Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱԿՈՏՆԵԱՆԵՐ

Աշխարհագրութեան դասերուն մէջ, աղէկ կը յիշեմ, ամենէն էւել միտքս չարչարողը հակոտնեաներն էին։

Ուսուցիչը որ Ներշապուհն էր, աչքիս առջեւն է. թխաթոյր դէմք մը որուն վրայ ճիշդ աչքին ու ընքուիին քովիկը բուսած ուռ մը իր ստուերը կ’աւելցնէր առանց բան մը պակսեցնելու անոր ազդած պատկառանքէն։

Նոր սերունդը չի ճանչցաւ այս ուսուցիչը որ հին մաթէմատիկոս, վերջին պահու ոսանաւոր գրելու ախտէն մեռաւ։

Ականջս է իր թաւ ու դաշն ձայնը, երբոր տասներորդ անգամը ըլլալով գուցէ կը ջանար վայելուչ եւ հասկնալի սահման մը տալու հակոտնեային. Մարդ մը որուն կեցուածքը ճիշդ մեր կեցուածքին հակառակը, կ’ըմբռնէ՞ք, տղա՛ք…

Ո՛չ, չէինք ըմբռներ. երկրիս կլորութիւնը պիտի ըսէք. բայց տասը տարեկան տղաք, եւ պէտք է աւելցնեմ, որ շատ մը տարիքնին առած մարդիկ իսկ, դժուարութիւն մը քաշեն ընդունելու համար այս ենթադրութիւնը։

Այնպէս որ հակոտնեաները կ’երեւակայէի գլուխը գետնին վրայ դրած եւ ոտքերը վեր տնկած մարդ մը, տեսակ մը clown [1] զոր Բերա սիրքին մէջ յաճախ կը տեսնէինք ատեն մը։

* * *

Անկէց ի վեր տարիներ անցան. բայց դպրոցականի շրջանիս այս տպաւորութիւնը չի կրցայ բոլորովին մերկանալ։

Միչեւ այսօր գլխու վրայ կեցող մարդոց ամեն տեղ կը հանդիպիմ. կը բարեւեմ զիրենք, երբեմն կը խօսիմ հետերնին. կան որ ծանօթներս են։

Պէտք է իսկոյն աւելցնեմ որ ընդհանրապէս պատուաւոր մարդիկ են ասոնք։ Պատուաւոր՝ այն առումով որ եթէ անպատճառ անբասիր վարք ու բարք մը չի նշանակեր, գոնէ ուղղակի դատարան եւ բանտ առաջնորդող անպարկեշտութիւններէ զգուշութիւն կ’ենթադրէ։ Միջակ պարտուաւորութիւն՝ որ ճոխ սեղանի մը շուրջը, կանոնաւոր մարսողութեան մը պահուն մաքուր խղճմտանքի մը ցոլացումը կուտայ մարդուս երեսին. յարաբերական պատուաւորութիւն ՝ զոր Շէմէլֆինկ առուտուրի մարդոց բարոյականին վրայ տեղեկութիւններ ծախող տունը՝ իր չափուած, ձեւուած, հաշուած ասացուածքներովը խիստ լաւ կը բացատրէ երբեմն իր նամակներուն մէջ։

Հակոտնեան սովորաբար եկեղեցասէր է, ինչ որ ոչ միայն չի վնասեր, այլ վարկի բարձրացման ալ կը ծառայէ որոշ չափով մը. յետոյ մուտք կուտայ ազգային գործերուն որ Պոլսոյ մէջ դիրք մը կը կազմէ։

Տգէտ հակոտնեան կայ, բայց ուսած զարգացած հակոտնեան ալ չի պակսիր։ Սովորաբար լաւատես ու զուարթախոհ է. չեմ պնդեր թէ ամեն նուրբ յեգնութիւններ կը ճաշակէ, բայց կատակը կը սիրէ եւ պզտիկ համեստ խնդուքով մըն ալ կ’ստորագծէ երբեմն, զգուշանալով բարձրաձայն քահքահէն որ «բանը գործը գիտցող» դասին մէջ անվայել կը նկատուի։

Մեր հասարակութեան մէջ հակոտնեան անհրաժեշտ տարր մը կը ներկայացնէ, պահպանողական ոգին, որ Յետադիմութիւն ալ կը նշանակէ. նոր ստեղծուած թիբ մը չէ, ի վաղուց անտի գոյութիւն ունի եւ ասկէ վերջն ալ պիտի ունենայ. բայց Տարվինի օրէնքներուն համաձայն՝ իր ապրած միջավայրի պայմաններուն յարմարած եւ ըստ այնմ զինուած է։

