Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳՈՐԾԱԴՈՒԼԻ ՄԸ ՇՈՒՐՋԸ

Ա.

ԵԷՆԻՔԷՕՅ

Անընդհատ անձրեւ մը որ առտուընէ ի վեր կը շարունակէ եւ, հիմա, իրիկուան մութին ու հետզհետէ խստութեամբ փչող քամիին խառնուելով անհուն տրտմութեամբ լեցուն գիշերուան թախիծը կ’աւելցնէ։

Սենեակին մէջ Սբէնսէրի մէկ հատորը կը թղթատեմ Բարոյականի բարեշրջումը։

Ճիշդ այն էջը հասած եմ ուր անգլիացի հեղինակը կ’ապացուցաէ որ ուրախութիւնը մարդուս կեանքը կ’երկնցնէ. իրա՞ւ. եւ ի՛նչ ընեն անոնք որ ուրախութեան երես տեսած չունին եւ որքա՜ն կարճատեւ ըլլալու էր հայ ազգին կեանքը, եթէ անհատներու համար յայտնուած այս կանոնը պատշաճէր ազգերու ալ կեանքին։

Այս խորհրդածութեանց մէջ կը վարանի ու կը թափառի միտքս։ Ուրախութիո՞ւն, ո՞ր տեղուանքը կը պահուըտիս արդեօք։ Ու անձրեւը կուգա ասեղի պէս բարակ ու պատուհանիս ապակիին վրայ կը փշրուի խուլ սրսփումով մը։

 

* * *

Մէկ, երկու, երեք… մէկզմէկու ետեւէ կը մտնեն սենեակս ճիշդ ութը հոգի. ութը նկուն մարդեր, այս խոնաւ ու մութ գիշերին անհնարին ցաւովը պաշարուած դէմքեր, մունջ, ստուերներու պէս անշշուկ, բանթողներ են ասոնք։

Ընտանիքի, զաւկի տէր մարդիկ են։ Դրամատէրը զոր հարստացնելու համար կեանքերնին փճացուցեր են հինգ, տասը, երեսուն տարի, չուզեր որ ապրուստ մը ունենան։ Իր փարթամ ընթրիքներուն նոյն իսկ փշրանքները շատ կը տեսնէ անոնց։ Յոյն, Հայ, Հրեայ, Թուրք, ամենքն ալ մէկանց կը վռընտէ իր վաճառատունէն դուրս, ցուցտին, անձրեւին, երկու հարիւր հոգի մէկանց կը ճամբէ։ Այս ահաւոր «ժէսդ»ովը երկու հազար հոգի սովամահ սպաննելու երկիւղին տակ՝ իրենց իրաւունքներէն հրաժարեցնելու կը ճգնի զանոնք։

Դրամատէրներու, աշխատաւորներու դէմ մղած յաւիտենական կռիւն է աս։ Միջին դարու մէջ թշնամիին զաւակը պատանդ կ’առնէին ու կ’սպառնային անոր. հիմա ալ նոյն բանն է. ասոնց կիները, զաւակները սովալլուկ պիտի մեռցնեն։ Այս արիւնոտ կռուին յատուկ նկարագիրն է ասիկայ. աշխատաւոր դասակարգին ազատագրութեան ամեն փորձ անօթութեան արհաւիրքին մէջ խեղդելու ջանքն է։ Ափսո՜ս, գիտեմ այդ բոլորը։

Ի՞նչ կերպով կ’ուզէք որ օգնեմ ձեզի։

Երթամ խօսի՞մ. ձեր իրաւունքները հասկցնե՞մ, ճանչցնե՞լ տամ ձեր բաթրօնին. չէք գիտեր գուցէ լաւ է որ չի գիտնաք թէ Իրաւունքը գոյութիւն չունի երեք. Իրաւունքը Ոյժին շուքն է միայն. հոն ուր ոյժ չի կայ՝ իրաւունք չի կայ. այս է ահաւոր կանոնը որով կը տնօրինուին աշխարհին գործերը. «էլ հէօքմ՝ մին էլ կալիպ»։ Խօսքը յաղթողինն է։

Ասով հանդերձ յուսադրեցի զիրենք, սրտապնդեցի։ Մէկիկ, մէկիկ, մորթուելու գացող ոչխարներու պէս դուրս ելան գլխահակ, մտածելով վաղուան հացին, վաղուան հիւանդութեան, վաղուան ցաւերուն։ Ասոնցմէ մին այս ժամուս, գիշերուան մէկին, պարտաւոր է մինչեւ Եէտիգուլէ երթալու իրեններուն քով։ Ակնկոր նայեցայ ետեւնուն մինչեւ որ անհետացան գիշերուան մութին մէջ եւ Պէշիկթաշլեանը միտքս ինկաւ յանկարծ.

