Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

53. [Հոկտ. ] 21/3 Նոյեմբեր, 1914, Երեքշաբթի, իրիկուն ժամը 8 ը. ե.


Լուր չի կայ… բացի Վիէննայի «(3 գերմ. ) bureau [1] » եւ Պերլինի «Wolf bureau»ին յերիւրած հեռագիրներէն։

Առաջինին մասին թուրքերը, որոնք ամենէն ծանրակշիռ պարագաներուն մէջ իրենց պատրաստականութիւնը կը պահեն, բառախաղ մը շինած են. լրագիրներ, սովորաբար Վիէննայի հեռագրական պիւռօյին, առաջին երկու գիրերը նշանակելով կը բաւականանան, այնպէս որ այս պիւռօյին անուան կ’սկսի եւլն, եւլն։ Թորք գրագէտ մը ըսաւ ինծի, ակնարկելով այդ հեռագրական գործակալութիւնը.

Այս գիտեմ, այդ քաքա պիւռօն։

Մտահոգութիւնը ընդհանուր է Թուրքերուն քով։ Յետոյ ամէն ոք սկսած է համոզուիլ երկու բանի. ա. Որ թուրք կառավարութիւնը գոյութիւն չունի եւ ամէն բան գերմաննարուն ձեռքն անցած է։ բ. Որ ռուսաց վերագրուած յարձակումը եւ Սեւ ծովի բերանը ական դնելու պատմութիւնը շինծու է, եւ դէպքը ուրիշ բան չէ, բայց յանկարծակի եւ անպարկեշտ յարձակում՝ ռուսաց դէմ պատերազմը անխուսափելի դարձնելու համար։ Ինչ որ եղաւ։

  Քանի մը նախարարներ այսօր հրաժարեցան։ Վերջիվերջոյ ուշաբերեցան եւ զգացին այն ծանր պատասխանատւութիւնը, զոր ստանձնած էին։ Քրիստոնեաները, եւրո. [պական] եւ ասիական, արդէն իրական նախարարներ չէին եղած երբէք. իրենց քաղաքական իրաւունքները եւ պատասխանատւութիւնը չէին ըմբռնած, ոչ ոք իրենց բան մը կը հարցնէր, եւ սակայն ամէն թուղթի եւ նախարարական որոշումի տակ իրենց ստորագրութիւնը կար։ Այս ծիծաղելի դիրքը ողբերգական դարձաւ այլեւս, եւ այս պարոնները քաշուեցան։ Իրենց հետ են Մահմուտ փաշա եւ Ճաւիտ պէյ։ Սատրազամը volte—face [2] ըրաւ եւ կեցաւ. նկարագրէ զուրկ է այս մարդը. նախարարապետի դիրքի հրապոյրը անդիմադրելի է։ Սայիտ փաշա Քիւչուք, Հագգը փաշա՝ փառքին համար բոլոր իրենց համոզման եւ խղճին հակառակ գործեր կատարեցին։ Թուրքիոյ մէջ պատասխանատւութեան գոյութիւն չունենալն ալ այսպէս շարժելու մէջ անպատեհութիւն չի ծագեր։ Երբոր օր մը նախարարապետ[ի] մը կամ նախարարի մը գլուխն իյնայ, այն օրը [միայն] (1ա. ) նախարարի մը պատասխանատւութեանը ի՞նչ ըսել ըլլալը պիտի հասկցուի։ Այդ օրը չի պիտի գայ, վախնամ։

Վերջին ժամուն լուր ելաւ, թէ անգլիական նաւատորմը Տարտանէլը կը ռմբակոծէ, թէ անգլիական նաւ մը, ոմանք կ’ըսեն «Կամբէթթան», ընկղմած են։ Ոչինչ կայ ստոյգ։

Այս գիշեր ճաշէն վերջը Ճաւիտ պէյին երթամ։ Տեսնենք, ան ալ պիտի դառնա՞յ իր որոշումէն։



[1] Գրասենեակ։

 

[2] Կտրուկ շրջադարձ, հայեացքների կտրուկ փոփոխութիւն։