Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

32 [ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱԲԲԱՀՕՐԸ]

Կ. Պոլիս, 28 սեպտեմբեր, 1902

Գերապատուելի Տէր,

Վերստին կը համարձակիմ Ձեզ անհանգիստ ընելու, ներեցէք Ձեզ պատճառած անհանգստութեանցս։ Մօրաքրոջս աղջկանը Մարիին Տօքթ. Ֆրիտմանին դարմանատան մէջ դարմանուելու ժամանակամիջոցը պիտի լրանայ Հոկտեմբեր ամսոյս 11ին, որով քուզինս դարմանատան մէջ կեցած պիտի ըլլայ շաբաթ, ին չ որ Տօքթ. Նաթանկէլ հրամայած էր։ Արդ կը խնդրեմ Ձեզմէ որ հաճիք տեսնուիլ Տ. Ֆրիտմանին հետ եւ իւրմէ խնդրել բժշկական տեղեկագիր մը Պոլիս դարմանող բժշկին յանձնելու համար, այսինքն ինծի տեղեկացնելով քուզինիս առողջական վիճակը եւ իւր հրահանգները. եթէ Տօքթօրը դժուարանայ տալու այս տեղեկագիրը եւ պատասխանէ թէ ինքը անձամբ Տօքթօր Նաթանկէլին կը գրէ, խնդրեմ այն ատեն առաջուց տեղեկանայիք թէ Տօքթօր Նաթանկէլ իւր ճամբորդութենէ վերադարձած է Վիեննա թէ ոչ։ Վասն զի Տօքթ. Նաթանկէլ ինծի գրած էր թէ Հոկտեմբեր 12ին Վիեննա պիտի գտնուի։ Եթէ վերադարձած է, այն ատեն կ՚աղաչեմ վերստին քուզինս Տօքթ. Նաթանկէլին քննել տայիք եւ անկէ խնդրէիք տեղեկագիր մը։ Եթէ Տօքթ. Նաթանկէլ վերադարձած չէ, պատասխանէիք տօքթ. Ֆրիտմանին որ քուզինս չի կրնար սպասիլ Տօքթ. Նաթանկէլին Վիեննա վերադարձին եւ թէ Հոկտեմբեր ամսոյս 13ին անպատճառ պիտի մեկնի ի Կ. Պոլիս, եւ ջանայիք անձամբ իւրմէ տեղեկագիրը առնիլ եւ առանց բան մը հաղորդելու քուզինիս, ուղղակի զայն ինծի հաճէիք ճանբել։

Կը խնդրեմ յետոյ Ձեզմէ որ հաճէիք ընել ինչ որ պէտք է քուզինս ուղեւորելու ի Կ. Պոլիս եւ Հոկտեմբեր ամսոյս 13ին, առանց սպասելու Տօքթ. Նաթանկէլին վերադարձին։

Կրկին ներումն կը խնդրեմ Ձեզմէ Ձեզ պատճառած ձանձրութեանցս եւ ժամանակի կորուստին։ Ապահով եմ որ Ձեր մարդասիրութիւնը եւ անձնուիրութիւնը չի պիտի զլանայ ո եւ է հոգածութենէ եւ ի գործ պիտի դնէ ամենայն ջանք օգտակար ըլլալու քուզինիս արդի դժբաղդ վիճակին։

Կանխաւ բուռն շնորհակալութիւնքս մատուցանելով

Մնամ Ձերդ մշտանձնուէր մէկը

Գ. ԶՕՀՐԱՊ