Կոչումով կղերին պաշտպան, եկեղեցիին ալ անձնուէր զինւորն է ան. քսաներորդ դարու Կոտըֆրուա տը Պույօնը, եթէ ոչ Թառթիւֆը, վերջապահի՜կ ասպետ՝ որ ի հարկին կարող է խաչակրութիւն մը կազմակերպել նորօրինակ Արշակաւանի մը բոլոր բնակիչներէն, պահպանելու համար իր ժամուն մուտքը։

Իր իսկական ու անսեթեւեթ կերպարանքին մէջ «գործի մարդն» է, նեղութեամբ, չարչարանքով հասած, դիրք մը շինած մարդը, նկարագրի տէր թէ որ կ’ուզէք, անսայթաք քալողը ամեն ծուռումուռ ճամբաներէն, առաթուր կոխող անցնողը ամեն պզտիկ ու մեծ, չնչին ու երբեմն ահաւոր արգելքները, փոքրիկ ծաղիկէն սկսելով մինչեւ իր խղճմտանքը։

Անպատճառ առուտուրի մարդ չէ ան. գրող, օրագրող հակոտնեան ալ կայ, այս վերջերս մանաւանդ, շատ տարածուած։

Այս նոր սեռը Յեղափոխութիւնը կ’ատէ՝ ռամկաւարութեան հետ հաշտ է. մտաւորական մը ըլլալու չափ պաշար չունի եւ գաղափարի մարդը կլլալու պէտքը չզգար իր հոգիին մէջ. հաւիտենական վարձկան մը ըլլալու պատիւը կը բաւէ իրեն։

Խնդրանքի եւ Մատուցումի մեծ օրէնքին համաձայն՝ շատ կը փնտռուի ան այս օրերս մանաւանդ, ի հարկէ ոչ շատ մաքուր, ոչ շատ ազնիւ պայքարի մը համար։ Իտալիոյ մէջ ատեն մը condottieriներ, braviներ կային, ուրիշի հաշուին կին առեւանգողներ, մարդ սպաննողներ. գրչի հակոտնեան այսօր միեւնոյն արհեստը ի գործ կը դնէ մեր հրապարակագրութեան մէջ։

* * *

Հակոտնեան մեր մէջ պատմական մեծ դեր մը կատարելուն համոզուած է, եկեղեցասէր պահպանողականի դերը, կռուելով ժողովուրդին դէմ, մտաւորականներուն դէմ, երիտասարդութեան դէմ, ճիշդ այն երեք լոյսերուն դէմ որոնցմով մերինին նման ճակատագրապէս դժբաղդ ազգերը նեղութեամբ կը յառաջանան իրենց ճանապարհին վրայ։

Ֆրանսացի յեղափոխականներուն La patrrie en danger [2] փողածին նման, կրօնքը ու բարոյականը վտանգի մէջ է կ’աղաղակէ ան ամեն տեղ, երկու գաղափար՝ որոնց համար իր բարբառովը «կուտ մը» անգամ չի տար, իբրեւ ճշմարիտ գործի մարդ։

Ուշադրութիւն ըրէք երբոր փողոցը մէկու մը հանդիպիք որ ազգին բոլոր հոգերը շալկած մարդու մը գիտակցութեամբը ծանր ծանր կը քալէ. ուսերը կը կքին այս բեռին ծանրութեան տակ, տեսէք սա մարդը որ կը ծիծաղի հագուստը չունեցող ժողովուրդին վրայ, որ նրբամտութիւններ կը թափէ Ռուսինեանի պէս ըսելով.

Ո՞վ է սա հովկուլ յուղկահարն

Որ աչքն ի դուրան եւ քիթն ի քամի

Մաքիստրիկ քայլով կուգայ ի հանդէս։

Տեսէք զինքը երբոր մտաւորականը՝ անաստուած, յեղափոխականը՝ ազգավնաս կը կոչէ. տեսէք երբոր մաղձով, թոյնով, ժահրով լեցուն իր լեզուին ծայրովը աղտոտել կ’ուզէ ինչ որ կայ մնացած դեռ մեր մէջ բարձր եւ ազնիւ. տեսէք, ուշադրութիւն ըրէք իր դէմքին,

- Հակոտնեան է ան։

Եէնիքէօյ, 14/27 Յուլիս 1910



[1] ծաղրածու

[2]            Հայրենիքը վտանգի մէջ է։