Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

2. [«ԱՐԵՒԵԼՔԻ» ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆԸ]

 

Կ. Պոլիս, 13/25 դեկտ., 1884
Ղալաթիա, Կէոչէ-օղլու խան

 

Տնօրէն ժողովս կը փութայ ծանուցանել, թէ Հայոց Միացեալ ընկերութեանց Իւսկիւտարու Պատ. [ուարժան] Մասնախումբն ամբողջապէս յանձնած է իրեն այս անգամ վերջերս Իւսկիւտարու մէջ յիշեալ Պատ. Մասնախմբի ձեռամբ յօգուտ Ընկերութեանս տրուած թատերական ներկայացման զուտ հասոյթէն մինչեւ ցարդ գանձուած գումարն 3726, 75, երեք հազար եօթ հարիւր քսանվեց դահեկան արծաթ եւ երեսուն փարա:

Տնօրէն ժողովս քաղցր պարտականութիւն մը կը համարի ներկայիւս ջերմ շնորհակալութիւն մատուցանել հրապարակաւ Պատ. Մասնախմբի մեծարգոյ անդամաց, որք իրենց պաշտօնավարութեան առաջին օրէն սկսեալ` չեն դադրած հզօր աջակցութիւն մը ընձեռնել մեզ ամեն առթիւ եւ իրենց անձնուէր աշխատանօք կատարեալ իրաւունք ստացած են Հայոց Միացեալ ընկերութեանց երախտագիտութեանը արժանանալու:

Այս առթիւ ժողովս մեծաւ գոհութեամբ կը ծանուցանէ, թէ Ադրիանապոլսոյ նորակազմ Պատ. Մասնաճիւղի Կ. Պոլսոյ ներկայացուցիչ ընտրուած է Մեծ. [ապատիւ] Սըւաճեան Կարապետ էֆէնտի, համաձայն ճիւղային կանոնագրին:

Ի դիմաց Հայոց Միացեալ ընկ. Տնօրէն ժողովոյ

Ատենադպիր

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

Ատենապետ

Գ. Յ. ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