Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՄՈԶՈՒՄԻՍ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ

Ծփծփուն խօսքեր. յայտարարութիւններ որոնք ամեն ճշդումէ եւ ստուգումէ կը խուսափին. մշուշի մէջ ծալլուած պատասխան մը։

Ասով հանդերձ, Յակոբօֆ էֆէնտիի նամակը՝ այս վէճին մէջ թանկագին վաւերագիր մը կը մնայ իմ ձեռքիս եւ շահեկան հետազօտութեանց դուռ կը բանայ։

Այս կարգի հանրային հանգամանք ունեցող խնդրոյ մը մէջ թշնամանքի ո եւ է դիտում չանցնիր երբեք իմ մտքէս Յակոբօֆ էֆէնտիի անձին դէմ։ Անհատական նկատումներ նշմարել հոն՝ ուր միայն, իբրեւ Տիգրան Գարակէոզեանի խորհրդակից փաստաբան, իր պաշտօնին կիրառման եղանակը քննած էի, պզտիկցնել պիտի ըլլայ այս վէճին նիւթ եղող խնդրոյն կարեւորութիւնը։

Յանցանք մը չէ կարծեմ, եթէ անհատական խօսակցութիւններու մէջ յայտնած համոզումս՝ այսօր ալ հրապարակաւ հանրութեան լուրջ դատաստանին ենթարկեր եմ. համոզում զոր ամենէն առաջ Յակոբօֆ էֆէնտիին ըսած եմ, ի զուր ակնկալելով իրմէ գոհացուցիչ բացատրութիւն մը զոր այն ժամանակ ալ այս օրուան պէս չկրցաւ տալ։

Ասիկա յօժարութիւն մը ցոյց տալ է ուղղելու կարծիքը թէ սխալացած ըլլալս հաստատուի. ասիկա բոլոր արուեստակիցներուս միահողոյի վճռին յանձնել է իմ կարծիքիս ուղիղ կամ սխալ ըլլալուն որոշումը։ Այս արկածեալ կտակին դժբաղդութիւնը՝ ճակատագրային բան մըն է, թէ սխալի մը կամաւոր կամ ակամայ հետեւանք՝ այս մասին առիթ ընծայելով Յակոբօֆ էֆէնտիին հանրութեան առջեւ իր բացատրութիւնը տալու, չեմ կարծեր պատշաճութեանց դէմ շարժած ըլլալ։

Արուեստակցի պարտականութեան քով կայ հրապարակագրի պարտաւորութիւնը, եւ հասարակութեան մը դէմ ի գործ դրուած նիւթական մեծ զրկանքի մը ցաւը որոնք վեր են հարկաւ ուրիշ ամեն նկատողութենէ։

* * *

Ազգին առջեւ պատասխանատուութեան բաժին մը հանելով Յակոբօֆ էֆէնտիի, յախո՞ւռն համոզում մը յայտնեցի արդեօք. չեմ կարծեր. եւ որպէսզի որ եւ է սխալ հասկացողութեան տեղի չըլլայ, կը կրկնեմ հոս այն ենթադրութիւնները որոնց վրայ հիմնած էի այս համոզումը.

Ա. Յակոբօֆ էֆէնտին խմբագրած էր այս կտակը. կամ իր մասնակցութեամբը եւ իր խորհուրդին համեմատ խմբագրուած էր կտակը։

Բ. Այս կտակը մեծ պակասութիւններ ունէր, որոնց մասամբ զայն փճացնելու եւ մասամբ դժուարութեանց ենթարկելու հանգամանքը ունէին եւ զոր փաստաբան մը չէր կրնար չգիտցած ըլլալ։

Այս առաջին երկու ենթադրութիւններէն հետեւցուցեր էի երրորդը որ կարծեմ անխուսափելի հետեւանքն էր առաջիններուն.

Գ. Ուրեմն այս թերութիւնները գիտութեամբ դրուած էին կտակին մէջ։

Առաջին երկու ենթադրութիւններում ո՞րն է սխալը։ Յակոբօֆ էֆէնտին խմբագրած չէ՞ այս կտակը, մասնակցած չէ՞ անոր խմբագրութեան, իր խորհուրդին համեմատ գրուած չէ՞ արդեօք։ Յակոբօֆ էֆէնտիի յօդուածը՝ որոշ ու համարձակ պատասխան մը չի պարունակեր այս հարցումներուն. բայց խուսափողական նրբութիւններէն, որոնց մէջ կը դեգերի, երեւան կ’ելլէ թէ իր խորհուրդովը ու մասնակցութեամբը գրուած է ան։

