Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

249. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

[Էքս լէ Պէն ], 23 օգոստ., 1912 ուրբաթ առտու

 

Անուշիկ սիրական հոգիս,

Այս առտու իրիկուան նամակդ առի: Ուզածդ սէնէթդ կը խրկեմ կոր. ահաւասիկ.

Պատճառ գրոյս այն է որ ստորագրեալս, Գրիգոր Զօհրապ, փաստաբան արուեստով եւ օսմ. Երեսփոխան դիպուածով, գրագէտ, professeur, օրագրող եւ ամեն բանէ առաջ եւ վերջը քիչիկ մը չափխըն, ասկէ 25 տարի առաջ Մէօհիւրտարի (Գատըգյուղ) կողմերը աղուորիկ պզտիկ աղջիկ մը հանդիպած եւ վերջէն կարծեմ 2-3 տարի վերջը, կանոնաւոր աղջիկտեսով ալ զայն շատ հաւնած, իր խահվէի գոյն carreau [1] համեստ շրջազգեստովը (1 ա. ) պօյովը շատ սիրած եւ մասնաւորապէս քիթիկին շատ զմայլած ըլլալովս, եւ բնութեանը գալով խմորը շատ քաղցր գտնելովս, զինքը ՍԻՐԵԼՈՎ կնութեան առի եւ սիրելով 28 տարի շարունակ հետը ԵՐՋԱՆԻԿ ապրեցայ եւ ՍԻՐԵԼՈՎ որոշուած օրը այս երկրէս պիտի երթամ:

Սոյն յայտարարութիւնս յօժարութեամբ կ՚ընեմ եւ ներկայ գիրս վերոյիշեալ կնոջս` Տիկին Գլառա Զօհրապի, դուստր Պօղոս Եազըճեանի, կուտամ ստորագրելով եւ ստորագծելով մեծ պաչիկով մը:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

 

Էքս լէ Պէն, 23 օգոստ., 1912, ուրբաթ

Այս կողմերը gorges de Sierroz [2] անունով տեղ մը կայ եղեր, միտքս այսօր հոն երթալ է: Այս առտուանով 5 պանքօ մասաժ ըրի, դեռ 10 հատ ունիմ. ես ալ 10 օրէն ասկէ պիտի մեկնիմ:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ



[1] Վանդակաւոր

[2] Սիերոզեան կիրճ