Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԱՊԱՀԷՏՏԻՆ ՊԷՅԸ ԴԻՄԱՒՈՐԵԼՆԻՍ

Ա.

Չորեքշաբթի

Ժամը երեկոյեան 11ն է։ Նաւահանգիստին մէջ Բրէնչէբէսա Մարինան խարիսխի վրայ է. վերէն վար իր ճերմակ ներկին ու նոյնպէս սպիտակ ծխնելոյզի գլանին ցոլացումը ծովին կապոյտին վրայ հանգչող երկրորդ շոգենաւ մը կը ցուցնէ հորիզոնաձեւ երկնցած։

Աջէն ձախէն, մէկիկ մէկիկ մակոյկներ կուգան, հրաւիրեալներ կը բերեն։ Ամենէն փութկոտները մենք ենք, դառնակցականներս։ Ես՝ դաշնակցակա՞ն։ Ինչո՞ւ չէ։ Գաղափարի, սրտի եւ գրչի դաշնակցութիւն, քսան տարուան կապ       որ Բարիզէն վերջին վերադարձէս ի վեր՝ ամենօրեայ գործակցութեամբ ամրացած է եւ որ ոչ նուազ յարգելի է քան սա միւսը որ երդումի մը, կարգապահութեան մը եւ հրաման մը գործադրելու մէջ կը կայանայ։

Իմ դաշնակցականներուս, «ընկերներուս» թիւը հետզհետէ կ’աւելնայ. լուրջ ու չեմ գիտեր ինչ տրտում քօղով մը, անցեալին քօղը, պարուրուած դէմքեր կը տեսնեմ շուրջս. ստուեր մը կը թռչի այդ ճակատներուն վրայ։

A tout seigneur, tout honnenr [1] ։ Նախ Մալումեանը, ընկեր Մալումեանը, դաշնակցական բարբառով, որուն Կովկասցիի թուխ ու կլոր երեսը՝ այտերուն կարմրութեամբ շեշտուած՝ գեղեցիկ խնձորի մը քաղցրութիւնը կը խոստանայ։ Աչքերը այս դէմքին վրայ կը փայլին, կը ցնծան արտասովոր փայլով մը, դեռ նոր ծագած արեւի մը պէս։

Միշտ այսպէս տեսայ այս աչքերը, խուզարկող, քիչ մը հեգնող եւ իսկոյն ընտանեցող նայուածք որ խօսակցութեան տաքութեան մէջ կը վառի, կը լուսավառի, կը բոցավառի։ Կը սիրեմ այս նայուածքը։

Կ’ուզե՞ք որ ընկեր Զարդարեանն ալ ներկայացնեմ ձեզի. Ռուբէն Զարդարենը Ռազմիկի խիզախ խմբագրապետը որ գաւառացի գրագէտներուն է՛ն շքեղ դէմքերէն մէկն է։

Գեղեցիկ, բարձրկէկ հասակ որ նիհար մարմին մը կը տանի սեւ ռըտէնկօթի մը մէջ սեղմուած, տժգոյն ու ծանրախոհ գլուխ մը եւ դիւանագէտի կեցուածք մը որ դաշնադրութիւն մը ստորագրելու կը պատրաստուի։

Ընկեր Վահագնը, այս դարավերջիկ հրացանակիրներուն Բորթոսը, որ իր հսկայի հասակովն ու մէկ կողմի հակած յարդէ գլխարկովը հեռուէն կը ճանչցուի։ Բայց երեւալը ու աներեւութանալը մէկ եղաւ անոր։

Ո՞ւր իգնաց, ո՞ւ անհետ եղաւ։

Յետոյ Յոնանը. սա խարտեաշ, նիհար, ոսկրուտ գլուխը, սա կարծես թոյլ ու երկնկէկ մօրուքը, սա դաւադիրի դալուկ ու անոյշ դէմքը իրն է։

Դեռ ո՞ր մէկը համրեմ։

Յանկարծ սանդուխէն վեր կը բարձրանայ կը տեսնէք որ շինծու դաշնակցական մը չեմ, քանի որ փոխանակ մեր հոսհոսական «վեր կ’ելլէ»ին՝ Ռուսահայոց պէս կ’ըսեմ «վեր բարձրանայ» - մոխրի գոյն մօրուք մը ու կապոյտ ժպտող աչքեր ուշադրութիւնս կը գրաւեն, այս աչքերը զիս կը նշմարեն, կը ճանչնան։

