Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆ

Առջի անգամ որ Գարակէօզեան մեծխօսիկ կտակին գործադրութիւնը վէճ ու ընդդիմութիւն յարուց, ամեն մարդ այնքան արդար զայրոյթ մը զգաց իր հոգւոյն խորը որ անյագ շահախնդրութեան մը պրկուած մատներուն մէջէն օրինական բռնութեամբ քաշել բրցնել մտածեց ազգին որբերուն յահկացուած դրամը եւ ամեն ոք իսկոյն դատ բանալու գաղափարը ունեցաւ։

Բայց այն ատեն տարօրինակ բան մը պատահեցաւ, փսփսուք մը որ նախ ականջէ ականջ կը սպրդէր՝ հետզհետէ տարածուեցաւ մեծցաւ եւ ամենուն հասկցուց որ վախ կայ այս դատը կորսնցնելու։

Այս վախը Վարչութեան մէջ ալ իր թարգմանները ունեցաւ եւ բաւական զօրաւոր փաստ մը նկատուեցաւ անոնց կողմէ որ քսան հազար ոսկիով այս խնդիրը փակելու կողմն էին իրենց առաջարկութիւնը ընդունել տալու համար։

Փաստաբանները զորս Քաղաքական Ժողովը խորհրդակցութեան համար կանչեց՝ չենք գիտեր ի՛նչ ըսին. այս տեսակ խորհրդակցութեանց արդիւնքը չի հրապարակուիր. բայց որոշ կերպով ըսուած ըլլալու է որ դատը շահուելիք դատ մը ըլլալով հանդերձ մեծ դժուարութիւններէ զերծ չէր նոյն իսկ հանգուցեալին միւլք ստացուածքի բաժնին համար եւ թէ կորսուած կրնար համարուիլ անոր վագըֆ կալուածներու մասին։

Եթէ ստոյգ բան մը կար այս ամենու մէջ՝ այն ալ սա միաձայն յայտարարութիւնն էր որ աս կտակը տարօրինակ կերպով օրէնքէ չհասկցող կամ հասկնալ չուզող մարդու մը կողմէ գրուած ըլլալու էր. եւ քիչ մը աւելի հեռուն երթալով, սա երկսայրաբանութիւնը մէջտեղ կուգար թէ, կամ հանգուցեալը լուրջ եւ իրական կտակ մը ընել ուզած էր եւ հարկաւ փաստաբանի ըամ օրէնսգէտի մը խոհուրդ հարցուցած ըլլալով, կտակին պարունակութիւնը փաստաբանի խորհրդին համեմատ շինուած ըլլալու էր, եւ կամ յատկապէս պակասաւոր բան մը ըրած էր իր ժառանգորդաց չարաշահութիւնը դիւրացնելու եւ միանգամայն, առանց փող մը տալու, ետ մահուան մեծ բարերարի մը համբաւը վաստակելու համար. գաղափա՜ր որ որքան էլ մաքիավելական կը թուի, շահադէտի մը ուղեղին անպատշաճ չէ բոլորովին։

Այս երկու թերութիւններէն վերջինը՝ հանգուցեալին համար այն աստիճան բարոյապէս ողբալի նկարագիր մը կ’ընծայէ, որ առաց հաստատ փաստի ներելի չէ ասանկ վճիռ մը արձակել մեռնող մարդու մը դէմ։

Ուստի ի հարկէ ստիպուած՝ առաջինը ընդունել պէտք կ’ըլլայ եւ այն ատեն՝ այս կտակին ո՞ր օրէնսգէտի կամ փաստաբանի խորհրդովը գրուած ըլլալը ամենուն համար շահեկան հարցում մը կը դառնայ։

Կարծեմ թէ գրուեցաւ որ այս կտակին պատճէնը հանգուցեալին կողմէ ի պահ դրուած էր փաստաբան Յակոբ էֆէնտի Յակոբեանի մօտ։

Չգիտցողներուն համար ըսենք որ Յակոբօֆ էֆէնտին Գարակէօզեաններու փեսայ մը ըլլալու առաւելութիւնն ունի եւ փեսայ մը որ որդիէ մը աւելի է իրենց, այնպէս որ հանգուցեալին ամենամտերիմ խորհրդատուն եղած է անոր կենդանութեան միջոցին, ինչպէս որ այսօր ալ Գրիգոր էֆէնտի Գարակէօզեանի ամենամտերիմ խորհրդատուն մնացած է։ Կտակին մէջ ալ անոր անունը յիշած է Տիգրան Գարակէօզեան։ Այս ամենէն եթէ հետեւցնեք որ այս կտակը Յակոբ էֆ. Յակոբօֆի խորհրդովը շինուած է իր այս ձեւին մէջ, յանդուգն կարծիք մը յայտնած չենք ըլլար։

