Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Epistles  

7. [«ԱՐԵՒԵԼՔԻ» ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆԸ]

[Կ. Պոլիս, 10-13 մայիս, 1885]

 

Տնօրէն ժողովս մեծաւ խնդութեամբ կը ծանուցանէ, թէ Հայոց Միացեալ ընկերութեանց Պատուոյ անդամներէն Վսեմ. [ափայլ] Ասլան տ՚Ապրօ Բագրատիթ իշխանն, որ Նաբօլի քաղաքին մէջ հաստատած է իւր բնակութիւնն, իւր իտալացի բարեկամաց միջեւ հանգանակութիւն մը բանալով յօգուտ Ընկերութեանս, յաջողած է 1000 ֆրանքի [գումար] մը հաւաքել, որ եւ ղրկած է մեզ արդէն մայրաքաղաքիս իտալական դեսպան Վսեմ. Կոմս Քօրթիի միջոցաւ:

Տնօրէն ժողովս նուիրական պարտականութիւն կը համարէ ներկայիւս իւր ջերմ շնորհակալութիւնը մատուցանել հրապարակաւ թէ՛ Վսեմ. Բագրատիթ իշխանին, որ բարեհաճած է ի գլուխ կանգնիլ այս բարենպատակ ձեռնարկին, եւ թէ այն ազնիւ Իտալացւոց, որք յօժարակամ մասնակցելով այս հանգանակութեան` գործնականապէս ցոյց տուած են թէ ո՛ր աստիճան կը համակրին Հայ ազգին մտաւորական զարգացման:

 

Ի դիմաց Միացեալ ընկ. Տնօրէն ժողովոյ

Ատենադպիր

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

Ատենապետ

Գ. Յ. ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