«Ի՞նչ եղած է իմ բաժինս կտակին խմբագրութեանը մէջ», կ’ըսէ Յակոբ էֆ. ։ Ուրեմն բաժին մը ունինք, կ’ըսեմ իրեն. «Կտակին խմբագրութիւնը եւ ինձ յանձնումը հանգուցելոյն եւ ինձ միայն ծանօթ էր». ուրեմն երկուքնուդ մէջ խորհրդակցութեամբ գրուած էր եւ իրօք ալ այդպէս պէտք էր ըլլալ, դուք իբրեւ օրէնսգէտ եւ ինքը իբրեւ կտակող անձը։ Անիկա իր կամքը յայտնեց հարստութեանը մէկ երրորդը ազգին կտակելու եւ դուք պաշտօն ունէիք այդ կամքը օրինական ձեւերով ԱՆԴՐԺԵԼԻ դարձնել Տիգրան Գարակէօզեանի ժառանգորդաց հաւանական ընդդիմութիւններուն դէմ։

Պիտի տեսնենք թէ ասոր համար ի՛նչ է ձեր խորհած օրինական ձեւը եւ որքա՞ն կրցաք յաջողիլ այդ ձեւով։ «Կային տրամադրութիւններ որոնք փոփոխուած էին կտակողին կողմէն եւ այս բանը առաջին անգամ նշմարեցի երբ բացի զայն ժառանգաւորաց ներկայութեան»։ Ուրեմն կտակը կը պարունակէր մաս մը որոնք ձեր խորհուրդին համաձայն էին եւ մաս մը փոփոխուած։

Քանի մը տրամադրութեանց՝ կտակողին կողմէ վերջէն փոփոխուած ըլլալը յայտարարելնէդ կը հետեւցնեմ թէ դուք կտակի ընդհանուր գիծերը եւ ձեւը ճշդած էք, թէ կտակողը ձեր ցոյց տուած օրինական ձեւը եւ նկարագիրը չէ փոխած, այլ անոր մէկ քանի տրամադրութիւնները, զօրօրինակ մանրամասնութիւնները։ Սխա՞լ է արդեօք հանած հետեւութիւնս. ապացոյց թէ օրինական մասին դուք էք միայն իրխորհրդատուն, սա պարագան մէջտեղ դնեմ թէ Տիգրան Գարակէօզեան իր ստացուածքին ՄԷԿ ԵՐՐՈՐԴը կը կտակէ ազգին, այն մասը միայն զոր իր փաստաբանը իբրեւ ըստ օրինի ընդունելի եւ վաւերական ցոյց տուած է իրեն։ Հանգուցեալը, կը տեսնենք որ մազի չափ չէ շեղած օրինական մասին մէջ իր փաստաբանին խորհուրդէն, եւ կրնանք առանց մոլորած ըլլալու, հասնիլ սա եզրակացութեան թէ, իր օրինական ձեւին եւ հանգամանքին մէջ, կտակի ամբողջ պատասխանատուութիւնը Յակոբօֆ էֆէնտիին վրայ է։

Յակոբօֆ էֆէնտի այս մասին մէջ սեղմում մը կը մտցնէ. «Վկայութեամբ հաստատելու կամ պաշտօնապէս վաւերացնելու գաղափարը մերժած էր Տիգրան Գարակէօզեան, վասն զի կ’ուզէր կատարելապէս գաղտնի պահել իր կտակին գոյութիւնն մինչեւ իսկ իրեններէն. զգուշաւոր ու կասկածոտ մարդ, աւելի զգուշաւոր էր այս խնդրոյն մէջ որուն իր կեանքը կապուած էր եւ որ իր մահուամբը պիտի իրականանար»։

Յակոբօֆ էֆէնտին իր այս ըսածին ապացոյցը չունենալը կ’աւելցնէ եւ երկինքը վկայութեան կը կոչէ իրեն. այս սրտառուչ ձեւին պէտք չեմ տեսներ։ Որովհետեւ հարկ է ամեն ինչ աւելի իրեն ի նպաստ մեկնել եւ քան թէ իրեն դէմ, չեմ պահանջեր անպատճառ որ ապացոյցը տայ այս ըսածին. կ’ընդունիմ որ ճշմարիտ է իր ըսածը, բայց Յակոբօֆ էֆէնտին ալ թող ընդունի որ ճշմարտանման չէ.

Le vrai peut ne pas être vraisemblable [1].

