Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽԵԼՔԸ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԱԾ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Այս վերնագիրը compliment [1] մըն է կառավարութեան ուղղուած. ասով ես կ’ընդունիմ կոր որ կառավարութիւնը բոլորովին խելքէ զուրկ չէր ու դիպուածով միայն զայն կորսնցուց։

Կարգ մը անմիտ որոշումներ յայտարար նշաններ էին մտաւորական խանգարման մը։ Երէկուընէ ի վեր այս խանգարումը դժբաղդաբար կատարուած իրողութիւն մըն է։

Կառավարութիւնը երէկ ձեռբակալեց, հակառակ ընդհանուր ներումին իրատէին, Եըլտըզի պօմպայի ծանօթ դէպքին մասնակցողներէն Քրիս անունով երիտասարդ մը որ Քէօսէ Արիսթիտի եւ Սիլիօ Րիչչի անուններն ալ կը կրէր։ Այսպէս մինչդեռ պարզ մարդասպաններ, գողեր, հրաձիգներ փողոցները կը պտըտին, գաղափարի մը համար մարտնչող անձեր դեռ կը ձերբակալուին կառաւորութեան մը կողմէ որ այդ անձերուն շնորհիւ միայն իրենց հիմակուան աթոռին վրայ կը բազմին։

Բերայի նոր ոստիկանապետը՝ Ազմի պէյ, այս քաջագործութեան հնարամիտ հեղինակը կը թուի։ Իր պատժական հմտութիւններովը, նախկին յեղափոխականները հալածելու սովորութեամբը զինուած՝ այս ձերբակալութիւնը կատարած կը թուի։

Այս ոստիկանապետը այն շոգեկառքերուն կը նմանի որ մեքենան կենալէ ետքն ալ քիչ մը ատեն իր ճամբան կը շարունակէ։

Ազմի պէյին համար այսպէս. բայց նախարարներուն ի՞նչ ըսենք։

Խորհեցա՞ն արդեօք թէ ինչ ծանր սպառնալիք մըն է որ կ’ուղղեն բոլոր յեղափոխականներուն որոնք ընդհ. ներման խոստացած ապահովութեանը վրայ հիմնուելով այսօր ամեն կողմէ հոս եկած են բաց ճակատով։

Խորհեցա՞ն արդեօք թէ այս սպառնալիքը, եթէ վերջապէս ճշդուի, իր հետեւանքներովը միայն նախորդ բռնապետութեան խաւարային յոյսերուն ու բաղձանքներուն կը ծառայէ։

Խորհեցա՞ն ասոնք բոլոր։

Ես՝ անձնապէս դիմում ըրի ընդհ. դատախազներուն որ այս ձերբակալութեան վրայ ըստ օրինի պարտաւոր են իրենց կարծիքը տալու եւ յուսամ որ մինչեւ վաղը Սիլիօ Րիչչին կամ նամը տիյէ, ինչպէս կ’ըսէր Եղեռնադատ ատեանին համբաւաւոր նախագահը Հիլմի էֆէնին, Քրիս յեղափոխականը պիտի արձակուի այս իրիկուն կամ վաղը։

Բայցկառավարութիւնը ո՞ւր է, ինչո՞ւ այս վրդովումները։ Յիշե՞մ հոս Ոսկանին խօսքը.

 

Միթէ չե՞ն բաւ ինձ թշնամեաց բիւր վոհմակ,

Ի՞նչ կը գրգռես յոսոխութիւն դժնդակ

Զիմ ընտանին. թող որ սիրենք մենք զիրար։

 

Չորեքշաբթի, 27 Օգստ. 1908



[1] հաճոյախօսութիւն