Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՔՐՈՆԻԿ
ԴԱՐԲՆՈՑԱՊԵՏԸ

Օրիորդ Մարկռիթ Տարպէլիի խումբը կիրակի գիշեր ներկայացուց Ժօրժ Օնէի թատերախաղը։

Այս ֆրանսացի հեղինակը, իր երկերուն ժողովրդեան մէջ գտած անհաւատալի ընդունելութեան հակառակ, երկրորդական գրող մըն է եւ Լըմէթռ իրաւամբ ըսած էր այս հեղինակին համար որ իր յաջողութիւն աւելի գրավաճառական քան թէ գրականի յաջողութիւն մըն է։

Դարբնոցապետը իր գործերուն ամենէն համբաւաւորն է. վէպը հայերէնի թարգմանուած է եւ թատերախաղը տաճկերէն ներկայացուած է հայ դերասանական խումբին միջոցաւ։

Նիւթը հետեւեալն է. Ֆիլիբ Տարպլէ կ’ամուսնանայ օրիորդ Քլէռ տը Պօլիէօի հետ, որ հաճած էր իր կինը ըլլալ՝ միայն պզտիկ ինկած չըլլալու համար Տըպլինէի դուքսին դէմ, իր առջի նշանածը, որ Քլէռի օժիտի կորսուիլը լսելուն վրայ, զինքը կը ձգէ եւ ուրիշ հարուստի աղջկան մը՝ Օրիորդ Մուլինէի հետ կը կարգուի։

Տիկին Տարպլէ չի սիրեր իր էրիկը եւ ամուսնութեանը առջի գիշերէն անոր երեսին բացէ ի բաց կ’ըսէ ասիկա։

Գործարանատէրը, որ իր կնիկը կը պաշտէ, յանկարծակիի կուգայ այս յայտնութենէն, բայց իսկոյն առնական կորովով իր սէրը կը լռեցնէ եւ կը յայտնէ իր կնկանը որ չպիտի երթայ այլեւս իրեն քով, եւ թէ ամեն յարաբերութիւն դադրած է իրենց մէջ. միայն գայթակղութեան մը տեղը չի տալու համար, միեւնոյն տանը մէջ շարունակեն ապրիլ, բայց զատ զատ, օտարականներու պէս։

Դարբնոցապետը ազնիւ սիրտ մըն է եւ իր կինը չուշանար ճանչնալու անոր առաւելութիւնները առջի նշանածին վրայ որ, բարիզեան շուայտ կենցաղասէր, խօսքը դրժած էր հարուստ աղջկան մը ետեւէն վազելու համար։

Քլէռ զղջացած է հիմա իր էրկան դէմ ցուցուցած ատելութեանը համար, բայց անոր արհամարհանքին առջեւ տեղի տալ չուզեր, անոր ոտքը երթալու, աղաչելու չի զիջանիր, ունայն հպարտութիւն մը չինքը կ’արգիլէ ամեն ատեն։ Էրիկը սակայն միշտ քաղաքավար ու կամակատար կը գտնուի իրեն հանդէպ եւ ահա Քլէռին եղբայրը, որ Դարբնոցապետին քոյրը կը սիրէ, անոր հետ ամուսնանալու համար Քլէռէն կը խնդրէ որ էրկանը հաճութիւնը ձեռք բերէ։

Քլէռ առիթ մը կը համարի ասիկա իր էրկանը սիրտը կակղցնելու. խօսքը կը բանայ. բայց առջի բառէն Դարբնոցապետը կը մերժէ. ո՛չ, ինքը դժբաղդ եղած է տը Պօլիէօ ընտանիքէն աղջիկ մը առնելով, չուզեր որ իր քոյրն ալ անոնցմէ տղու մը ետ ամուսնանայ եւ իր մերժումը ամեն աղաչանքի դէմ հաստատ եւ ամուր կը պահէ։

Այս փորձը չի յաջողիր ուրեմն. բայց Քլէռի սէրը իր ամուսնին հանդէպ աւելի եւս կ’արծարծի այս ընդդիմութենէն։ Միեւնոյն ատեն կը տեսնէ որ տըպլինէ դոքսին կինը որ իրենց հիւր եկած է իր էրկանը ետեւէն կը պտըտի, անոր գլուխը ելլելու կը նայի. նախանձը իր սիրտը կը կրծէ, ինքզինքը չի կրնար զսպիլ եւ դքսուհիէն կը պահանջէ որ իր տունէն հեռանայ, դքսուհին կը դիմադրէ եւ Քլէռ ամենուն առջեւ կը վռնտէ զինքը։ - Ատենով նշանածս առիր ձեռքէս, հիմա ալ էրիկս առնելու կը ջանաս. ա՛լ շատ է քու ըրածդ, կորսուէ՛ ասկից, կը պոռայ անոր երեսն ի վեր։

Բայց դուքսը չի կրնար իր կնոջ եղած այս նախատինքը ընդունիլ. Դարբնոցապէտէն բացատրութիւնը կ’ուզէ եւ կը պահանջէ որ Քլէռի վարմունքինհամար յայտնէ կամ մենամարտով հատուցում մը տայ իրեն. վայրկեանը հանդիսաւոր է. դարբնոցապետը իր կնոջ այս յախուռն վարմունքին համար մինչեւ մենամարտիլը յանձն պիտի առնէ՞. այն կնոջ որ իր թշուառութեան բոլոր պատճառն է։

Քլէռ իր էրկանը տալիք պատասխանին կ’սպասէ սրտատրոփ, անոր բերնէն կախուած կը մնայ.