* * *

Բայց միթէ ազգային շրջանակէն դուրս, եւ ամեն հայ անհատէ գաղտնի մնալու ձեւով՝ անկարելի՞ էր վաւերական հանգամանք մը տալ այս կտակին. եւ միթէ փաստաբան Յակոբօֆ էֆէնտի չզգացո՞ւց կտակողին թէ այդ կտակը վերջէն կարգ մը դժուարութիւններու պիտի բաղխէր. եթէ Յակոբօֆ էֆէնտին՝ այն ժամուն որ Տիգրան Գարակէօզեան կ’ընդդիմանար կտակը վաւերացնելու, եթէ ցոյց տար, ինչպէս որ իր պարտքն ու կոչումն էր, այն հեռանկարը որ այսօր իրականացած է, այսինքն ժառանգորդները որոնք միաբերան ամեն կարելի միջոցներով ջնջելու կը ջանան այս կտակը, կը կարծէ՞ որ Տիգրան Գարակէօզեան, իր կտակին եղծուելը նախամեծար պիտի համարէր, զայն վաւերացնելու մէջ երեւցած անպատեհութիւններէն։

Եւ եթէ փաստաբանը իր պարտքը լիովին կատարեց այս կէտին մէջ եւ կտակողը անպատճառ անվաւեր եւ անօգուտ ձեւով պահպանելու մէջ յամառեցաւ, եթէ այսպէս կը հաւաստէ մեզ Յակոբօֆ էֆէնտի, այն ատեն ի՞նչ եղած կ’ըլլայ անոր բարոյական նկարագիրը։

Աւելին կայ. Յակոբօֆ էֆէնտի հանգուցեալին բացատրե՞ց արդէօք որ վագըֆի վրայ կտա՞կը ընդունելի չէ ըստ օրինի. չբացատրած ըլլալուն ապացոյցը հոն կը տեսնեմ որ հանգուցեալը կտակին մէջ ո եւ է տարբերութիւն չէ դրած իր միւլք եւ վագըֆ կալուածներուն մասին. իր հաւատքը մէկուն եւ թէ միւսին համար, հաւասար վաւերականութեան մը վրայ հիմնուած է եւ իրաւունք չունի՞մ հետեւցնելու որ փաստաբանը չէ հասկցուած այդ էական տարբերութիւնը որ այս երկու տեսակ ստացուացքներուն մէջ գոյութիւն ունի. վասն զի եթէ հասկցուցած ըլլար, Տիգրան Գարակէօզեան այն վայրկեանէն որ կամք ունէր իր վագըֆ ստացուածքներուն ալ մէկ երկրորդ ազգին ձգելու ուրիշ համարժէք օրինական միջոց մը պիտի խորհէր իր այս կամքին գործադրութիւնը ապահովելու համար. միջոց որ չէր պակսեր։

* * *

Յակոբօֆ էֆէնտի, կտակին խմբագիրը, անոր կատարեալ ու անթերի բան մը ըլլալը հասկցնել կ’ուզէ եւ թերութեանցը մասին զիս հակասութեանց մէջ դնել կը կարծէ առաջ բերելով երկու յօդուածներս որոց առաջինին մէջ յայտնած եմ թէ միւլք ստացուածոց մասին դատը՝ շահուելիք դատ մըն է եւ երկրորդ յօդուածիս մէջ ըսեր էի որ առանց վկայի ու վաւերացումի այս դատը դժուարութիւններու կը հանդիպի. իսկ վագըֆի վրայ կտակս անընդունելի է։

Կ’երազեմ արդեօք կարծելով որ այս երկու յօդուածիս մէջ ո եւ է հակասութիւն չի կայ. որովհետեւ դատ մը կրնայ վաստկուիլ, ըսե՞լ է որ դժուարութիւններէ զերծ է. առաջի յօդուածիս մէջ ըսելովս որ այս միւլքի մասին դատը կը վաստկինք, ո եւ է դժուարութեան չենք հանդիպիր ըսա՞ծ եղայ արդեօք. ամենէն իրաւացի ու արդար դատերը դժուարութիւններէ զե՞րծ են միթէ եւ այդ դատերը որովհետեւ դժուարութեանց կը հանդպին, շահուելիք դատեր ըլլալէ կը դադրի՞ն։

