Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՑԱՒԵՐ, ԴԱՐՄԱՆՆԵՐ
ԱՏԱՆԱ

Գիշերուան աղջամուղջը կը թեթեւնայ, համատարած սեւութիւնը կ’անօսրանայ տակաւ։ Տարտամ գիծեր, յետոյ անորոշ ձեւեր երեւան կուգան, կը ճշդուին, ու յետոյ, Մոլեռանդութեան ցցուած լեռներուն ետեւէն՝ գորշ, կասկածոտ, վարանոտ լոյս մը կը մաղուի, ճշմարտութեան դողդոջուն լոյսը կը տարածուի չորս դին։ Պայծառ ու ջինջ սպիտակութիւնը չէ ան. անողոքսպիտակութիւնն որ բոլոր ստուերները կը ջնջէ, բայց հիմակուց Մեծ Աղէտին բովանդակ Կմախքը կը գծագրուի արդէն հորիզոնին վրայ, կարմիր ու արիւնոտ երազի մը պէս։

Թուրք մամուլը կ’սկսի իր լեզուն փոխել։ Սիփէրի սայիքաէն վերջը, այնքան հայասէր, Թանինն է որ Ատանային արհաւիրքովը կը հետաքրքրուի վերջապէս. քիչ մը լոյս սփռուիլը կը պահանջէ այս մութ եղերգութեան վրայ… Թասվիրի էֆքէարն է որ Պապիկեան էֆէնտիի ականատես եղած սոսկումները կը նկարարգէ…

Ահաւոր թուանշանը, քսան հազար Հայերու խողխողում այս անգամ կիներն ու երեխաները միասին այն զոր Օսմ. Երեսփոխանական Ժողովի բեմին նետեցի Ներքին գործոց խորհրդականին երեսին, այդ թուանշանը իր ճշդուած ստուգութեամբը Ատանայի աղէտքին բովանդակ սարսափը կը պատկերացնէ. կոյրերու աչքերը կը բացուին, խուլերը կ’սկսին լսել, միայն Ներքին գործերու նախարարի անմեղ ու մանկունակ հոգին չի համոզուիր դեռ։

* * *

Ու գաղթականութեան վարար հոսանքը այն որ, այսքան տարիէ ի վեր, ճակատագրային պահապանն եղած է մեր ցեղին կը ծնի, զօրաւիգ կ’ըլլայ մեզի, վերջին պրկումովը բովանդակ ազգի մը ջղերուն՝ ցրուած ոյժերը ու կամքերը կը միացնէ ու դարավերջիկ Մովսէս՝ փոխանակ զմեզ Հայրենիք վերադարձնելու, անկէ կը զատէ զմեզ, հեռուն, շա՜տ հեռուն ապաստան մը, անկիւն մը գտնելու համար աստանդական Հայութեան։

Գաղթականութիւնը իբրեւ մեծ չարիք մը, մեծ պատուհաս մը նկատելը՝ մեր մէջ ընդունուած ճշմարտութիւն մըն է։ Ես՝ այդ կարծիքէն չեմ։ Գաղթականութիւնը մեր ազգը փրկող է՛ն մեծ ազդակներէն մին եղած է անցեալին մէջ, եւ եթէ զմեզ ճնշող ճակատագիրը նոյնը պիտի մնայ այսուհետեւ, ան է որ մեր ցեղը պիտի փրկէ նորէն։

Այսօր Հայաստանի հայութիւնը Պոլսոյ, Եւրոպայի, Եգիպտոսի, Ամերիկայի հայութենէն է որ օգնութիւն կ’սպասէ. անոր հասցնելու կը ջանայ իր սպառելու մօտ եղող ձայնը, վերջին աղաղակը։

Չեմ ըսեր Տաճկաստանի հայերուն որ գաղթեն. ասանկ խրատ մը երբեք չպիտի տամ իրենց. բայց չեմ համարձակիր պահանջելու անոնցմէ՝ որոնք կը ձգեն կ’երթան այս երկիրն որ հրաժարին իրենց գաղափարէն, ու չպիտի համարձակիմ մինչեւ որ օսմանեան իշխանութիւնները Համիտեան գարշելի ձեւերը չմերկանան, ու Մեծ Աղէտին առջեւ գոնէ, Մոլեռանդութեանց եւ Յետադիմութեանց այս նոր դրուագին առջեւ, ահապով ջարդերու մղձաւանջէն մինչեւ որ չազատեն զմեզ, իրապէս պատժելով կոտորածը սարքող ու թելադրող պաշտօնեաները. իրապէս ըսի, վասնզի Համիտեան սովորութեանց մէջ կայ, հանրային կարծիքի գոհացում տալու համար, երբեմն սուր պատիժներ տալ այս կամ այն պաշտօնեային։

* * *

Հաշտութեան բառը արտասանեցին ոմանք. ամենքս ալ հաշտութեանց կողմն ենք առանց վերապահութեան։ Չարագործներուն պատժուիլը կը պահանջենք ոչ թէ վրէժխնդրութեան զգացումի մը գոհացում տալու նպատակով, այլ անոր համար միմիայն որ ատոր մէջ կը կայանայ կեանքի, ինչքի եւ պատուոյ ապատհովութիւնը մեզի համար։ Կարմիր պզտիկ սուլթաններուն պատժուիլը կը պահանջենք՝ որովհետեւ Յետադիմութեանց ու Մոլեռանդութեանց այդ ներկայացուցիչները միշտ արիւնոտ անջրպետով մը պիտի բաժնեն օսմանեան ազգութիւնները։

Մարդասպաններու պատժուիլը կը պահանջենք… Բայց ո՞ւրկէ կը պահանջենք։ Ճշմարտութիւնը երեւան ելաւ, բայց Կառավարութիւնը մէջտեղ չկայ։ Հիլմի փաշան խօսք տուաւ, քննութեանց ցոյց տալիք արդիւնքին համեմատ արդարութիւնը ի գործ դնել։ Կ’սպասենք իր խոստումին գործադրուելուն։ Ներքին գործոց խորհրդականը որուն վրայ կը ծանրանայ այս կոտորածին եթէ ոչ պատժականը, գէթ բարոյական ու վարչական պատասխանատուութիւնը, կը շարունակէ իր պաշտօնին գլուխը մնալ. նոյնպէս իրեց պաշտօնին վրայ կը մնան ամեն պաշտօնեաները՝ որոնք Ատանայի մէջ ու շուրջը այս գազանօրէն պատմական բարբարոսութիւնը սարքեցին։

Ո՛չ. մինչեւ որ կարմիր պզտիկ սուլթանները չպատժուին, չպիտի համարձակիմ ըսելու գաղթականներուն.

- Կեցէք, մի՛ երթաք։