- Զօհրա՜պ,

- Պասմաճեա՜ն,

Պասմաճեան՝ Բարիզի Հայոց յատուկ պատուիրակը այս հանդէսին ուղարկուած է։

Կը խօսակցինք, եւ այդ պահուն կը յիշեցէ ինծի որ ատենով պաշտպանեցի զինքը Պոլսոյ Եղեռնադատ ատեանին առջեւ եւ կը կարծէ որ յաջողեցայ մահուան պատիժը, որ կը ծանրանար իր վրայ, իջեցնել երեք տարուան բանտարկութեան. այս պատրանքը՝ որ իս փաստաբանի անձնասիրութիւնս կը գգուէ՝ չեմ ուզեր եղծել եւ կը թողում սեւ օրերու այդ յիշատակը ինչպէս որ է։

Քիչ մը վերջը կը հասնին թուրք հայրենակիցներնիս. ամենէն համակրելին որ իսկոյն մեր բոլորին սիրտերը կը գրաւէ, Նիհատ պէյը, Սապահէտտին պէյը է՛ն մտերիմը, տեղապահը, թէ որ Դուրեան Սրբազան չի նեղանար այս պատուանունը Իսլամի մը ընծայելուս։

Արիֆ Ճէլալէտտին պէյը monocleն [2] աչքին՝ զիս Թէաթրը Ֆրանսէն կամ Պուլվար տէ զ’Իթալիէնին վրայ կը փոխադրէ։ Ուրիշ պայծառ ու խրոխտ դէմք մը որ Պոլսահայերը քաջ կը ճանչնան, Ճէվտէթ պէյին՝ Իգտամի տնօրէն խմբագրապետինը։ Ասոնց քով պարսիկ պատուիրակութիւն մը, երիտասարդներ՝ որ իրենց ցաւերը մոռնալով մեր ուրախութեան մասնակցելու կը յօժարին։

Վերջին նաւակ մը Յոյն հայրենակիցներ կը բարէ մեզի, ներկայացուցիչներ այն մեծ ազգին զոր Հայերը չեն կարող ողջունել առանց իրենց յարգանքը ու համակրանքը արտայայտելու եւ որուն քաղաքակրթութիւնը համօրէն մարդկութեան է՛ն հիանալի երեւոյթներէն մէկն է պատմութեան մէջ։

Ժամը 12ն է։ Հոս հոն ծովեզերքին վրայ ու աւելի անդին կայծեր կ’սկսին ցատկտել. այդ լուսաւոր բիծերը հետզհետէ կ’աւելնան։ Շոգենաւը կը շարժի ահա, իր երկաթէ լուծքը կը դղրդի ու իր արոյրի ոսկորները կը ճարճատեն, մինչդեռ իր կուրծքին խորէն բղխող հռնդիւն մը ու կրկին անիւներուն դարձդարձիկ բաղխումը ջուրերուն՝ խուլ աղմուկով մը ականջնիս կը լեցնէ։ Բռէնչէբէսա Մարիան ծանր ճամբայ կ’ելլէ։

Բ.

Չորեքշաբթի

«Բռէնչէբէսա Մարիա» շոգենաւէն

Նախ դէպիՎոսփոր կ’ուղղուինք. երկու դիէն հետզհետէ լուսավառող բլուրներ ու վարը՝ ստորոտը, ծովին մէջ ցոլացող ապարանքներ կարծես թէ կ’ընկերանան մեզի. Գուրուչէշմէի առջեւ՝ լոյսերու ու բոցերու մէջ փողփողուն «եալը»ի մը վրայ մեր նայուածքները կը կենդանանան։ Սենիհա Սուլթանին՝ Սապահէտտին պէյի մօրը բնակարանն է ան որ իր կորսնցուցած տիրոջ դագաղին ու իր հեռացած զաւակին կ’սպասէ։ Վաղը մահ մը ու կեանք մը պիտի բերենք հոս, մէկը միւսէն աղուոր։ Ու ահա ամեն կուրծքերէն աղաղակ մը, «Կեցցէ՜ Սապահէտտին պէյ» կը թռի, ալիքներուն վրայէն կը խոյանայ ու առաջին ուրախութեան ձայնը հոն կը հասցնէ եւ այս հզօր մաղթանքին շունչովը կարծես անհամար աստղերը որ այս «եալը»ին ճակատը կը զարդարեն աւելի եւս կը պայծառանեն։

Պէպէքի առջեւ շոգենաւը կը կենայ. շրջան մը կը բոլորէ ու Վոսփորէն իջնելով Մարմարան կը մտնենք. ժամը իրիկուան մէկ ու կէսն է. բիւրեղէ գիշեր մըն է վճիտ ու անդորր. իրիկուան ճաշը ճշմարիտ եղբայրակցութիւն մըն է բաժակաճառերով, գիրկընդխառնումներով, ցնծութեամբ լեցուն՝ որուն առաջին անգամ ըլլալով կ’ունկնդրեն ծովին խօլ ոգիները։

Արշալոյս. ծիծաղկոտ առաւօտ մը մեր Տարտանել հասնիլը կ’ողջունէ. հեռուն՝ Արշիպեղագոսի ծովը իր անսահման տարածութեամբը կը պարզուի անհուն իղձերու հորիզոնի մը պէս։