Վագըֆի համար առաջին յօդուածիս մէջ արդէն գրեր էի զանազանութիւնը եւ չէի ըսած որ կրնայինք շահիլ այս մասը, ընդհակառակը կորսնցնելիս մէկ երկու բառով զգացուցեր էի եւ երկրորդին մէջ ասիկա բացայատ կերպով նշանակելէ ուրիշ բան չէի ըրած։ Ո՞ւր է, կը խնդրեմ, իմ հակասութիւնս ասոր մէջ։

Որովհետեւ ըսեր եմ ու կը կրկնեմ որ միւլք ստացուածոց մասին ազգին դատը չի կորսուիր, Յակոբօֆ էֆէնտին պէտք չէ հետեւցնէ թէ կտակային աշխարհին մէջ լաւագոյն կտակը ինք է շիներ։ Ո՛չ. իր շինուածը ոչ մէկ փաստաբան, ոչ մէկ օրէնսգէտ կրնայ ընդունիլ. խնդիրը պարզ է եւ զայն կ’առաջարկեմ հանուր աշխարհի. մարդ մը երկու հարիւր քառասուն հազար ոսկի ունի, մասամբ շարժուն եւ անշարժ միւլք ստածուածք եւ մասամբ վագըֆ կալուածներ, եւ այդ մարդը կամք կը յայտնէ իր բոլոր հաստատութեան մէկ երրորդը ազգին կտսակելու. փաստաբանի մը կը դիմէ ԱՆՎԻՃԵԼԻ հանգամանք մը տալու համար իր այս կամքին. վասն զի ուրիշ բանի համար փաստաբանի չեն դիմեր կարծեմ. փաստաբանը գիտէ որ կտակը աշխարհիս բոլոր ընդդիմութիւններուն պիտի բաղխի, կը ճանչնայ այն անձերը որոնք ինքզինքնին վնասուած պիտի զգան այս կտակով, գիտէ փաստաբանը այս բոլորը եւ սակայն ապահովութիւն եւ հաւաստիք կուտայ կտակողին որ իր կամքը պիտի գործադրուի եթէ սա մէկ տող գիրը ստորագրէ.

Բոլոր ունեցածիս մէկ երրորդը ազգիս աղքատ տղաքներուն կտակեցի։

Ես կ’ըսեմ որ այս փաստաբանը իր պարտքը կատարած չէ, վասն զի իր պարտաւորութիւնը՝ միւլքի մասին համար դժուարութեանց տեղի չի տալիք ամեն նախադասութիւնները ու կանխահոգութիւնները ի գործ դնել էր. եւ վագըֆի մասին՝ կտակին այս մասը փճացումէն փրկելու ջանալ էր. ո՛չ մին եւ ո՛չ միւսը ըրած է Յակոբօֆ էֆէնտի։

Ինչո՞ւ համար արդեօք։

* * *

Ի՞նչ են այս նկատողութիւնները որոնք այս յայտնի եւ անպաշտպանելի սխալներուն կամաւոր հանգամանք մը կուտան աչքիս. նախ, ասոնց՝ աններելի սխալներու կարգէն ըլլալը, եւ երկրորդ, Տիգրան Գարակէօզեանի մահուընէն վերջը Յակոբօֆ էֆէնտիի ընթացքը։

Առաջինը ա՛լ հաստատելու կարծեմ թէ կարօտութիւն չմնաց. երկրորդը, Յակոբօֆ էֆէնտիի կարծածին եւ - եթէ իրեւ է - Վարչութեան անդամոց գնահատումին պէս, անըստգիւտ չէ, ոչ ալ correct [2] է։

Ըսեր էի որ 1. Յակոբօֆ էֆ. այսօր ալ մտերիմը եւ խորհրդատու փաստաբանն է Գրիգոր էֆ. Գարակէօզեանին. Յակոբօֆ էֆէնտի այս առարկութեան պատասխանելու հարկին մէջ չի զգար ինքզինքը. ես ալ հակառակը կը կարծեմ. կը կարծեմ որ Տիգրան Գարակէօզեանի կտակը շինող փաստաբանին չիյնար այդ կտակը եղծանելու ջանացողին օգնել իր խորհուրդներովը։ 2. Ինքը՝ կտակին ընդդիմացող ժառանգորդներէն մէկ քանիին պաշտօնական ներկայացուցիչն է այսօր. Յակոբօֆ էֆ. ասոր ալ պատասխանելու հարկ չի տեսներ. ես կը տեսնեմ եւ կ’աւելցնեմ թէ աններելի է այդ կտակը շինող փաստաբանին ստանձնել զայն աղծանել ուզող առանգորդներուն փոխանորդութիւնը։ 3. Խել մը խորամանկ հաշիւներով ընդելուզուած քսան հազար ոսկւոյ հիման վրայ % 75ի զեղչով, իրաւախոհութեան մը մէջ իր դերը ամեն կերպով զարմանալի կը գտնեմ։ Ասոր կը պատասխանէ Յակոբօֆ էֆ. ըսելով որ Նորատունկեան եւ Ասասեան էֆէնտիները աղաչեր են իրեն որպէսզի միջամտէ Գարակէօզեան Գրիգոր էֆէնտիի եւ միւս ժառանգորդաց քով. կը հասկնամ որ անհամաձայնութեան մը վերջ տալու համար երրորդ անձի մը դիմում ըլլուի. բայց % 25 փրկելու համար՝ այդ ժառանգորդներուն շահերը պաշտպանելու պաշտօն ւնեցող փաստաբանը՝ իբրեւ չէզոք եւ երրորդ անձ նկատելու չափ սխալ մը գործուած ըլլալը միտքէն չէր անցներ. բայց ի՞նչ կ’ելլէ ասկէց։

