187.
ԿԼԱՐԱ
ԶՕՀՐԱՊԻՆ
[Վիսպատէն],
22
օգ.,
երեքշաբթի,
[1911]
Սիրական,
շէքէրլի,
խայմախլը,
աղուոր,
քիթիկլի
հոգիս,
Հիմա
բժիշկին
գացի:
Քննեց,
goutte
[1]
ունենալս
շատ
հաւանական
գտաւ
եւ
պէտք
եղած
պանքօն
եւ
ռէժիմը
որոշեց.
առջի
օրերը
պանքօն
goutte
(եթէ
սկիզբն
է)
երեւան
կը
հանէ
ըսաւ:
Ես
իրեն
չըսի
որ
2
պանքօ
առած
էի
արդէն.
եւ
զարմանալի
բան`
ան
ոտքիս
մատին
ցաւած
տեղը
կոխելուս`
նոր
ցաւիլ
սկսած
է
եւ
միւս
ոտքիս
մատն
ալ.
մարդուն
ըսածը
ճիշդ
ելաւ.
եթէ
թեթեւ
մնայ`
հոգ
չէ:
Բայց
եթէ
աւելնայ`
ի՞նչ
պիտի
ընեմ:
Բժիշկը
ըսաւ
որ
եթէ
ատանկ
բան
մը
պատահի`
ան
ատեն
պանդոկ
կուգամ,
կը
դարմանեմ:
Հաւանական
[է]
սաստիկ
բան
մը
չըլլար.
Աստուած
տայ:
Այսօր
ինքնիրգլուխս
massag
[2]
մը
ընել
տուեր
էի.
բժիշկն
արգիլեց:
Սիրտս
քննեց
եւ
շատ
աղէկ
գտաւ.
ահաւասիկ
Վիսպատէն
գալէս
ի
վեր
ուրախացած
առաջին
բանը:
Artériosclérose
չունիս
ըսաւ:
Goutteին
եւ
գիրութեանս
համար
ահաւասիկ
իր
պատուէրները.
Առտու
ելլել
ժամը
6-ին.
աղբիւրը
երթալ,
1
/
4
ժամու
տարբերութեամբ
2
գաւաթ
տաք
ջուր
(խմուելիք
բան
չէ
գիտցած
ըլլաս,
բայց
ի՞նչ
ընեմ),
առաջին
գաւաթին
մէջ
5
gramme
Carlsbadի
աղ
աւելցնել.
3
/
4
ժամ
պտըտիլ,
7-ին
պանքօ
առնել
35
աստիճան.
առջի
օրը
15
վայրկեան,
երկրորդ
օրը
20,
երրորդ
օրը`
25
եւ
անկէ
վերջը`
30
վայրկեան
մնալ.
յետոյ
նախաճաշ
ընել,
բայց
անոյշ
բաներ
չըլլար.
միայն
beurre
[3].
ցորեկն
եւ
իրիկուան`
հաց,
մաքառօն,
բիլաւ,
բաթաթես
եւ
farineux
[4]
չի
կայ.
քիչ
մը
միս
կրնամ
ուտել,
ինչպէս
նաեւ
ձուկ,
volaoille
[5],
հաւկիթ,
բանջարեղէն
եւ
առհասարակ
ամեն
կերակուրները
առանց
չափազանցութեան,
առտուան
նախաճաշէն
ետքը
11-ին
նորէն
գաւաթ
մը
տաք
ջուր,
մէկ
ժամ
պտոյտ.
ցորեկուան
ճաշէն
ետքն
ալ
1-2
ժամ.
4ին
կամ
5ին
նորէն
գաւաթ
մը
ջուր.
(1ա.
)
օրը
4
գաւաթ
ջուր,
4
ժամ,
4ժամ
քալել:
Մեզս
տուի,
պիտի
քննէ
եւ
գալ
երեքշաբթի
նորէն
պիտի
երթամ:
Այս
բոլորը
քեզի
գրելս
բոլորովին
աւելորդ
է:
Բայց
բան
չունիմ,
գործ
չունիմ:
Օթէլին
մէջ
չորցած,
թմթռկած
missե
[6]
ր,
որոնք
մէկ
աղէկ
բան
մը
ունին.
մեծ
մեծ
մարգարիտներ
վիզերնին,
մատերնին,
ականջնին.
գետնին
տակը
անցնին:
Է՛ն
գէշ
բանը
այս
քաղքին
մէջ
ամեն
կողմ
անդամալոյծներ.
յուսահատակա՜ն
բան:
Շատ
մը
պաչիկներ`
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