Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

57. 3/16 Նոյեմբեր, 1914, Երկուշաբթի, ցորեկէն ետքը


Այսօր Ակնունին ինծի եկաւ։ Ես տխուր էի։ Անիկա ալ Իմացայ Խաժակէն որ ընկճուած էր քիչ մը։ Լուր խրկեցի։ Մեր բարենորոգումներու խնդրոյն [վերջի] մասին համար իմ եւ մէկ քանի դաշնակցականներու մէջ անհամաձայնութիւն կար։ Ես կծու կերպով անոնց անքաղաքագէտ եւ անհասկացող ընթացքը կը քննադատէի ամէն առթիւ։ Վիրաւորուած էի ինծի դէմ։ Ատոմին կործանիչ եւ չարանախանձ դաւադրութիւններէն ալ զգացած զայրոյթիս մէկ մասը դաշնակցականներուն վրայ թափած էի։ Անկէ էր տխրութիւնը։

Ակնունին եկաւ։ Իրօք մտահոգ եւ պարտասուն տեսայ զինքը։ Ո՞ւր էր լաւատես ու զուարթախոհ մարդը։ Դերերը փոխուած էին։ Ես զինքը յուսադրեցի եւ քաջալերեցի, առաւօտ ցուցուցի պայծառ ու մերձաւոր, այնպէս որ ես կը նշմապեմ, արդէն կը տեսնեմ։ Անդրադարձանք կատակով Ասիական Թորքիոյ այն քարտէսին, զոր ես ասկէ 2—3 տարի առաջ նախատեսած ու գծած էի, քարտէս՝ այնքան մօտ, ըստ իս, իրագործուելու։ Ես վստահ [եմ] ռուսաց յաղթութեանը Կովկասի մէջ, ան՝ ոչ այնքան վստահ։ Անիկա երկուստէք փոխադարձ յաջողութեանց ու ձախողուածքի շարք մը կը նախատեսի։ Ես անվրէպ յառաջացումը ռուսաց կը գուշակեմ։ Այո՛, անվրէպ, քանի որ հայերը ռուսաց մէջ են։

Յետոյ խօսք կուգայ Հոֆի վերադարձին, Թալաաթի անվերջ խաբեբայութեանց, որոնց մէջ ան ահա պիտի կորուսի՝ այս անգամ վերջապէս։

Անիկա իր Պոլիս բերուելուն պատմութիւնը կ’ընէ զինուորական հսկողութեան տակ։ Այս եղաւ վախճանը իր հաւատքին Իթթիհատին վրայ եւ իր անվեհեր պաշտպանութեան վարձատրութիւնը այդ անպաշտպանելի բախտախնդիրներուն։

Դուն ալ, ըսի, քու արդար պատիժդ կրեցիր, ինչպէս կրեցին Ֆրանսան, Ռուսիան, Անգլիան։ Անոնք ալ յալածեցին բոլոր անոնք, որ Իթթիհատէն դուրս ազատականներ էին եւ որոնք կ’ուզէին փրկել Թուրքիան։ Դուն եւ այդ երկրի գործիչները անխնայ յալածեցիք զանոնք եւս ու պատժուեցաք։ Երբոր Շեւքէթ փաշան Ֆրանսայի խորհուրդ կուտար իր դրամները փոխ չի տալու Թուրքիոյ, Ֆրանսան մտիկ չըրաւ անոր։

Յետոյ խօսակցութիւնը եկաւ սա նիւթին վրայ, որ Ֆրանսա եւ Անգլիա 30 տարիէ ի վեր ճշմարիտ դիւանագէտ մը չխրկեցին Պոլիս իբրեւ դեսպան։ Վերջին ժամուն մարդիկը յայտնապէս ապիկարներ էին. անկարող ճանչնալու թուրք տարրը եւ անկարող մաքառելու գերման ազդեցութեան դէմ։ Պ. տը Կիրս միայն վերջին ժամանակները քիչ մը ուշաբերուեցաւ, պ. Չարիքոֆ երազատես մը մնաց եւ իր դիրքը կորսնցնելու չափ խաբուեցաւ իթթիհատականներէն։

Ասոնց վերջին աններելի յանցանքը եղաւ թուրքական mobilisationին սկիզբը չարգիլել զայն՝ ի հարկէն պատերազմի սպառնալիքով։ Այդ միջոցին Ռուսիա կարող էր 100. 000 հոգիով մինչեւ Մէրսին իջնել եւ Անգլիա՝ Տարտանէլը քանդ ընելով, Պոլիս մտնել եւ իր բոյնին մէջ զարնել գերման—թուրք դաւանդրութիւնը։ Բայց décisionի [1] մարդ չի կար ո՛չ Բէթէրպուրկ, ո՛չ Լոնտոն. ատոնք լաւ ծանօթ ալ չէին կացութեան, միշտ խաբուեցան թուրքերուն չէզոքութեան յայտարարութենէն, երբոր այստեղ յետին մարդը գիտէր, որ անխուսափելիօրէն պիտի նետուէր պատերազմի մէջ ու Գերմանիոյ կողմը։

Վերադարձանք մեր սիրելի գործին, մեր բարենորոգումներուն։

Անեքթօտ պատմելու մէջ անհասանալի է Ակնունի.

Հոֆը հանդիպեցայ, ըսաւ, Թալաաթի մօտ։ Այդ միջոցին Հոֆի գովեստը ըրաւ մեծաւ ճարտարութեամբ, եւ խօսողին մօտեցայ։ Վարդգէսը հոն էր եւ խիստ սիրուն սրամտութիւն մը [ըրաւ], Հոֆի մուտքը ողջունեց.

Vous avez reformé l’Arménie ինշալլա՜հ, et vous êfes rentré [2] ։

«Հոֆը քիթը կախ դարձեր էր Հայսաստանէն՝ շատ բան չի հասկանալով իր շուրջէն։ Բայց երկու բանի վերահաս էր վերջապէս. առաջինը՝ թէ Հայաստան իրօք բարենորոգմանց կը կարօտէր, եւ երկրորդը՝ թէ թուրքերը իրօք բարենորոգում մտցնել չեն ուզեր այդտեղ։ Այս երկու ճշմարտութիւնները շալկած կը դառնայ Եւրոպա», —ըսաւ Ակնունին։



[1] Վճիռ, վճռականութիւն։

[2] Դուք բարենորոգեցիք Հայաստանը, իշալլա՜հ, եւ վերադարձաք։