Ահա այս երեք նկատողութիւններով եւ կտակին տարօրինակ խմբագրութեան ձեւը աչքի առջեւ ունենալով, այս կտակին անվիճելի հանգամանք տրուած չըլլալուն մէջ՝ կամաւոր բան մը նշմարած էի։

Ասօր դէմ Յակոբօֆ էֆէնտիի միակ լուրջ փաստը սա է թէ իր ձեռքն է բնաւ երեւան չհանել կտակը, մինչդեռ ինքը բաւական յապաղումներէ ետքը ինչպէս ամեն ոք գիտէ վերջապէս այս կտակը յանձներ է Պատրիարքարանին։ Որովհետեւ մարդ մը մեծագոյն յանցանք մը չէ համարձակեր գործելու, կը հետեւի՞ ասկէ, որ նուազ ծանր յանցանք մը գործած չէ։

Կտակին բոլորովին բարձումը, զոր կարելի բան մը կը նկատէ Յակոբօֆ էֆէնտի, ուրիշ օրինական հետեւութիւններ կրնար ունենալ. մարդսայնպէս կը կարծէ որ ինքը եւ միայն Աստուած գիտէ բան մը եւ սակայն օրին մէկը ուրիշ գիտցող մըն ալ երեւան կ’ելլէ։ Ուրեմն կտակը բոլորովին կուլ տուած չըլլալը՝ Մօնթինիյօնի առաքինութեան մրցանակին իրաւունք չի տար։ Եւ ի՞նչ հարկ կտակը բառնալ, եթէ արդէն զայն ժառանգորդաց անվնաս դարձնելու միջոցները խորհուած են ատենով։

Յակոբօֆ էֆէնտի կ’աւելցնէ՝ «Եթէ երեւան չհանէի, ժառանգորդաց դէմ այս յարձակումները երեւան չէին ըլլար»։

Այս միամիտ տողերուն մէջ՝ կարդալ գիտցող չարամիտ մը՝ զղջման պէս բան մը պիտի տեսնէր եւ ժառանգորդաց դէմ եղած յարձակումներուն համար ալ ցաւ մը. ուշադրութեան արժանի է որ իր նամակին մէջ ուր ծայրէծայր այս խնդրով կ’զբաղի, այս փաստաբանը ոչ հատուած մը, ոչ իսկ բառ մը կը գրէ որով իր խորհրդով շինուած այս հէք կտակին վախճանին վրայ արգահատի։

Յակոբօֆ էֆէնտի այն ամուր սրտով բժիշկներուն կը նմանի, որ ճակատագրին առջեւ խոնարհվելու վարժած, ոչ մեռնողին համար ցաւ եւ ոչ մեռցնող հիւանչութեան դէմ զայրոյթ մը կ’ զգան իրենց սրտին մէջ։

Յակոբօֆ էֆէնտի, որ բաղդաւոր մարդ մը ըլլալ կը թուի, մինչեւ ցարդ պատուաւոր ազգայիներէն է եւ Վարչութեան անդամներէն իր ուղղամտութեան ճանչուած ըլլալը հռչակելու պէտք կը տեսնէ։

Այս բարի վարուց վկայականը թերեւս արժէք մը ունի. բայց ես, եթէ իր տեղը ըլլայի, մարդու չպիտի զրուցէի ասկա։



[1]            Ճշմարտութիւնը չի կարող ճշմարտանման չլինել։

[2]            բարեկիրթ