Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

13. ԱՌ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԲԻՒԶԱՆԴԻՈՆԻ

Կ. Պոլիս, 15/27 մայիս, 99

 

Բարեկամս,

Խնդալը կը սիրէք: Ես ալ:

Եթէ Տրէյֆիւսի անմեղութեան հաւատացող մը եղած եմ ոչ թէ այսօր` ուր չի կուրցող ամեն մարդ համոզուած է ատոր, այլ սկիզբէն ի վեր, երբոր դուք անգամ սխալ ըմբռնուած ազգասիրութենէ մը մղուած իր կղզեակին վրայ գամուած այդ հէք մարդը կը շանթահարէիք. եթէ այս հաւատքս պայծառ կերպով կը ցոլացնէի երբոր Մասիսի մէջ Զօլայի դատավարութիւնը կը գրէի, պատճառը այն է որ այդ տարագիրը դատապարտող բանը ոչ այնքան իր դաւաճանութեան հաստատ ապացուցութիւնն էր, այլ վերաբերիլը անոր ցեղի մը` զոր քրիստոնեայ Եւրոպան հալածելու համար տնտեսական հաւատաքննութիւնը հնարեր էր, կրօնական հաւատաքննութենէն ետքը:

Հակահրէականութիւնը քանի որ իր անունը տալ պէտք է, ինչպէս կ՚ըսէ Լաֆոնթէն Գերմանիան վարակելէ, Աւստրիան վրդովելէ ետքը, Ֆրանսա իր մուտքը կը գործէր, եւ երեւոյթը արժանի էր ուշադրութեան:

Այն ձեւին տակ, որ խտրութիւն չի դնող ու հաւաքական անէծքի մը տակ ընկճել էր ամեն մարդ որ ծննդեամբ այդ ցեղին պատկանելու յանցանքը ունէր, դրոշմուած իր ճակտին վրայ, խնդիրը կրնայ պատշաճիլ շատ մը ձեւերու եւ պարագաներու:

Տրէյֆիւսի խնդիրը նկատած եմ միշտ այս մութ ու սպառնալից տեսակէտէն, որուն ահաւոր շահեկանութիւնը կը յուսամ որ կը խոստովանիք: Ասոր համար ջատագոված եմ միշտ Արդարութեան, զուտ Արդարութեան դատը` ցեղային ատելութեան հերձուածին դէմ:

Այս հանգամանքին մէջ` իմ Տրէյֆիւսեան մը ըլլալս, որով ապաքէն կը պարծիմ, կատակի բոլորովին պատշաճ նիւթ մը չի կրնար մատակարարել կարծեմ:

 

Մնամ անձնուէրդ

Գ. ԶՕՀՐԱՊ