230.
ԿԼԱՐԱ
ԶՕՀՐԱՊԻՆ
[Բարիզ],
23
սեպտ.,
[1911],
շաբաթ
առտու
Անուշիկ
հոգիս,
Երէկ
գիշեր
opéra
գացի.
Saloméն
ներկայացուցին:
Այս
տարի
առաջին
անգամ
ըլլալուն`
շատ
բազմութիւն
կար:
Տեսնուելու
արժանի
բան
մըն
էր:
Պիտի
ըսես
որ
Եւրոպայի
մէջ,
Բարիզի,
տեսնուելու
արժանի
չեղող
ի՛նչ
կայ
որ…
Այդպէս
կարծելն
ալ
սխալ
է,
չափազանցութիւն
է:
Օրինակի
համար,
առջի
[օրը]
Palais
Royalի
[1]
թատրոնը
գացեր
էի.
Coquette
[2]
անունով
խաղ
մը
ներկայացուցին,
խենթ
եւ
տղայական
բան
էր:
Բայց
Salomé-ին
ըսելիք
չի
կար.
մէկ
acte
[3]
մը,
բայց
սքանչելի.
վերջին
2
actes
ballet
կար.
թէ
աղուոր
dansը
[4]
վերցնես`
մնացածը
բանթօմիմա
է.
միայն
մէկ
acteին
կեցայ
եւ
հօթէլս
դարձայ,
պառկեցայ:
Այս
առտու
նամակդ
առի:
Իրաւունք
ունիս.
քաքան
սուղոտ
է
կատուին
քաքայէն
ուրիշ
քաքայ
չ՚ըլլայ
տէ:
Կ՚երեւայ
որ
առտու
իրիկուն
Տիկին
Բաբազեանին
հետ
ես:
Կը
մեղքնամ
կոր
քեզի.
մտիկ
ըլլուելիք
մէկը
չէ:
Բայց
մենակութիւնը
աւելի
գէշ
է:
Հերմինս
այս
առտու
հասաւ.
քեզի
ալ
շատ
նիւթ
խօսակցութեան:
Ես
երէկ
Meyerին
գացի,
պէտք
եղածը
ապսպրեցի,
բայց
15
օրէն
առաջ
պատրաստ
չ՚ըլլար,
ըսաւ:
Քեզի
աղուոր
jupon
[5]
մըն
ալ
առի
Galerie
Lafayetteէն,
շատ
պիտի
հաւնիս:
Միւս
առածներս
չե՜մ
ըսեր:
Պաչիկներ`
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ
[3]
Գործողութիւն,
արարուած