Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

61. [ Նոյեմբեր ] 24 / 7 Դեկտեմբեր, [ 1914, ] Երկուշաբթի


Չարաշուք լուրեր կը պտտին հոս Կարինի մասին. ոմանք հայոց դէմ գործուած թալանի եւ բռնաբարութեանց լուրեր կը տարածեն, ոմանք ալ՝ կոտորածի։ Պաղտատէն եկող արաբ զինորներն են իբրեւ թէ հեղինակը ասոնց։ Իթթիհատականները մտերմական խօսակցութեանց մէջ կը գանգատին, որ Դաշնակցութիւնն է կովկասեան կամաւորները կազմակերպողը։ Ուրախութեամբ կը պատմեն իրենց մէջ, որ մեծ ջարդ մը տուած տուած են այդ կամաւորներուն։

Ասոր փոխարէն լրագրաց մէջ երեւցող հերքումներէն կը մակաբերեմ, որ ռուսները կը յառաջանան Հայաստանի մէջ եւ թէ Վանի մօտեցած են արդէն։ Ուրեմն, երեք ոյժեր կը քալեն վեց նահանգներու վրայ. մին Քէրբալայի կողմը կռուող ոյժը, միւսը՝ Մուրատչայի հովիտը իջնողը, երրորդը՝ դէպի Վան յառաջացողը, որ Տիգրանակերտով եւ Մոսուլով Պաղտատի վրայ քալող բրիտանական ոյժին պիտի միանայ հաւանականաբար։