Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵԿՈՒՍԱՑՈՒՄՆԵՐ

Հրաժարականներու տեղատարափ կայ. թաղական խորհուրդ, վարչական խնամակալութիւն, դպրոցական հոգաբարձութիւն, ամեն ոք խօսք մը ըրած է կարծես՝ քաշուելու համար հանրային պաշտօններէ։

Պատրիարքարանը, առտուընէ մինչեւ իրիկուն, հրաժարականներուն տեղ նոր մարդ գտնելու զբաղած՝ գլուխ քերելու ատեն չունի։

Կ’երեւակայեմ որ Պատրիարքարանի օրական գործունէութիւնը սա կերպ ըլլալու է։

Ս. Պատրիարք Հայրը, - ինչպէս որ առջի օրէն լրագրաց մէջ ծանուցած էր, նախաճաշը իր Բերայի բնակարանին մէջ ընելէ ետքը նոյն օրը Պատրիարքարան եկած ըլլալով, - ամենէն առաջ Գեր. [աշնորհ] Փոխանորդ Հայրը կը ներկայանայ իրեն, ձեռքը բռնած նամակներու ստուար ծրար մը։

- Սրբազան Հայր, այսօր ալ Զմիւռնիոյ առաջնորդը հրաժարեր է. ահաւասիկ իր նամակը. Քղիի առաջնորդական տեղապահն ալ իր հրաժարականին վրայ կը պնդէ, Տրապիզոնի առաջնորդը կրկին կը հարժարի եւ Մուշինն ալ անոր օրինակին կը հետեւի…

Ս. Պատրիարքը անդրդուելի կը մնայ այս հեղեղին առջեւ։

- Ուրիշները կը խրկենք ասոնց տեղը. տեսնենք ո՞վ կայ յարմար։

Եւ փնտռտուքը կ’սկսի, ապերախտ վաստակ մը որ մինչեւ ցորեկ կը տեւէ։

Բայց աշխարհականները եկեղեցականներէն վար չեն մնար։ Ահաւասիկ վարչութեան դիւանապետները, որոնք իրենց կարգին ներս կը մտնեն։ Դեռ բերաննին չբացած՝ Ս. Պատրիարքը կը գուշակէ.

- Գիտեմ, հրաժարական է բերածնիդ. ադկէց ուրիշ խնդիր չունինք. տեսնենք այսօր որո՞նք են հրաժարուողները։

Եւ ցուցակը կ’սկսկի, երկար, միօրինակ ցուցակի հրաժարականներուն՝ որոնց մէջ ամեն տեսակներ կան, պարզ հրաժարական, բաղադրեալ հրաժարական, դժգոհութեան հրաժարական, ամեն սեռերը կատարեալ։

Ս. Պատրիարքը նոյն անդրդուելիութեամբ կը շարունակէ նոր մարդ գտնելու պաշտօնը, աշխատութիւն մը որուն մէջ հետզհետէ գերազանց ձեռնահասութիւն մը ցոյց կուտայ։

Բայց այս ալ չի տեւեր. եւ նորընտիրները իրենց նախորդներուն օրինակին կը հետեւին, շատ անգամ առանց իսկ ոտք կոխելու իրենց պաշտօնին վայրը։

Հանրային պաշտօններէ այս ձեռնթափութիւնը դիպուածական բա՞ն մըն է արդեօք։ Օրացոյցները 1898ի տարիին համար ատանկ գուշակութիւն մը չեն պարունակեր։

Ամեն պարագայի մէջ, ասիկա ուշագրաւ երեւոյթ մըն է որ իր նշանակութիւնը ունի անոնց համար որոնք այս աստիճան ընդհանրացած վիճակ մը մեկնելու պէտքը կ’զգան։

Ժամանակէ մը ի վեր դպրոցական ու թաղային գործերու մասին իրարու յաջորդող ձախող տնօրինութիւնները բոլորովին անմասն չեն, կարծենք այս մեկուսացումին եւ անտարբերութեան մէջ։

Հանրային կեանքի հիւանդութեանց մէջ ասկէ աւելի ծանրը՝ չեմ կարծեր որ ըլլայ. եւ եթէ դարմանն ուշանայ, կը կարծեմ որ հասարակութեան գործերը վարելու համար Պատրիարքարանի ամսականաւոր պաշտօնեաներէն զատ ոչ ոք պիտ մնայ մէջտեղը. եւ քիչ քիչ դիւանադպիրներէն կամ բարապաններէն թաղական, հոգաբարձու կամ խնամակալ անուանելու պէտք պիտի ըլլայ։

Եթէ ասիկա իրականանայ, անկէ վերջը Պատրիարքարանի մէջ պիտի կարգադրուի ամեն ինչ. ի՜նչ բարեբաղդութիւն. ո՛չ թաղ, ո՛չ արուարձան այսուհետեւ. ո՛չ քարոզիչ եւ ոչ թաղական, այլ ամոքիչ լռութիւն մը ամենօրեայ տրտունջներու տեղ։

Իբրեւ հրապարակագիր չեմ կրնար անտեսել ազգային պաշտօններու համար երեւան եկած մեկուսացումներուն հետեւանքը։ Կը տեսնեմ յոռի շրջանը որ մեր ամեն դպրոցական ու թաղային գործերը վատթարացնելու կը տանի. մարդ չի գար գործին գլուխը վասն զի ամեն բան հոն անկարգ ու անկանոն է. եւ ամեն բան կ’երթայ՝ վասն զի մարդ չի կենար անոր գլուխը։

Վարչութիւնը գիտակցութիւն ունի հարկաւ այս կացութեան եւ չեմ հաւատար որ իր բաղձանցած վիճակը ըլլայ ասիկա։

Դպրոցական խնդիրներու մէջ բարեկարգ վարժարան մը գոնէ ունենալու բնաւ հոգ չտարուիլը, կարող ուսուցիչներ հասցնելու համար այստեղ Վարժապետանոց մը հաստատելու տարօրինակ գաղափարը. ելեւմտական խնդիրներու մէջ՝ Պատրիարքարանի երեւմուտքին զեղումները, Գարակէօզեան կտակին ողբալի վախճանը. Հիւանդանոցի խնդրին մէջ՝ 6, եւ 12 ոսկինոց բարերարներ հաստատել եւ ասոր նմանող ուրիշ որոշումներով զբաղիլը՝ երբ հազար անգամ ըսուեցաւ եւ գրուեցաւ որ արմատական բարւոքում մը դնել պէտք է այդ մոլութեան ու նեխումի բոյնին մէջ. եկեղեցական խնդիրներու մէջ Օրտուի քահանային, Ամբրոսիոս վարդապետին եւ այլոց առթիւ տեսնուած ակներեւ աչառութիւնները. թաղային յետին խնդիրներու մէջ՝ անտեղի միջամտութիւններով թաղ. խորհուրդնարուն իրաւասութիւնը անդադար խրամատելու առաջադրութիւն մը, գաւառական որբանոցներուն եւ վարժարաններուն աւաղելի վիճակը, հակառակ հոն խրկուած բաւական կարեւոր օգնութիւններուն, ատոնք ամենքը ողջմտութեան գլուխ գործոցներ չեն, եւ եթէ ասով բոլորովին չարդարանար գոնէ կբացատրուի այն անտարբերութիւնը՝ որով մեր հասարակութեան մէջ խալք ու դիրք ունեցողները գլուխնին կը դարձնեն երբ ո եւ է առթիւ դիմուս կ’ըլլուի իրենց։