Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱԼԱԾԱՆՔ ՄԸ

Բերայի մէջ բնակող հայերը, անոնք անգամ որ ինծի պէս, եկեղեցական ու թաղական խնդիրներու հետամուտ չեն, գիտեն կամ լսած են որ հոն երիտասարդ, գէթ ըստ երեւոյթին շնորհքով ու համակրելի քահանայ մը կայ որ իր արժանապա­տիւ կամ գերապատիւ եղբարցը կողմէն կանոնաւոր հալածանքի մը ենթարկուած է։

Եկեղեցիէն դանկ մը չեն տար ապրուստի համար եւ ներելի չէ իրեն որ գէթ յուղարկաւորութեան մը ներկայ գտնուելով՝ չնչին բաժին մը ստանայ քահանաներու վճարուելիք դրամէն։

Ո՛չ ծուխ ունի հէքը, ո՛չ նպաստ եւ ոչ ուրիշ ո եւ է օգնութիւն. լքուած, մերժուած - եւ ափսոս, պէտք է աւելցնել - միշտ անարգուած քահանան է ան. տեսակ մը ատացեալ որ Ֆէրիկէօ կամ - եթէ հնար ըլլար - աւելի հեռուն տեղ մը վտարելով՝ անոր ապականութենէն զերծ ուզէին Բերայի քահանաները։

Այն հինգ վայրկեանի խօսակցութեան մէջ զոր ունեցայ իր հետը օր մը - երբ ննջեցեալի մը յուղարկաւորութեան համար Երրորդութեան եկեղեցին գացեր էի, եւ բակը ելլեր էի երկարատեւ քարոզի մը դէմ սփոփանք մը փնտռելու համար - իր զրկանքի ենթարկուած մարդու ձայնը լսեցի եւ այդ ձայնը սրտիս դպաւ։ Իր դառնացած հոգին բացաւ ինծի եւ չափաւոր լեզուով մը, որ վայելուչ էր եկեղեցականի հանգամանքին, թուեց համառօտիւ երկար շարքը նոյն անիրաւութիւններուն զոր Աւետարանի պաշտօնեաներ, Բերայի քահանաները իրենց Աւագերէցը միասին ունենալով, էսնաֆական իրաւունքներ կամ շահեր պաշտպանելու համար կարծես, իրեն դէմը ի գործ դրած են։

* * *

- Ես՝ չեմ գիտեր ինչ պատճառով, աւելցուց քահանան, խոտելի եմ այն եկեղեցականներուն, շահախնդիր չեմ. այն օրէն ուր եկեղեցական ասպարէզը մտայ, զոհողութեան կեանքի մը բոլոր տառապանքներուն դէմ ամրացած եմ. բայց բա­րոյական դատապարտութիւն մը ծանրացած կը տեսնեմ վրաս այս հեռացումով, դատապարտութիւն զոր չեմ կրնար եւ չեմ ուզեր ընդունիլ։

«Եթէ իրօք այդպէս ըլլար, պիտի ուզէի գոնէ յանցանքս ճանչնալ. մեծագոյնը զոր կը խոստովանիմ, իբրեւ Բերայի քահանայ միւս քահանաներու հասոյթէն իրաւունք ունենալս է կարծեմ, յանցանք որ կ’երեւի թէ թողութիւն չընդունիր»։

Ու բակին մէջ իմ երթեւեկիս կ’ընկերանան համաչափ քայլերով, մեղմիւ, տրտմութեամբ անուշութեամբ պիտի ըսէի բացատրելով այն տարօրինակ արգելքը որուն ենթական է, նորօրինակ boycottage [1] զոր եկեղեցականները Իռլանտացիներէն փոխ առած կը թուին։

Եւ իմ հարցումիս վրայ թէ Թաղական Խորհուրդ չի՞ կայ Բերայի մէջ.

