Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

149. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

Բարիզ, 11 օգոստոս, 1910, հինգշաբթի ցորեկ

 

Անուշիկ սիրական կնիկս,

Այսօր Արամիս ստակ խրկեցի, որպէսզի Պրիւքսէլ գալու համար ճամբայ ելլէ. ստակը վաղը առտուան կ՚առնէ, շաբաթ Պրիւքսէլ է: Ես ալ հոսկէ վաղը կամ շաբաթ ցորեկ ճամբայ կ՚ելլեմ եւ շատ շատ շաբաթ ժամը 5-ին Պրիւքսէլ կ՚ըլլամ. adres-ը [1] հաւանականաբար Palace hôtel-ն է:

Բերա եկեղեցիին մէջ զարնուելներ, մահեր պատահեր են. այս լուրը առնելով շատ աւրուեցայ. վրաս արդէն ջղային վիճակ մը կայ. ճամբայ չելած Վռամեանին յատկապէս նամակ գրեր էի որ ատենուան մը համար վազ անցնին սա միթինկի խնդիրէն եւ քանի որ Պոլսեցի անպիտանները ծայրայեղութեան տանիլ կ՚ուզեն կոր գործը, իրենք, այսինքն Դաշնակցութիւնը չափաւորութիւն թող ցուցնէ: Կ՚երեւայ թէ խօսքս մտիկ չեն ըրեր: Վահանս, Արշակը ասանկ գործերու չի խառնուին: Ամենուն բարեւ, քեզի եւ զաւակներուս պաչիկներ:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

 



[1] Հասցէ