Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

248. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

[Կ. Պոլիս], 29 յուլիս, 1912, երկուշաբթի

 

Անուշիկ սիրական հոգիս, կեանքս,

Եւրոպա ալ քանի մը ամիս քենէ հեռու մնայի նէ` քեզի շատ կը կարօտնայի, բայց երբեք հիմիկուանին պէս այսքան սաստիկ զգացած չէի այդ կարօտը. գրիչս առաջ չ՚երթար: Բայց կարծեմ թէ ալ երեսդ չի պիտի կրնամ տեսնիլ. անանկ վրաս տխրութիւն մը, յուսահատութիւն մը կայ: Հարկաւ ասիկա ջղային վիճակէ ուրիշ բան չէ. 3-4 օր Թարապիա կենալէ վերջը այս առտու իջայ. պանոկի կեանքը ինծի համար չէ: Վէսսալա՜մ:

Ես վստահ եմ որ սա 15. 000 ֆռանքը մօտ օրէն պիտի առնիս. առաջ որքան որ յոյսս կտրած էի նէ` հիմա ալ նոյնքան յոյսս հաստատ է:

Շաբաթ օրը քեզի հեռագրով 4000 ֆռանք խրկեցի. այսօր ձեռքդ կ՚անցնի:

Հոս քաղաքական վիճակը շատ ծանր է. «քաքայ»: Աստուած վերջը բարին ընէ: Ես շատ զգոյշ եմ: Դուն հոգդ մի՛ ըներ:

Շատ շատ պաչիկներ

Գ. ԶՕՀՐԱՊ