Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲՕԹ

Մին էր անոնցմէ, այն կամաւորներու պզտիկ խումբէն՝ որոնք օրին մէկը անհնարին երազ մը իրականացնելու համար առաջ նետուեցան։

Ահա մեծ Արուեստը առաջ նետուիլ, ամեն բանի մէջ եւ ամեն տեղ։ Ահա մեծ Պատիւը՝ ամեն վայրկեան վտանգի դէմ, բանտին դեմ, կախաղանին դէմ քալել եւ քալել անվստահ։

Եւ այս եղաւ քսան տարի շարունակ կեանքը այս երիտասարդներուն, այսօր ծերեր արդէն. այս եղաւ սխրալի դիւցազներգութիւնը եւ անհաւատալի վէպը՝ որ Հայկական Յեղափոխութիւն կը կոչուի։

Սիմոն Զաւարեան մին էր անոնցմէ. անիկա աստուածներու գերագոյնը՝ Ճշմարտութիւնը պաշտեց մինչեւ վերջը, կրօնքներուն ազնուագոյնին կապուած մնաց՝ Խղճմտանքին. սէրերուն ամենէն դժբաղդը ունեցաւ՝ Ազգի սէրը։

Միշտ իր պարտականութիւնը կատարելու զբաղած գտանք զինքը՝ այնքան որ ատեն չունեցաւ իր իրաւունքին վրայ մտածելու. Իրաւունքը ուրիշներունն էր. Պարտականութիւնը՝ իրենը. ահա՛ բոլոր Զաւարեանը։ Եւ սուրբ համոզումը անիկա ընչազուրկներուն կեանքովը ապրեցաւ, առանց տրտունջի, զուարթութեամբ եւ այդպէս ալ մեռաւ։ Մեր դարը հակադրութիւնները կը սիրէ կարծես. carrierism [1] ի ստորին դրամապաշտութեան արտադրոյթներուն դէմ յանկարծ Զաւարեան մը կը հանէ։

Տարօրինակ հակադրութիւն մը նաեւ որ այս մարմնապէս վտիտ մարդը մեծ Յեղափոխականութեան պատկառանքն է։ Իր պարզութիւնը եւ համեստութիւնը ցոյցէ եւ աղմուկէ հեռու մնաց ամեն ատեն. աշխատիլ՝ այս եղաւ իր նշանաբանը, աշխատիլ մինչեւ վերջը, մինչեւ յետին րոպէն։

Վերջը վերջը այս զրկանքի կեանքը հիւծեր, մաշեցուցեր էր զինքը. արտաքուստ իր աշխոյժը կը պահէր տակաւին, բայց իր տառապանքը երեսին վրայ կը կարդացուէր։ Բժիշկները հանգիստ կը պատուիրէին իրեն. անիկա իր գործը շարունակեց. մօտաւոր աղէտի մը կանխայայտ նշանները բազմապատկուեցաւ. Զաւարեան իր աշխատասիրութեանը մէջ էր. օր մը սակայն, էն վերջերը, ա՛լ պարտաւորցաւ խոստովանիլ բարեկամի մը.

- Շատ տկար կ’զգամ ինքզինքս։

Մահամերձ էր բայց չզիջեցաւ անկողին մտնել ու նորէն աշխատութեան գացած պահուն, ճիշդ Աշխատանքի տան առջեւ, որ այսպէս խորհրդանիշը եղաւ իր կեանքին, մեռաւ Հռոմէացի Կեսարին պէս, ոտքի՛ վրայ։

19 Հոկտեմբեր 1913


[1]            պաշտօնամոլութիւն