Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԸ

Պատմութիւնը կ’աւանդէ մեզ որ Լուսաւորիչ քրիստոնէութիւնը հայոց մէջ տարածելու համար ցոյց տուած եռանդին մէջ, հայ հեթանոսական ամեն յիշատակները բառնալու անձուկէն բռնուած, մեր մատենադարաններն ալ այրած ու ջնջած էր։ Ասով կը բացատրուէր հայ երկերու բացարձակ պակասը այնպիսի ժամանակ մը ուր սակայն մեր գրականութիւնը խիստ ծաղկած պէտը էր ըլլայ, դատելով մինչեւ մեզի հասած իր չնչին բեկորներէն:

Այս աւանդութիւնը սակայն բոլորովին հաստատուած չէ եթէ հերքուած ալ չէ. ի պատիւ այս հայրապետին, որով կը պարծի մեր եկեղեցին, պէտք է րնդունիլ թէ ասանկ խժդուժ արարք մը ու բարբարոս գործ մը վերագրելի չէ իրեն, վասն զի այս վարմունքը, եթէ երբեք ապացուցուէր, այս անունը շրջապատող լոյսի ճաճանչները իսպառ պիտի նսեմացնէր:

Խաւարիչ մը պիտի ըլլար այս հայրապետը պարզապէս. ի՜նչ հեգնութիւն ուրեմն Լուսաւորիչ կոչել մէկը որ համարձակեր է ջնջել մեր ազգէն այն բանը որ ամենէն նուիրականն է, իր գրականութիւնը:

Իրաւ է որ կրօնամոլութիւնը աշխարհիս ամեն կողմը շատ անգամ այս տեսակ նախճիրներով ինքզինքը ցոյց տուած է եւ բոլորովին նոր բան մը չպիտի ըլլար եթէ մեր մէջ ալ քրիստոնէութիւնը այս տխուր մուտքը ունեցած ըլլար:

Բայց առանց հաստատ ապացոյցներու ներելի չէր Հայոց առաջին հայրապետին սուրբ յիշատակը ու անունը ասանկ ծանր ամբաստանութեան մը տակ ընկճել, եւ մենք բնականաբար վերջինը պիտի ըլլանք ասոր համոզուողներուն։

Միայն թէ այն բանը որ անարդարանալի էր հին ատենները կենսալիր մատենագրութիւն մը ջնջելուն համար, հիմա կարծեմ թէ բոլորովին անտեղի չպիտի ըլլար. մեր գրականութեան մէջ, քանդելու ու բառնալու համար որքա՜ն գիրքեր կան եւ մեր լրագրութենէն որքա՜ն հաւարածոներ. կը վախնամ որ եթէ ասանկ փրկարար հրդեհ մը արծարծուի օդին մէջը, ազա­տարար ձեռք մը, մեր նախնի մատենագրութեան մնացորդներէն ոչ շատ աւելի թուով բեկորներու պիտի խնայէ։

Խարոյկին հիմնական կմախքը նախ սա «վաւերացեալ յՈւսումնական Խորհրդէ» պիտակը կրող դասագիրքերէն պիտի ձեւանար. եւ ասոնց վրայ պիտի տեղաւորէինք սա միւս վիժումները, զարտուղուած խելապատակներու արձակ կամ ոտանաւոր ցնորանքները որոնք փառք Աստուծոյ վերջին մէկ երկու տարիներուն մէջ քիչ մը դադրած են։

Այս խարոյկին բոցերովը քիչ մը պիտի մաքրուէր օդն ու ասպարէզը եւ իրօք Լուսաւորիչ մը պիտի ըլլար մեզի այն մարդը որ զայն պիտի բռնկցնէր։

* * *

Անդին Կովկասի հայոց գրականութիւնը միշտ աւելի եւս կը կազդուրի, կը զարգանայ, կ’ուռճանայ. մատենագրութիւն մը կայ հոն, հաստատ ու տեւական գործունէութիւն մը, երբ մեր մէջ՝ լաւագոյն գրուածները յաճախ լրագրի մը թռուցիկ էջին վրայ են, հոն՝ մարդերը, կեանքերը ու գործերը կ’ուսում­նասիրուին համբերող ու ճշդասէր պրպտումներով եւ այսպէս լոյս կը տեսնեն այն հատորները որոնցմով մատենադարան մը կարելի է կազմել եւ որոնք գրական ամենէն լուրջ սեռերուն կը վերաբերին եւ հասարակութեան մէջ ընթերցանութեան սէրը կը տարածեն ու կը պահպանեն։

Մեր ճակատագիրն է միշտ սին ու փուճ զբաղումներով՝ օգտակարն ու շօշափելին աչք է հեռու պահել. սեթեւեթներու ու ծեք ծեքումներու մէջ յամենալ եւ քայլ մը չառնել դէպի առաջ, եւ զարմանալի չպիտի ըլլայ եթէ տարիներէ ետքը առջի օրուան երախայ ու զէվզէկ հասարակութիւնը մնանք մենք մինչդեռ մեր շուրջը ամեն ոք խելահասութեան կը ձգտի։