182.
ԱՐԱՔՍԻ
ԳՐՄԸԶԻՆ
[16
օգոստոս,
19,
1911],
շաբաթ
առտու,
ժամը
10
Orient
express-ին
մէջ
Սիրելի
Արաքսիս,
Ժամէ
մը
Վիեննա
եւ
այս
կէս
գիշերին
Ֆռանքֆուրթ
պիտի
հասնիմ,
վաղը
առտու
ալ
Վիսպատէն:
Այս
նամակը
Վիեննայի
բօսթային
պիտի
յանձնիմ.
կարծեմ
թէ
երեքշաբթի
ձեռքդ
պիտի
հասնի.
յետոյ
հասցէդ
ալ
չեմ
գիտեր.
poste
restante
[1]
պիտի
գրեմ.
այդչափը
միտքս
մնացած
էր,
բայց
ատոր
քովը
բան
մը
աւելցնել
պէ՞տք
էր
թէ
ոչ,
չեմ
յիշեր
կոր:
Ապահովութեան
համար
Բարիզի
հասցէովդ
ալ
քառթ
մը
պիտի
խրկեմ:
Սիրելի
Արաքսիս,
Հերմինին
քեզի
տուած
նեղութիւնները
գիտեմ.
դուն
հանգիստի
պէտք
ունէիր,
բոլորովին
հանգիստդ
կորսնցուցիր.
բայց
ատիկա
չի
նախատեսելուն
մէջ
եթէ
յանցանքին
մեծ
մասը
մերն
է,
մաս
մըն
ալ
քուկինդ
է.
ո՞վ
ըսաւ
քեզի
որ
ինքզինքդ
դարմանելու
գացած
ատենդ
ելլես
մեր
Հերմինին
պէս
capricieuse
[2]
աղջիկ
մը
միատեղ
տանիս:
Ինչ
որ
է.
եղածը
եղաւ:
Հիմա
կ՚աղաչեմ
որ
զինքը
շուտով
ինծի
խրկես
Վիսպատէն.
այս
ջուրերը
ճիշդ
անոր
ալ
rhumatismeին
[3]
աղէկ
կուգան.
միայն
թէ
ճամբուն
itinéraireը
[4]
աղէկ
որոշէ.
քանի
մը
անգամ
կարծեմ
train
[5]
պիտի
փոխէ.
ամեն
train
փոխելիք
քաղաքները
եւ
ժամերը
թուղթի
մը
վրայ
գրէ
եւ
իրեն
տուր.
bagageները
[6]
բոլոր
Վիսպատէն
enregistrer
[7]
ընել
տուր.
եւ
ճամբայ
ելլելուն`
ինծի
հեռագիր
տուր
Zohrab,
Wisbaden,
Hôtel
Rose.
եթէ
trainը
մինչեւ
Ֆռանքֆուրթ
կուգայ,
կրնամ
մինչեւ
հոն
գալ
եւ
Հերմինը
առնել.
եթէ
մինչեւ
Վիսպատէն
կուգայ`
աւելի
աղէկ,
այն
ատեն
հասնելիք
ժամը
գիտնամ.
ասոնք
հեռագրին
մէջ
ըսէ:
Հիմակ
ու
հիմակ
ուրիշ
ըսելիք
չունիմ:
Քոյրդ
եւ
տղաքը
աղէկ
են:
Եղբայրս`
Միհրանը,
աչքին
համար
Բարիզ
է,
Grand
Hôtelը.
ամենքնիս`
մէյմէկ
կերպ
հիւանդ,
առողջութիւն
փնտռելու
եկեր
ենք:
Պաչիկներ`
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