Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

50. 17/30 Հոկտ. [1914], Ուրբաթ, ցորեկէն վերջ


Նախարարապետը հրաժարած ըլլալու զրոյցը կը շրջի։ Նախարարները Սայիտ Հալիմ փաշայի Ենիքէօի ապարանքը գացած են խորհրդակցելու իրաց վիճակին վրայ, թէ անոր հրաժարականը ետ առնել տալու համար։

Բարեկամներէս մին հաւաստեց ինծի, որ ծովային նախարարը անտեղեակ էր օսմ. նաւատորմին կողմէ գործուած յարձակումին Օտէսայի դէմ. գիշերը ժամը 10ին լսած էր իմ բարեկամին ներկայութեան եւ թելեֆօնով մանրամասնութիւններ հասկնալ ուզած էր։ Նախարարը սրտմտած կը թուէր գերման ծովակալ[ին] ինքնագլուխ գործելուն դէմ։ Ատոր փոխարէն Մալիյէի միւսթէշար կ’ըսէ, որ իր նախարարութիւնը երեկ ժամը 6ին տեղեակ էր անցքերուն ծովային նախարարութենէն եկած զեկոյցի մը վրայ։ Իր գիտցած[ը] այն է, որ 13 փոխադրութեան նաւ ընկղմած է երկու torpilleur [1] եւ «Տօնէցը»։ 18 գերի կամ ծովէն ազատած ռուս նաւազ հոս բերուած են։ Իբրեւ թէ անոնք խոստովաներ են, թէ իրեն[ք] Սեւ ծովի նեղուցին մօտ torpille [2] ներ դնելու վրայ են։ Այս լուրը վաւերական չի թուէր. այդ պարագային հանդիպումը Սեւ ծովին նեղուցին մօտ պիտի ըլլար, եւ մեր նաւատորմը մինչեւ Օտէսա չի պիտի երթար։ Հանդիպումը ըստ ամենայն հաւանականութեան Օտէսայի մօտերը եղած է ուր մեր նաւատորմը կը հածեր։ Գերմանները ըստ միւսթէշարին, իմացած էին, որ Կովկասէն (1 տեղանուն) զօրք կը փոխադրուէր, եւ ահա այդ փոխադրութիւնը արգիլելու համար այս յարձակումը գործուած կը թուի բացարձակապէս Գերմանիոյ օգտին, քան թէ մեր շահուն համար։

Ամէն խելքը գլուխը թուրքերը մտախոհ են եւ հաւանական հետեւանքները կը գուշակեն ծանրակշիռ։

Մինչեւ այս ժամը . ե. ) նախարարները Սայիտ փաշայի մօտ են։ Ռուսները վերջնագիր մը տուած են՝ փոխանակ մեկնելու։ Թերեւս վերջին չնչին յոյս մը ունենան առջեւն առնելու համար։ Ես հաւատք չունիմ ասոր. այն ոյժը, բաղկացած գերմանասէր թուրք աղաները եւ անոնց մտայնութենէն Իթթիհատի բաղդախնդիրներէն եւ համիսլամական մեծամտութեամբ վարակած տարրերէ, այս վիճակը շահագործող հրէայ ու հրէայէ դարձած տարրերէ, գերման դրամէն, առատապէս բաշխուած, վերջապէս, «Կէօպէնի» Պոլիս մուտքովը՝ կազմած այն գաղափարէն, որ գերմանները շատ գերազանց են միւսներէն, այդ ոյժը իրեն գլուխ ունենալ[ով] պատերազմական նախարարը, որ խիստ բարեմիտ, բայց խիստ անփորձ երիտասարդ մըն է, այդ ոյժը, որ գործերը մինչեւ հոս բերաւ, ծովային եւ ցամաքային ոյժերը գերմանացւոց յանձնեց, նեղուցները, բերդերը, փոխադրութիւնը, պարենաւորումը, բոլոր օսմ. կեանքը յանձնեց գերմաններուն, չի կրնար այլեւս նահանջել։ Alea jacta est։

Վերջին լուր. անգլիացի (1 անգլ. )ներուն ներկայացուցիչ եւ թուրքաց մեծ բարեկամ սըր Ատամ Պլօք իր ընտանիքովը մեկնելէ արգիլուեցաւ։ Կ’երեւի որ գերմանացիները, որ գրեթէ կառավարութիւնը ձեռքերնին անցուցած են, իբրեւ représalilles [3] իրենց եղածին Մեծին Բրիտանիոյ մէջ՝ Թուրքիոյ մէջ պիտի վար դնեն բոլոր թշնամի տարրի գործ տեսնելիք մարդիկը, անգլիացի կամ ֆրանսացի։



[1] Ականակիր։

[2] Ական։

[3] Փոխհատուցում։