Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՒԹԸ ՏԱՐԻ ԵՏՔԸ

Բերա, 1 Հոկտեմբեր

Սիրելի բարեկամ,

Ես ալ կ’զգամ որ Զօլային մահուան առթիւ բան մը գրելու եմ։ Հայերը չեն ճանչնար զինքը եւ ինչպէ՞ս կ’ուզէք որ ճանչնան, քանի որ անոր գործերէն ոչ մէկը հայերէն թարգմանուած է։ Այդ գործերը իրենց ֆրանսերէն բնագրին վրայէն կարդացող եւ չկրցող հասկցող մէկ քանի հոգի՝ այս մեծ մատենագրին անբարոյական հեղինակի համբաւ շինեցին մեր մէջ եւ մեր հասարակութիւնը անկէ զգուշացելու ելան։ Տղայութեան ատենէն միտքս մնացած է սոսկումը զոր Վոլթէռի անունը լսելնուս կ’զգայինք։ 18րդ դարու է՛ն մեծ մատենագիրը պէտք էր որ անծանօթ մնար մեր խաւարապաշտ ու անմշակ մտքերուն. ահա՛ այս տեսակ բաներով կրնայինք մնալ այն յետամնաց ժողովուրդը զոր ենք։

 

Այս վերջին մէկ քանի տարիներուն մէջ անաստուածութեան ամբաստանութիւնը իր շահեկանութիւնը կորսնցուցած ըլլալով, անբարոյականութեան դէմ կռուելու պատրուակով զինուեցան անոնք որոնք դատապարտուած են կռնակնին դարձուցած մնալու յառաջդիմութեան. անբարոյականութիւն որ, ասոնց խօսքին նայելով, հոլանի ծիծ մը կամ մերկ սրունք մը ցուցնելով կը վրդովէր իրենց ի բնէ խարխուլ պարկեշտութիւնը։ Հայերուն մէջ իբրեւ մերկապարանոց բաներ գրող՝ ինծի կ’իյնար այս մեղադրանքներուն ենթարկուելու պատիւը. եւ այսպէսվ պզտիկ խնամութիւն մը ձեւացած է միշտ իմ խոնարհ անձիս եւ մեծ գրագէտին մէջ որուն սուգը կը պահէ այսօր Ֆրանսան՝ ամբողջ լուսաւորեալ Եւրոպային հետ միասին։ Այս ազգականութիւնը որ չարդարանար՝ եթէ ի նկատի անենք արժանիքի տեսակէտով երկուքնուս մէջ եղած մեծ անջրպետը, ստոյգ ու վաւերական պիտի ըլլար՝ եթէ ամեն տեղ ստութիւնը ու կեղծիքը խորտակելու փափաքը ունենալը միայն՝ բաւական ըլլար ասոր։

 

Զօլայի եղերական վախճանը խորհրդաւոր բան մը ունի իր մէջը. այս այն մահը չէր որ ճակատաբաց կուգայ առջիդ իր գալուստը առաջուց իմացնելով եւ միջոց տալով քեզի որ պաշտպանես ինքզինքդ իրեն դէմ. ո՛չ , այլ լռութեան ու մութին մէջ հասնող մահն է որ իր ներկայութիւնը զգուշութեամբ կը պահէ եւ քնանալուդ կ’սպասէ վրադ խոյանալու ու զքեզ չքացնելու համար. մէկ բառով, նենգութիւնն է, կեղծիքն է ան, որոնց դէմ Զօլան այնքան սաստկութեամբ մաքառեցաւ։ Նենգութիւնը՝ յաղթող վերջ ի վերջոյ, հարկաւ այն վհատեցուցիչ դասը չէ որ կը քաղեմ այս մեծ կորուստէն, բայց այս աղէտը խորհրդանշանի պէս կ’երեւայ աչքիս։

Ութը տարի առաջ երբոր պզտիկ յօդուածի մը ակամայ ամփոփումին մէջ ստիպուեր էի տարտամ գործերով միայն այս մեծ դէմք ներկայացնել Մասիսի ընթերցողերուս, Զօլա իր գլուխգործոցը չէր գրած դեռ, այն հոյակապ արձակը որ Կ’ամբաստանեմ կը կոչուի։ Իր բոլոր հատորներուն մէջ մեծ քաղաքացին կը նշմարուէր միայն. ոչ ոք մտքէն կ’անցընէր որ ի հարկին երեւան պիտի ելլար ան՝ այսքան ապշեցուցիչ արիութեամբ մը եւ իր գրական հաւատամքը միմիայն ճշմարտութեան «հաւատամք» մը սոսկ արդարութեան ու իրաւունքի վերաբերող խնդրոյ մը մէջ ալ միեւնոյն անվեհերութեամբ պիտի պոռար ամենուն երեսին։

 

Երկու տարագրում աչքի առջեւ կուգան այս վայրկեանիս եւ անկարելի է մերձեցում մը չընել այս երկուքին մէջ. Հիւկօին եւ Զօլային հեռացումը իրենց երկրէն. բայց բաոյական ի՛նչ մեծ հեռաւորութիւն երկուքին մէջ։ Հիւկօն շպարի, ոսկեզօծումի, մէկ բառով ռոմանթիք գրականութեան անմատչելի կատարը, անոր համար կ’ստիպուէր թողուլ Ֆրանսան որովհետեւ իրեն խոստացուած նախարարական պաշտօնը չէր կրցած իրեն տրուիլ եւ քինախնդիր բանաստեղծը օտար հողի մը վրայ կ’երթար իր մաղձը, որ նորէն է՛ն մաքուր ու նուիրական անուններով պիտի մկրտէր, թափելու իր Chatimentsներուն մէջ։

Զօլան՝ բնապաշտ դպրոցին գլուխը՝ իր հանգիստը, իր մեծ դիրքը, զինքը շրջապատող բոլոր համակրութիւնները առանց վարանելու ձգելու կը յօժարի, յանիրաւի դատապարտուած Հրէայի մը անմեղութիւնը պաշտպանելու համար։ Այս է անբարոյական մարդը։

Ռոմանթիք եւ բնապաշտ դպրոցներուն բոլոր տարբերութիւնը այս երկու եզրերուն բաղդատութեանը մէջն է։

 

Սիրտս տրտմութեամբ լեցնող բանը սա է որ ճիշդ այն պահուն ուր բոլոր աշխարհ այս մեծ նկարագրին ու այս մեծ գրագէտին գերեզմանին առջեւ կը խոնարհի, մենք կ’ըլլանք միայն բացառութիւնը կազմողը. ոչ միայն այս մեծ քաղաքացիին գերեզմանին առջեւ կը ծիծաղինք, այլ ժամանակակից այս անուանի գրողը հասարակ թերթոնագիր մը անուանելու կ’ելլենք։

Իրօք արգահատելի հասարակութիւն մըն ենք։