Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

40. [Յունուար] 24/6 [Փետրուար, 1914] Ուրբաթ ցորեկ


Դեռ հեռագիր չի կայ։ Վարչութիւնը ընտրական խնդրոց առջեւ շփոթուած։ Համերաշխական մարմինը բանակցութիւն կ’արգիլէ։ Այս հրաման կ’արձակէ ան «Բաղձանք» արտայայտութեան ձեւով։ Յայտնի է, որ նոյնիսկ եթէ Հայկ. հարցի բանակցութիւնները վերջանան, նոյնիսկ ընտրութիւնների խնդիրը կարգադրոի, թուրքաց հետ մեր յարաբերութիւնները չի պիտի բարուոքին։ Երեսանց թերեւս մնան։ Պիտի տուժէ բարենորոգմանց գործը։ Նոյնիսկ ընդհ. [անուր] քննիչներու élections [1] ին խնդրոյն մէջ ամենամեծ դժուարութեանց պիտի բախինք։ Ո՞րի կ’ըսես, ո՞վ կը լսէ։ Հայրենասիրութիւնը աճուրդի մէջ է կուսակցութեանց մէջ, եւ համերաշխական ժողովն ալ մեծ տոնավաճառ մը, որ աճուրդները տեղի կ’ունենան։ Այն դաշնակցականներն իսկ, որոնք ամենէն դժուար խօսք հասկցողներն էին, հիմա շփուելով քաղաքականութեան հետ՝ ճամբայ եկած են։ Օրինակ՝ Վահան Փափազեան կ’ընդունի որ (2ա. ֆր. ) չըլլայ, կը գիտակցուի օր օրի, կ’զգան վտանգը, զոր 10 օրէ ի վեր կը յայտնեմ եւ զոր ինէ վերջը Փաշան ալ երկու անգամ եռագրով signaler [2] ըրաւ։ Օգուտ չընէր։ Երեւակայեցէք վիճակը իրապէս հայկ. գործին՝ այս mentalité [3] ներով կառավարուած։

 


[1] Ընտրութիւններ։

[2] Նշել։

[3] Մտածողութիւն։