Կանուխէն յատուկ շոգենաւ մը Տարտանելէն մեկնած է դիմաւորելու Սենեկալը որու մէջն է Սապահէտտին պէյը։ Բռէնչէբէսա Մարիան կ’սպասէ հոս անհամբերութեան շարժումներով։ Կամրջակին վրայ կեցած՝ այս ամառուան արշալոյսին մէջ Օսմ. արշալոյսը տեսնել կը կարծենք։ Թուրք, Հայ, Յոյն միութեան սիրոյ անկեղծ բաղձանքներ կը փոխանակենք. բայց ահա Սանակալը։

Ուղեւորներու բազմութիւնը առաջին նաւապետէն մինչեւ յետին նաւաստին, ոտքի վրայ է ու խնդութեան աղաղակներով կը թնդացնէ օդը. միեւնոյն գոռում գոչումը իրեն ընկերացող շոգենաւին անհամար բազմութեան մէջ եւ միեւնոյն աղաղակները ու ծափերը մենէ. խլացուցիչ ու զմայլելի երաժշտութի՜ւն։

Ցամաքէն շատ մակոյկներ, նաւակներ կը վազեն, կը փութան, զմեզ կը շրջապատեն. իսկոյն մենէ պատգամաւորութիւն մը Սենեկալի մօտ կ’երթայ իշխանը ողջունելու։ Յանկարծ շոգենաւին մէջքէն ծակ մը կը բացուի, նախ՝ պարապ, նայուածքէ զուրկ աչքի մը պէս. ու յետոյ կարմիր կանաչ դրօշակներու մէջ փաթթուած դագաղ մը ծանր կելլէ դուրս, մինչդեռ ֆրանսական եռագոյն դրօշը կայմին կէսին իջած կը խոնարհի Ֆրանսայէն դարձող այս տարագրի դագաղին առջեւ։ Անշարժ ծովին վրայ իջնող այս սնտուկը, այս ջինիջ ու վճիտ առաւօտը շոգէնաւերէն դուրս թափող այս անհամար ու լուռ բազմութիւնը քար կտրած յանկարծ, ծայրայեղօրէն մեծաշուք ու ներգործիչ տեսարան մը կը դնեն աչքներնուս առջեւ։

Յետոյ փոխադրութիւնը դագաղին մեր շոգենաւին վրայ, իշխանին գալուստը, ներկայացումներ, ձեռք սեղմելներ, մտերմական բառեր որոնք չեն կրնար արձանագրուիլ։

Ու ճամբայ կ’իյնանք դէպի Կ. Պոլիս Սենեկալին հետ քով քովի կ’ընթանանք պահ մը ու քիչ մը վերջը առաջ կ’անցնինք. մինակ ենք՝ կատարները թեթեւ մը ճերմկցած ալիքները ճեղքելով։ Սապահէտտի պէյը. ի՞նչ կերպ կ’երեւակայէք. բարձրահասակ հսկա՞յ մը, գեղեցիկ կարմիր երեսներով, դեղին մօրուքով. ո՛չ. թխադէմ երիտասարդ մը միջակ հասակով, կորովաբիբ նայուածքով, որ մեծ անհատականութիւնները իսկոյն կը մատնէ. արծաթի հնչուն ձայնով մը, որ արտասանած բառերը կը ճզմէ, կը դարբնէ, նոր երանգով մը երեւան կը հանէ, երգի մը պէս կը խօսեցնէ։ Ազնուական կեցուածք մը որ քիչ մը արձանացումի կը նմանի. խօսուածքին մէջ իր ձեւերը ժուժկալ ու զօրեղ են միանգամայն։

Սապահէտտին պէյ գերազանցապէս զարգացած միտքերէն մէկն է Թուրքերուն մէջ, իր հմտութիւնը ամենէն լուրջ ու գիտական ազատամտութեան մը վրայ կը յենու։

Ռամկավար հռետոր մը չէ, բայց պերճախօս ատենաբան մըն է որուն արծուի թռիչով ու սաւառնումներով շեշտը խրոխտ է ու միտքը պայծառ. իր նախադասութիւնները գրող ու խորհող մարդու դրօշմը կը կրեն։

Այս է տպաւորութիւնը, հիացումը պիտի ըսէի, որ թողուց վրաս այն ճառովը զոր հօրը դագաղին առջեւ ապտասանեծ եւ որ ուխտ, դաշինք մը, երդում մըն էր միանգամայն։

Որչափ կը յիշեմ թուրք պերճախօսութիւնը այս ճախրանքը երբեք չէր ցուցուած։



[1]            Ամեն մէկին ըստ իր արժանիքի։

[2] մէնակնոց