Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

53. ՏԻԳՐԱՆ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆԻՆ

[Կ. Պոլիս, 1906]

 

Սիրելի բարեկամս,

Գիտե՞ս քուկդ ինչի կը նմանի, երբ կը պահանջես ինէ որ նորէն երեւան գամ գրական ասպարէզին վրայ. ես` որ անցած, եթէ ոչ բոլորովին անհետացած սերունդի մը կը վերաբերիմ, եւ այն պատանիներուն` որոնք մանկամարդ աղջիկները ձգելով հասունցած կիներուն ետեւէն կը պտըտին:

Շատ հեղ խորհած եմ այս ձգողութեան վրայ որ ոչ-հետաքրքիր մարդոց անհասկնալի է: Ես` երիտասարդ կինը կամ աղջիկը յառաջաբանի մը նմանցուցած եմ, գրքի մը առաջին գլուխին որ հետաքրքրութիւնը կ՚արթնացնէ, բայց չի յագեցներ. հարց մըն է որուն լուծումը կամ մեկնութիւնը միտքը կը զբաղեցնէ, կը հոգնեցնէ շարունակ կամ ժպիտի մը գծագրուիլը անստոյգ ու տարտամ գիծերով:

Հասուն կինը հատորն է ամբողջ, հոծ ու ստուար, լեցուն հազար դրուագներով, որոնց ծայրը միշտ արցունքի կաթիլ մը կը նշմարուի: Իր միսերուն ամեն մէկ ծալքին, իր մարմնին վրայ ծանրացող թովչութեան ու խոնջէնքին մէջ` կսկիծներու եւ վայելքներու դրոշմը կայ որ` հին մեհեաններու վրայ տեսնուածին պէս` անհատնում պաշտամունքներու ու երկրպագութիւններու ամենէն նուիրական վաւերագիրն է:

Կամ թէ որ հարկ է բանաստեղծներու լեզուն գործածել` աղոտ ու տրտում իրիկնամուտն է. հալող, հատնող, աներեւութացող բանն որ ան կը մատնէ եւ որ Վերջէն` նոր ու ցամաք Սկիզբէն` տղայական եւ անմիտ` հազար անգամ աւելի շքեղ է:

Շռայլուած ու փճացած, փայլած ու տժգունած, բարձրացած ու ստորնացած, գովուած ու դատափետուած, մրրիկներով ու պայծառ արեւներով ընդմիջուած բանն է, մէկ բառով Կեանքն է ան ինծի պէս:

Տեղի տալէ առաջ մտերմական դիմումիդ, հայելիին մէջ կը նայիմ անգամ մը. հին, վայելչասէր մարդու սովորութիւն. եւ հայելին որ անկեղծ խորհրդատու մըն է միշտ, կ՚զգուշացնէ զիս այս փորձութենէն, բոլոր ոյժովը կը դիմադրէ, կ՚ըսէ ինծի որ ատենով արդուզարդի պզտիկ ջանքով, un bout de toilette [1], ինչպէս կ՚ըսեն Ֆրանսացիները, կրնայի շնորհալի երես մը ցուցնել. մինչդեռ հիմա պէտք է ժամերով շպարուիլ, հագուստի կապուստի հնարքներու կոչ ընել` փողոց ելլելու համար:

Այդ բոլորը փոյթս չէ եթէ ատեն ատեն երեւալովս կրնամ օգտակար ըլլալ Ծաղիկիդ, որ հարկաւ ոչ բոլորովին անհոտ ու անգոյն, ինչպէս կ՚ըսէին մեզի Օրթագիւղի Լուսաւորչեան վարժարանին մէջ ջրածինին ու թթուածինին համար. ոչ ալ բոլորովին մաղձով կամ թոյնով լեցուած պիտի ըլլայ բարի ծաղիկ մը պարզապէս:

Մասիսի վրայ ծաղիկ մը. ինչու՞ չէ:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ


[1] Փոքրիկ մի արդուզարդով, թեթեւակի պճնուելով