«Յո՞ գնան, ա՛յ թշուառիկ»

Ու Սբէնբէրին հատորը շարունակեց ինծի բացատրել թէ ինչպէս զուարթ ընթրիքով, առատ լոյսով ու տաքուկ սրահի մէջ կատարուած ընթրիք մը դիւրամարս ու կազդուրիչ կ’ըլլայ հարուստներու սովորաբար տկար ստամոքսներուն եւ ինչպէս կը ծառայէ երկնցնելու անոնց հանրօգուտ կեանքը այս աշխարհքին վրայ։

Եւ խուլ զայրոյթով մը լեցուած որոշեցի որ յաջորդ օրը Օրօզտի Պախ վաճառատան, 10 միլիոն ֆրանք դրամագլուխ ունեցող վաճառատան, տէրերուն ըսեմ այս բոլորը։

Բ.

Ամեն ջանք ապարդիւն, ամեն համոզիչ խօսք անօգուտ։ Օրօզտի Պախ Ընկարութեան տնօրէնները չեն հաճիր ո եւ է զիջողութիւն ընել իրանց պաշտօնեաներուն։

Կռիւն որ կ’սկսի ահաւասիկ, հարկաւ՝ օրինաւորութեն սահմանի մէջ կռիւ, ուր զէնքերը փաստեր են, ուր յաջողութիւնը կոյր դիպուածի կապուած չէ, այլ հանրային կարծիքին կողմէ տրուելիք վճիռէն կախում ունի։

Ահաւոր կռիւ սակայն, ուր մէկ կողմը չքաւորութեան տագնապներու մէջ իր թուլացած մատներովը միշտ վեր բռնել կը ճգնի դրօշակ մը որուն վրայ կը կարդամ. «Արդարութիւն» եւ միւսը՝ ապրուստի հոգէ հեռու անփութութեամբ մը կ’սպասէ, կ’սպասէ որ այդ ձեռքը ուժաթափ ըլլայ։

Բազմաթիւ ընտանիքներ, շուրջ երկու հազար հոգի, կիներ, երախաներ կը տանջուին կուլան եւ, աղէտաւոր բա՜ն, անօթի կը մնան. ի՜նչ փոյթ. կռիւին պատահարներն են ասոնք։

Եւ անդին՝ դեռ նոր ազատագրեալ Հանրային Խղճմտանք մը կ’արթննայ ահա, կը բարձրանայ վեր, վեր՝ պայմանադրական կանոններէն ու կանխակալ կարծիքներէն եւ ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէ։

Չեմ ուզեր վէճին մանրամասնութեանց մէջ մտնել. նշանակեմ սակայն որ Օրօզտի Պախ ընկերութիւնը մերժեց ոչ միայն անկողմնակալ անձերու հաշտարար առաջարկութիւնները, այլ նաեւ առեւտրական նախարարին բարեկամական միջամտութիւնը, մինչդեռ աշխատաւորները յայտնեցին որ պատրաստ էին ընդունելու նախարարին տալիք որոշումը, ինչ որ ալ ըլլար։ Այս վաճառատունը մերժեց նաեւ ոստիկանութեան նախարարին խրատները ու յորդորները։

Անկարելի է որ այս պայմաններուն մէջ ամենուն համակրութիւնը դէպի գործադուք ընող պաշտօնեաներուն կողմը չի հակի։

Հանրային Խղճմտա՞նք, հանրային Համակրութի՞ւն. բառե՛ր միայն։ Ո՞վ գիտե։

Ո՞ր կողմն է խելացիութիւնը արդեօք. ժայռի մը պէս անսասան կենալո՞ւ, թէ ի հարկին տեղի տալու, յորդորներու ու աղերսներու ձայնին քիչ մը անսալու մէջ։ Կաղնի՞ թէ Եղէգ ըլլալ պէտք է։ Լաֆօնթէնի առակը քսաներորդ դարուն մէջ ու դրամատերներու աշխարհին համար սո՞ւտ պիտի ելլէ միթէ։

Երկու կողմը ահաւասիկ դէմ դէմի։ Այս վաճառատեն տնօրէնները բաժնետէրերուն դրամովը կրնան ջախջախել իրենց դէմի անզօր արարածները։ Բայց այն յաղթութիւնը ոչինչ պիտի ունենայ ասպետական եւ սրտի տէր մարդու մը համար մշտնջենական խղճի խայթ մը իտի ըլլայ։ Յոյս ունիմ որ իր խիզախ նկարագրին հակառակ վերջ ի վերջոյ Պ. Պախ, որ իսկապէս ազնիւ անձ է, իր դասակարգին մարդոց յատուկ կանխակալ կարծիքները ոտնակոխ ընելով, մէկ բառով մը երջանիկ ընէր հարիւրաւոր ընտանիքներ։ Քիչերու վիճակուած է այսքան մեծ կարողութիւն մը։

Կիրակի