Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

67. 1[2]/25 Ապրիլ, 1915, Կիրակի առտու


Պատահեցաւ ինչ որ պիտի պատահեր. երեկ գիշեր ոստիկանութիւնը շատ մը ձերբակալութիւններ ըրաւ հայերէն. բոլոր գլխաւոր դաշնակցականները, Նախ՝ Ակնունի, Զարդարեան, Փաշայեան (Զարդարեանին որդին կանուխ տունս եկաւ հաղորդելու այս լուրը), յետոյ՝ շատ մը բժիշկներ եւ դեղագործներ (ով գիտէ ի՛նչ պատճառով), յետոյ՝ ամէն նշանակութենէ եւ կարեւորութենէ զուրկ կարգ մը մարդիկ (այս կամ այն ոստիկանին շինած ցանկէն քաղուած հաւանականաբար)։

Ի՞նչ պատճառով։ Դաւանութի՞ն. անհի՛մն վախ։ Զգուշութեա՞ն կամ հակահարուա՞ծ այլուր պատահած դէպքերու, զոր կ’անգիտանանք այստեղ, այս ժամուս։ Քիչ ատենէն պիտի իմանանք։

Ես, ահա ազատ դեռ, իրօք այս ձեռբակալուածներուն գլուխը կը գտնուիմ եւ գիտեմ, թէ ի՛նչ պատճառաւ ինծի խնայուած է։

Հիմա Վարդգէսը եկաւ։ Այն միայն ազատ է։ Գացինք Թալաաթ պէյին տունը, խօսեցանք։ Անօգուտ։ Դաշնակցութիւնը՝ Իթթիհատի կողքին եւ օգտին աշխատելէ վերջը՝ ահաւասիկ անոր յարուածին տակ։