Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

23. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

[Զմիւռնիա], 22/4 յունիս [1902]

Սիրելի անուշիկ կինս,

Առանց ո եւ է պատճառի սիրտս հոս չափազանց նեղութեան մէջ է. այս մեծ ու զուարթ քաղքին մէջ կարծես թէ խեղտուքի մը մէջ եմ. իբրեւ թէ տեսակ մը բանտի մը մէջ գտնուէի:

Անոր համար զատեցի այս պատկերը որ հին բանտ մը կը յիշեցնէ. կը կարծէի որ այս պզտիկ ճամբորդութեամբ քիչ մը կը բացուիմ. հոս գալուս գլխաւոր պատճառը այս էր. բոլորովին հակառակը եղաւ. գիշերները ալաֆրանկա 10 1 / 2 կը պառկիմ եւ մինչեւ լոյս վրդոված քունով մը կ՚անցնիմ. վայրկեան մը առաջ դառնալէ ուրիշ բանի վրայ մտածած չունիմ. կարելի է որ շաբաթ օր ծովը ելլիմ: Շատ մը պաչիկներ սեւ աչիկներուդ:

Գ. Զ.