- Թաղական Խորհուրդ կայ, բայց անկէ մեծ՞ անկէ վեր բան մը կայ Բերայի մէջ. Աւագերէց մը. կը զարմանաք այնպէս չէ՞. այս այսպէս է սակայն. Աւագերէց մը որ քարոզիչէն ալ գեր ի վեր է։ Ամեն բան անոր կամքին երբեմն ալ քմահաճոյքին ենթակայ է հոս. ջանելու է նախ անոր հաճելի ըլլալ այս եկեղեցիին մէջ, նոյն իսկ Աստուծոյ հաճելի ըլլալէ առաջ։

Ինչպէ՞ս կրցած է այս մեծ իրաւասութիւնը ձեռք անցնել. չեմ գիտեր ասոր գաղտնիքը. բայց իրողութիւն մըն է այս զոր Բերայի թաղականն ալ, թաղեցին ալ կը խոստովանին։

* * *

Այն օրէն ի վեր բաւական ատեն անցած է եւ ահա կ’իմանամ որ պատրաստութիւններ կը տեսնուին երկու նոր քահանայ ձեռնադրելու համար Բերայի եկեղեցւոյն վրայ։

Այս քահանայացուները զոր Բերայի Աւագերէցը յատկապէս Չէնկիլէրէն բերել կուտայ, չեմ ճանչնար, ինչպէս ասկէց քանի մը տարի առաջ ալ Պարտիզակէն բերել տուած էր երկու քահանայացուներ. բայց այս առթիւ միտքս ակամայ կ’երթայ սա միս քահանային որուն, այս հարուստ ու միանգամայն ողորմելի թաղը որ Բերա կը կոչուի, չոր հացը կը զլանայ։

Եւ ո՛չ ոք այս թաղին մէջ որ հարցնէ այս դատապարտեալին մեղքը. . ոչ ոք եկեղեցական կամ աշխարհական որ զիջանի տկար մը պաշտպանել իր մեծաւորին դէմ, եթէ Աւագերէց մը մեծաւոր մը կրնայ սեպուիլ քահանայի մը հանդէպ։

Եկեղեցական կարգի կանոնի մէջ հմտութիւնը չունենալուս պարծենցողներէն եմ. բայց որքան մեծ ըլլայ տգիտութիւնս, չեմ կարծեր սակայն որ առանց դատաստանի, քննութեան, առանց ինքզինքը գէթ լսելու կարելի ըլլայ յանցաւոր վճռել մէկը. կարգապեհական պահանջումները եւ Աւագերեցի մը ցոյց տրուելիք յանամանքը չեն կրնար այն աստիճան յառաջ երթալ որով արտօնուի այդ Աւագերէցը ըստ կամս տնօրինութիւններ ընելու այս կամ այն եկեղեցականին դէմ։

* * *

Թող չըսուի որ այդ քահանային, որուն ճշդիւ անունն ալ չեմ գիտեր, Ֆէրիքէօ ճամբուիլը զրկում մը չէ եւ կամ դիտմամբ մտածուած խստութիւն մը չէ. եւ ի՛նչ բացատրութիւն պիտի տան ինծի եթէ հաստատուի որ Բերայի եկեղեցին երբ Պոլսոյ չորս ծայրէն քահանայ կը կանչէ երբեմն հանդիսաւոր յուղարկաւորութիւններու համար, յատկապէս կը մերժէ այս քահանան, նոյն իսկ այն ատեն երբ հանգուցեալին տէրը անոր ներկայութեանը կը փափաքի։

Ո՛չ, այս մարդուն դէմ եղած յայտնի զրկանքին ոչ ոք անտեղեակ է իրօք. Բերայի Ս. Քարոզիչը չենք կարծեր որ իր թաղին մէջ անցած դարձածին այսքան անգիտակ եղած ըլլայ. բայց այն մեծ ոյժը զոր Բերայի Աւագերէցը ունի իր մէջ, բաւական եղած է որ ոչ ոք համարձակի ձայն բարձրացնելու իրեն դէմ։

* * *

Յուսալ որ Կրօնական Ժողովը որ անարժան ու յանցաւոր եկեղեցականները անաղարտ ցուցնելու բարի սովորութիւնը ունի, իր պաշտպանութենէն մաս մըն ալ շնորհէ անիրաւուած քահանայի մը, ենթադրել որ Բերայի Թաղականները որոնց մէջ ողջամիտ մարդիկ կան անշուշտ բայց իրենց իշխանութիւնը աւագերեցի մը դէմ յարգել տալու հաստատամտութիւնը ունին թէ չունին այչ չեմ գիտեր իրենք որոշեն թէ ո՛ր քահանան ուրտեղ եւ ինչպէս պիտի պաշտօնավարէ եւ ինչ ապրուստի միջոց պէտք է ունենայ, այդ հաւատքը չունիմ բնաւ երբոր այս տողերը հասարակաց դատաստանին կը յանձնեմ։



[1]            բոյկոտ