մէջ է որ իր ձեռնահասութեան ապացոյցները կը պահանջուին։

Որովհետեւ Ոսումնական Խորհուրդ մը կազմուած է արդէն, Պատրիարքարանը չի կրնար անփոյթ եւ անտարբեր ըլլալ ազգային դաստիարակութեան հարցերուն. ընդակառակը, բուն Ուսումնական Խորհուրդը՝ Վարչութիւնը ինքն է. բուն Ոսումնապետը՝ Պատրիարքը ինքն ըլլալու է՝ գոնէ այսուհետեւ ազգային խնդիրներու առաջին կարգին վրայ դնելու կրթական խնդիրը. վասն զի հոն է միայն ճշմարիտ օգուտը. եւ ով որ թերանայ կամ յապաղի անոր մէջ, իր պատասխանատուութեան բաժինը պիտի ունենայ։

Ըսինք որ Պատրիարքարանը անմիջապէս Եւրոպա տղաք խրկելու է, ուսուցիչներ պատրաստելու համար. առաջին, էական ու ստիողական բանն է այս. եւ ասանկ չնչին բանի մը մէջ անկարողութեան ու անկարելիութեան խօսք մտիկ չի կրնար ըլլուիլ. ասանկ խօսք մը չկամենալէ զատ բնա մը պիտի նշանակէ։

Տեսնենք դեռ որքա՛ն ատեն պիտի սպասենք. որչա՛փ ատեն պիտի կրկնենք թէ «լուր չի կայ». pas de novelles, bonnes nouvelles [1] կ’ըսէ ֆրանսական առածը. անանկ պիտի ըսենք մենք ալ։



[1]            Ոչ մի լուր, ոչ մի լաւ լուր։