Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

52. [Հոկտ. ] 19/1 Նոյեմբեր, 1914, Կիրակի


Երէկ նախկին նախարար մը, Ապիւրահման պէյին տեղ, այն, որ «Le tout pour rien»ի formule [1] ըսաւ (Ուրբաթ օրուան նօթին մէջ յիշուած միւս նախարարը Ճաւիտ պէյն է) կ’ըսէր ինծի.

Հիմա մեր թուրքերուն ձեռքը բան մը մնացած չէ։ Մենք չենք երկիրը կառավարողերը։ Օտարոտի բախտախնդիր տարրերն են, որ երկրին գլուխ անցեր են։ Մամուլը կիսովին է, թաթարներու եւ տէօնմէներու ձեռքին տակ, որ անամօթ յանդգնութեան մը օրինակը կուտան կոր. Ագա Կիւնտիւզ մը «Թանինի» մէջ, Ակայէֆ մը «Թէրճիմանը հաքիքաթի» մէջ, Զէքի անուն մինբաշի մը «Defense nationale» [2] ին մէջ, Եունուս Նատի անուն տէօնմէ մը «Թասֆիրի էֆքէարի», մէջ իրենց խելացնոր պահանջումները մէջտեղ կը դնեն եւ մեզ՝ թուրքերուս, հայրենասիրութիւն կը սորուեցնեն։

Ասոնք լրբութիւն[ը] այն աստիճան հասցուցին, որ անոնք զմեզ կը կոչեն «կէս թուրք», բուն թուրքերն ըլլալով իրենք։ Այս մերկոտն պապուկները եկան եւ բոլոր տէրութիւնը թալանի տուին։

Մեր վարի հարկը բնակող ընտանիքի մը խոհարարուհին ըսաւ կնոջս.

Հանը’մս, գիտես այս թուրքերը ինչի՛ կը նմանին. այն անհոգ տանտիրուհիներուն, որոնք իրենց տանը գործերը սպասաւորներուն ձեռքը կը ձգեն եւ տանը մէջ եղածէն—դարձածէն անտեղեակ են։ Թուրքերը կառավարութիւնը յանձնեցին գերմաններուն։ Անոնք պատերազմ կ’ընեն, խաղաղութիւն կ’ընեն։ Թուրքերը բանի մը չեն խառնուիր։

Երեկ փողոցը Ostronogը կեցուց զիս։ Այս հետեւուած ուղղութեան եւ անկէ ծագում առած պատերազմը կործանիչ գտաւ Թուրքիոյ համար։ Ըսաւ, որ երբոր միւս տէրութիւնները կը կռուէին, Թուրքիան չէզոքութեան մէջ իր տնտեսական եւ ելմտական վերականգնումը, վերածնունդը ձեռք պիտի բերեր։ Չէզոքութեան եւ խաղաղութեան մէջ երկիրը պիտի հարստանար, առանց դժուարութեան եւ ցնցումի capitulation—ները ջնջուէին պիտի, Կղզիներու խնդիրն ալ խաղաղ լուծումի մը պիտի յանգեր։ Ասանկ բոլոր շահուեցան մեծ խաղ մը խաղալու համար, համիսլամութեան խաղը։ Այս խօսքերը իմ առաջոց ի վեր յայտնած կարծիքներուս կրկնութիւնն էին։ Ես պատասխանեցի. «Սկիզբէն տեսայ ճամբան, որուն մէջ մտեր էինք mobilisation [3] ով։ Դուք լուռ մնացիք։ Վտանգն այն ժամէն սկսաւ, երթալով մեծցաւ եւ հասաւ պատերազմի, զոր գերմանները յայտարարեցին ապահովապէս»։

Ostrong նոյն կարծիքին էր։ Ըսաւ ինծի, որ Բոլոնիոյ մէջ իրենց ձախողումները ստիպեցին Սեւ ծովու մէջ դէպքերը գահավիժելուն։ Այդուհանդէրձ անիկա դեռ չնչին, խիստ չնչնին յուսոյ նշոյլ մը կը պահեր խաղաղութեան մասին. Ճաւիտն ու Ճահիտը եւ սատրազամը հակառակ են պատերազմին։

Քօմիթէ՞ն, հարցուցի ես։

Քօմիթէն ալ հակառակ է կամ կը թուի, պատասխանեց ինծի։

Թերահաւատ երեւցայ. Քօմիթէն գերմաններէն շահուած տարրերու հպատակն է։

Թալաաթը ի՞նչ կը մտածէ, հարցուց ինծի։

Անմեկնելի է ան։

Աղեկ միտքս ինկաւ. Ուրբաթ օր, սելամլըքին, նախարարները կարգով կեցէր էին. Թալաաթի դէմքը սովորաբար քաղցր եւ ժպտուն էր. այդ օրը իր դէմքը մութ եւ ակնարկը արիւնոտ եւ ահաւոր թուեցաւ։

Գիտէ՞ արդեօք, որ վերջն է երկրին։

Երեկ իրիկուն ռուս դեսպանը մեկնեցաւ։ Այլ ընդ այլոց զրուցուեր [է], իբրեւ թէ ռուս եւ Անգլիոյ դեսպաններուն թող չեն տար մեկնիլ։ Գերմ. représentatif [4] պանքաներէն ոչ ոքի ստակ առնել չեն թոյլ տար, ոչ իսկ իրենց անհատական սնտուկին մօտենալ։

Ի՞նչ պիտի ըլլան «Պանք օթոմանը», «(1 ֆր. ) rublique» եւ այլ ֆրանսական, անգլ. հաստատութիւնները եւ այդ ազգերէն եղող պաշտօնեաները։

Քանի մը օրէն պիտի իմանանք։



[1] «Ամէն ինչ յանուն ոչնչի» բանաձեւը։

[2] «Ազգային պաշտպանութիւն»։

[3] Զօրակոչ։

[4] Ներկայացուցչական։