- Տիկին Տարպլէի ձեռ կնկան դէմ ըրածը ինչ որ ալ ըլլայ։ աղէկ ըրած է, - կ’ըսէ Դարբոցապետը։

Այս վայրկեանէն որքա՛ն երախտապարտ է, որքա՛ն ամօթահար է իր էրկանը առջե, որքա՛ն պատրաստ է անոր ոտքը նետուելու եւ ներում խնդրելու անկէ. բայց այն յիմար հպարտութիւնը դեռ սրտին մէջն է եւ իր զղջման քայլերը կը կապէ նորէն։

Յաջորդ օրը պիտի մենամարտին. գիշերը իր խղճին տագնապներովը կը տառապի. չի քնանար մինչեւ լոյս, մինչեւ էրկանը սենեակին դուռը կ’երթայ, բայց չի համարձակիր դուռը բանալ ու ետ դառնայ։

Առտուն կը տեսնէ որ իր էրիկը մենամարտելու կ’երթայ. ա՛լ չի դիմանար, անոր քովը կը վազէ, իր բոլոր ըրածին, դառնացուցած կեանքին համար ներում կը հայցէ. այս մենամարտին պատճառ ըլլալուն համար ալ կը զղջայ եւ էրիկը արգիլել պատճառ ըլլալուն համար ալ կը զղջայ եւ էրիկը արգիլել կ’ուզէ, բայց Դարբնոցապետը տոկուն նկարագրի տէր մարդ է. իր անխելք կնինը կը պաշտէ միշտ, բայց սիրոյ բառ մը չըսեր կնոջը ու կը մեկնի. այն ատեն ուրիշ բան մը չի մնար անոր բայց եթէ վազել ու նետուիլ երկու ոսոխներուն մէջ, թերեւս հոն մեռնելու համար։ Եւ այնպէս կ’ընէ. մենամարտին տեղը կը հասնի եւ ատրճանակներուն գնտակները իրեն կը հանդպին. վիրաւորուած կ’իյնայ իր էրկանը թեւերուն մէջ որ կը ներէ իրեն ու կը խոստովանի թէ միշտ պաշտած է զինքը։

Այս է թատերախաղը։

Օրիորդ Տարպէլի Քլեռ Տարպելի ջախջախիչ դերը կը կատարէ. զաւեշտի, կատակերգութեան մէջ յաջող այս դերասանուհիին տաղանդը իրօք զմայլելի է տռամին մէջ ալ. իր անուշ ու տաք ձայնը, աննման ու անքննադատելի արտասանութիւնը, կանացի սիրտը ու հպարտութիւնը արտայայտելու կարողութիւնը առաջին կարգի արուեստագէտ մը կը հանդիսացնեն զինքը։

Օրիորդ Տարպելի ինքզինքը գերազանցեց մանաւանդ այն տեսարանին մէջ, կարծեմ երրորդ արարուածը, երբ իր եղբօրը ամուսնութեան խնդրանքը ներկայացուց Դարբնոցապետին. յետոյ նախանձի կրծումովը դքսուհիին ուղղած յանդիմանութեանցը եւ անկէ ետքը, մենամարտէն առաջ, էրկանը հետ ունեցած տեսակցութեանը մէջ։ Մենամարտէն վիրաւորուած՝ էրկանը թեւերուն մէջ հայցելով անկէ ներումը եւ սիրոյ բառը զոր մինչեւ այն վայրկեանին իրաւմամբ Դարբնոցապետը զլացեր էր իրեն, իր հատկտեալ աղերսանքովը՝ Օրիորդ Տարպելի ամենքը լացուց։ Ասկէ աւելի մեծ գովեստ չի կրնար իրեն ուղղուիլ։ Օրիորդ Տարպէլի երիտասարդ ու դեղին կին մըն է. նուրբ գեղեցկութեամբ մը, խաժ աչքերով. կատարեալ արուեստագէտ մը։

Պ. Քրիսթիան մեծ կարողութեամբ կատարեց Դարբնոցապետի դժուարին դերը։ Ամուսնութեան գիշերըիր կնոջ հետ ունեցած բացատրութեան ու կռիւի տեսարանին մէջ իր մեծագոյն յաջողութիւնը ունեցաւ։

Պ. Ֆելիքս՝ Մուլինէի դերին մէջ Տըպլինէի դուքսին աները բոլոր սրահը զուարճանցուց իր չտես հարուստի միամիտ արծենկոտութեամբը։

Տիկ. Մուան, Քլէռի մօր դերին մէջ, պէտք եղածէն քիչ մը աւելի հանդիսաւոր մայր մըն է։

Պ. Տօռլանժ, իբրեւ Տըպլինէի դուքս, բարիզեան շուայտ կենցաղասէրի մկ տպաւորութիւնը չի ձգեր. իր հագուստը ու ձեւերը շատ աւելի պարզ քաղաքացի մը, վաճառականի մը գրագրի ձեւերն են, քան թէ վաւերական դուքսի մը։

Անըմբռնելի նորութիւն մը՝ քաֆէ շանթանի երգչուհւոյ մը ներկայութիւնն էր այս ներկայացումին մէջ։ Օրիորդ Ժանն Տառաս երրորդ արարուածին մէջ, իբրեւ միջանկեալ մը, բեմին վրայ երեւցաւ, երեք չոր սիրուն ու քիչ մը մերկապարանոց երգեր երգելու համար, ապաքէն խիստ յաջողութեամբ, այնքան յաջողութեամբ ու այնքան զուարճալի ձեւերով դիմադարձութեամբ որ բոլոր սրահը պահ մը Դարբնոցապետը բոլորովին մոռցաւ։

Չենք գիտեր որի՞ն գիւտն է այս գաղափարը. թատերախաղին մէջ երկինքէն ինկածի պէս ինկող այս մանուկ ու չարաճճի աղջիկը տռամին լուրջ հանգամանքին հետ պատշաճ չգտանք։