Ամեն պարագայի մէջ, անտարակուսելի է որ Յակոբօֆ էֆէնտի գիտէր անոր ձեւը եւ պարունակութիւնը եւ անհնար է որ գոնէ կարծեաց փոխանակութիւն մը տեղի ունեցած չըլլար իրենց մէջը։

Հետեւապէս սա դժբաղդ եզրակացութեանը կը հանգինք որ այս փաստաբանը կամ գիտութեամբ կամ սխալելով՝ հանգուցեալին այս կտակը կատարեալ ու կանոնաւոր բան մը նկատել տուած եւ այս համոզումը ներշնչած էր անոր։

Եւ սակայն Յակոբօֆ էֆէննտի, Գարակէօզեաններու փաստաբանը, ամենօրեայ խոհրդատուն՝ չէր կրնար անգիտենալ սա հանրածանօթ բանը թէ եղած կտակները եղծանելը՝ այս ընտանիքին մէջ ժառանգական ախտ մըն է որ անցեալին մէջ երկու զոհ տարած էր արդէն եւ Գարակէօզեան Գրիգոր էֆ. առաքինութեան վրայ շատ կոյր ու տոկուն վստահութիւն մը պէտք էր անտեսելու համար ասանկ մեծագումար կտակի մը առթիւ յարուցուելիք բուռն վէճն ու պայքարը։

Այս միամտութիւնը, այս կուրութիւնը, ափսո՛ս, ակամայ սխալի մը հանգամանքովը չի ներկայանար անկեղծ դատաստանի մը առջեւ. եւ կարգ մը նշաններ կուգան ճշդել եւ հաստատել տխուր կասկածը թէ կամաւոր ու գիտակից սխալումով մը այս կտակը իր արդի ձեւին տակ կը մատուցուէր ազգին։

Յակոբօֆ էֆէնտին չի կրնար նախ ըսել որ վագըֆի վրայ կտակի անընդունելի ըլլալը չի գիտեր. նուազ ընդունալի է նաեւ որ առանց վկայի եւ վաւերացումի գրուած կտակի մը հանդիպելիք դժուարութիւնները բնաւ մտքէն անցած չըլլայ։ Եւ սակայն ինքը՝ խորհրդատուն, թելադրիչը, օրէնսգէտը, կտակին՝ այս թերի ձեւով՝ ազգայի իրաւունքները պահպանուած հռչակեր է հանգուցեալին։

Եթե փաստաբանական արուեստի տեսակէտով իր գործածը սխալէ աւելի բան մըն է, ազգին մէջ իր ունեցած դիրքովը ոչ նուազ ծարակշիռ է այսօրինակ ընթացք մը որ Գարակէօզեան ժառանգորդներուն հիմնական ընդդիմութեանց համար զօրաւոր կռուան մը շնորհելու կանխամտածութեան շատ կը նմանի։

Եւ եթէ անոր վրայ աւելցնենք սա պարագան որ Յակոբօֆ էֆէնտի՝ փոխանակ ամեն հայ անհատի պէս զայրանալու Գարակէօզեան ժառանգորդաց յայտնի շահախնդրութեան դէմ, անոնցմէ մէկ քանիին կամ մէկի չե՛մ գիտեր աղեկ մը պաշտօնական ներկայացուցիչն է այսօր, սա միւս պարագան որ մինչեւ այսօր Գրիգոր էֆ. Գարագէօզեանի բարի ոգին է ու սրտակիցը եւ սա վերջին ու ամենակարեւոր պարագան որ ութսուն հազար ոսկիի պարտք մը քսան հազար ոսկիով, - ան ալ սարրաֆական խել մը խորամանկ հաշիւներով խառնուած - գոցելու բանակցութեանց մէջ մեծագոյն դերը եւ միջնորդութիւնը իրը եղած է, կարծեմ ամեն անաչառ ու խղճի տէր մարդ սա եզրակացութեանը կը հասնի որ ազգին աղքատ տղոց եղած այս զրկանքին պատասխանատուութիւնը մասամբ մը այս փաստաբանին վրայ ալ կը ծանրանայ։