Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՐԸ

Տղայութեանս օրերուն էր, կը յիշեմ։ Ինքզինքը երգելու զուարճանալու տուած մեր հասարակութիւնը պարը կը սիրէր. Սամաթիայէն՝ ուր քատրիյլը երգելով կը պարէին, մինչեւ Օրթագիւղ՝ ուր առանց երաժշտութեան չէին ցատկեր, ամենքը ոտքի վրայ էին. գիրկընդխառնումի, պարահանդէսի, - «կայ թատրօնի» կ’ըսէր Պեշիկթաշլեան նորոյթն էր։

Այնքան որ մեր երգահանները վասն զի միամիտ՝ բայց երբեմն սրտաբուղխ երգեր գրող տրուպատուրներ ալ ունէինք այն ատեն մտածեցին պարը երգին հետ հաշտեցնել։

Եւ այդ միջոցին ծաղկեցաւ հռչակաւոր պարերգը զոր իմ տարիքս ունեցող Պոլսեցիները ամենքն ալ գոց գիտէին։

Դուք մէջէն, ես քովէն,

Անցնինք դիմաց, փոխենք տեղ։

Յանգերը հարուստ չէին, բայց իմաստը պարզ ու հասկնալի էր եւ Պոլիս գտնուող գաւառացիերը, որոնք ստակ չվճարելիք նորութիւններու մենէ աւելի հետամուտ են, առանց դասատուի պարել սորվելու առաւելութիւնը կը գտնէին այս երգին մէջ ուր ատրիլյին բոլոր ձեւերը ծայրէծայր բացատրուած էին։ Միայն qalopին տեղ կ’երեւայ որ արշաւ բառը գտնուած ըլլալու չէր, վասն զի այս վերջին ձեւին համար պարերգը կը վերջանար սա բառով.

Կլոր կը ճեմենք։

* * *

Ուսկէ՞ց ուր այս քատրիյլին երգը միտքս ինկաւ այս վայրկեանիս եւ այս տուները վերյիշեցի. մտաւորական ի՞նչ անգիտակից աշխատութեամբ է այս հէք ոտանաւորին տողերը եկան շարուեցան կարգով հիշողութեանս առջեւ, երբ ցնծութենէ, զուարճութենէ այնքան հեռու նիւթով մը, մեր պարզամիտ Հայերուն կաթոլիկութեան գիրկը նետուելուն ամենօրեայ լուրերովը կը պարպի ու կը տառապի միտքս։

Բոլոր կամքովս կը ջանամ գտնել հաւատափոխութեան անդուլ հիմա գրեթէ անվախ ու համարձակ դարձած, սորսորումէ հեղեղի վերածուած այս շարժումին եւ սա ապուշ տողերուն մէջ.

Դուք մէջէն, ես քովէն,

Անցնինք դիմաց, փոխենք տեղ։

Կը ջանամ եւ կը յաջողիմ գաղտնիքը գտնել, որ սա է կարծեմ։

Այս ատենները ուր այս երգը կ’երգէինք, պապական Հայերն էին որ մեզի կուգային փոխանակ մենք անոնց երթալու։ Անոնց ջոջերն էին, մտաւորական ու եկեղեցական ջոջերը որ մայրենի գիրկը կը վերադառնային թողութիւն կը խնդրեմ Վենետիկցիներէն մեր Եկեղեցին «Մայրենի գիրկ» անուանելուս համար եւ հոն կը գտնէինք այն մեծարանքը զոր մենք, ափսո՜ս, զլացած չէինք նորեկներուն։

Այսպէս, երբ հիմա ամեն անկիւնէն լուրը կը հասնի, այնքան յաճախ որ անտարբեր կը թողու զմեզ, Գուրտպէլէնէ մինչեւ Վան, պապական անդուլ մարդորսութեան լուրը, Հայերուն ամեն տեղ կաթոլիկութիւնը գրկելուն լուրը, ակամայ բաղդատութիւն կուայ աչքիս առջեւ հոն օրերուն եւ մեր օրերուն, մեզի դարձողներուն եւ մենէ հեռացողներուն։ Մեզի եկողներուն դոյզն մնացողին փոխարէն՝ ժողովուրդին դիմացի կողմը անցնելու շարժումը, քատրիյլին սա տունովը ճշդիւ չի՞ պատկերնար.

Դուք մէջէն, ես քովէն,

Անցնինք դիմաց, փոխենք տեղ։

* * *

Չար գուշակ մը ըլլալու չեմ ուզեր. բայց պարզ թուաբան մը ըլլալը չի՞ բաւեր արդեօք հաշուելու համար թէ այս կրօնափոխութիւններով որքա՛ն ատենէն մեր Պատրիարքարանը իր մարդահամարի տումարները պիտի փակէ բոլորովին. ասիկա արզ համեմատութեան խնդիր մըն է որ երեքի կանոնով կը լուծուի, ինչպէս կ’ըսէին իմ դպրոցական եղած ատենս։

Եւ, տարօրինակ բան, եկեղեցական հասցնելու աշխատութիւնն ալ ոչ երբեք այնքան ամենօրեայ աշխատութիւն մը եղած է, հիւանդութիւն մը պիտի ըսէի, մեր Պատրիարքարանին մէջ, որքան հիմա։

Օր չանցնիր որ դպիր, քահանայ, վարդապետ եւ եպիսկոպոսի ձեռնադրութիւնը չլսուի. միշտ գործի վրայ ենք. ներելի՞ է հարցնել ո՞ր հօտին համար են այս հովիւները. ժողովրդին կրօնափոխութեամբ պակսելուն դէմ եկեղեցականներու թիւին անընդհատ յաւելումը պատրա՞նք մը տալու համար է մեզի եւ այս խոտոր համեմատութիւնը իբրեւ ուղիղ ընդունելու համար ո՞րքան միամտութիւն կը պահանջուի մենէ։

Չտեսանք դեռ մեր մեծազբաղ ժողովներուն մէջ լուրջ ու բանաւոր մտադրութիւն մը այս հոսանքին առաջքը առնելու համար, պատճառները որոնելու, ստուգելու եւ անոնց դարման տանելու հոգածութիւնը. այլ ամեն օր հանդիսատեսներն ենք եկեղեցական եւ դպրոցական գործերու անկանոն ու աւաղելի վիճակի մը որ ստուգիւ կը բացատրէ, եթէ չարդարացներ, հաւատփոխութեան շարժումը որ մեր չորս դին կը գրաւէ։

Եթէ իրաւ է որ դպրոցը եկեղեցւոյն գաւիթն է, հաւաստի ըլլանք որ մեր եկեղեցին առանց գաւիթի եկեղեցի մը ըլլալու ճամբան բռնած է։

Եթէ իրաւ է որ Պատրիարքարանը՝ իր տնօրինութիւններուն արդարութեամբը, իր որոշումներուն հանրային խղճմտանքի համաձայն ըլլալովն է որ պիտի պահէ բարոյական հեղինակութիւնը իր ժողովուրդին վրայ՝ այն ամեն խնդիրներու մէջ որոնցմով մամուլը առիթ ունեցաւ զբաղելու, այս հեղինակութիւնը անվթար մնացած չենք կարծեր։

Ասոնք եւ ասոնց ման կարգ մը պատճառներ կը միանան եռաժշտութիւնը կազմելու այն պարին զոր՝ քիչ շատ ամեն կողմ ժողովուրդը կ’սկսկի պարել, երգելով մեր Պատրիարքարանին երեն ի վեր.

Դուք մէջէն, ես քովէն,

Անցնինք դիմաց, փոխենք տեղ։