Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
294. [ՀԱՆՍ ՎԱՆԳԷՆՀԱՅՄԻՆ]

Թարգմանութիւն

Հալէպ, 14/27 յունիս, 1915

Պարոն Դեսպան,

Մարդ մը, որուն վրայ կը ճնշէ այսօր դժբաղդութիւնը, Ձեր վեհանձնութեան կը դիմէ որպէսզի տեղ հասցնէք ներփակ նամակը:

Այդ մարդը նոյն ինքն այն անձն է որ քանի մը տարի առաջ, գիշեր մը, Ձեզի բերաւ Խալիլ պէյը, Օսմ. Խորհրդարանի նախագահը, որուն ապաստան տուած էր ամբողջ քսան օրեր, ձերբազատելու համար զինք ասքեարներու հետապնդումէն:

Այսօր, իր կարգին տարագիր եւ Տիարպէքիրի պատերազմական ատեանին առջեւ հանուելու սպառնալիքին տակ` այդ մարդը կ՚աղերսէ Խալիլ պէյին օգնութիւնը եւ այս է նամակիս բովանդակութիւնը:

Այս առիթով կը համարձակի աղերսել նաեւ Ձեր բարձր պաշտպանութիւնը եւ առ Ձեզ կը մատուցանէ իր երախտագիտական հաւաստիքին հետ մեծարանքը իր խորին յարգանաց:

 

ԳՐ. ԶՕՀՐԱՊ
Պոլսոյ Երեսփոխան