Սասունէն ետքը. Ա. Դիակապուտները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

Սասունի Ջարդերը վերջացած էին, սակայն տակաւին կը մխային հրդեհուած գիւղերն ու քաղաքները, որոնց բնակիչները մեծ մասով յօշոտուած ու խողխողուած էին Համիտի արբանեակներէն, իսկ մնացեալ փոքրաթիւ վերապրողները խեղանդամ ծերեր ու պառաւներ, որդեկորոյս մայրերու, այրիներու եւ ծնողազուրկ որբերու թափոր մը–, լեռներուն անձաւները կամ ձորերու ծոցը թագչած, վայրի խոտերու սնունդովը կը քաշքշէին ատեն մըն ալ իրենց քայքայուած գոյութիւնը, բարերար մահուան սպասելով, որպէս զի յաւիտենապէս միանային իրենց սիրելիներուն, որոնք ա՛յնքան արիաբար ինկան Արիւնի ու Փառքի ճամբան։

Ջարդերուն շուտով յաջորդած էր Սովը, Հայաստանի գլխուն վերեւ սաւառնող այս անհրաժեշտ Պատուհասը, որ պիտի ամբողջացնէր Համիտեան Սպանդներուն թողած պակասը, մէկիկ մէկիկ հնձելով ինչ որ դեռ զերծ կը մնար Զէքի փաշաներու ռումբերէն ու Համիտիյէներու եաթաղաններէն։

Սասունը կը ներկայանար ինքնին անհուն մեռելաստան մը, որուն ամայութեանը մէջ կը թափառէին մոռցուած կամ խնայուած ողջերու դալկադէմ ուրուականներ, զո՛ւր փրկութիւն հայցելով մեռելներու բերանաբաց հորերէն, ուրկէ արիւնի գոլորշիները կը բարձրանային ու մթնոլորտը կը թունաւորէին։

Կը հասնէին հեռաստաններէն հոգեվարքի նոպաներու մէջ գալարուողներուն հեծկլտանքի վերջին վանկերը, դիակներու հոտէն գինովցած ագռաւներու վայրենի տօներգին խառնուած, մինչդեռ աշնանավերջի մթին հովերուն ոռնումէն կը սարսռային անտառները, դիակներ թաւալող արիւնոտ գետակներուն ալիքները լալագին իրենց ափերը կը ծեծէին ու թօշնած դեղին տերեւակոյտը կ՚աճապարէր խշխշալով աչքէ ծածկել դեռաջեր արիւնով ոռոգուած գետինը։ Ու այս բոլոր կը կազմէր դամբանային համերգ մը, թաղման երգը նահատակներուն, որոնք այնպէս թողուած էին անթաղ, անտարբեր երկնքի մը տակ։

Ջարդերէն ետքը, շաբաթներով, ամիսներով, կը լսուէին ողբուկոծի ձայներ, հեռուներէն, գետնի տակէն, հորերու յատակէն, անտարակոյս, սպաննուածներու հետ միասին ողջ ողջ նետուածներուն յուսահատական աղաղակները, որոնք, աւա՜ղ, կը խեղդուէին, կը կորսուէին եղեռներով թաթաղուն մթնոլորտին տարածութեանը մէջ…։

Սասունեան սպանդներու վաղորդայնէն ի վեր քանի՛ քանի կարմիր ցերեկներ անցան արդեօք ու քանի՛ սեւ գիշերներ, քանի՛ քանի վառարաններ մարեցան արդեօք ու ջահեր, եւ սակայն, ո՛չ մէկ նշոյլ, խաւարի մէջ նստողները լուսաւորող, ո՛չ մէկ ձայն, յուսահատութեան ճիրաններուն մատնուած ամբողջ ցեղի մը հոգին սփոփող…։ Մա՛րդ մը կար միայն, Չարաշուք Մարդը, ա՛յսքան քստմնելի ոճիրներուն բացարձակ հեղինակը, Մեծ Մարդասպանը, որ կը խնդար այս ամենուն վրայ, Հրէշ մը, որ կը ծաղրէր Մարդկութիւնը, դարավերջիկ Ներոնը, որ ցնծումէն կը խենդենար, քանի՛ կը դիտէր իր կայսրութեան ազնուագոյն ցեղին, հայ ցեղին հոգեվարքը…։

Այս ցաւագին մտածումներու հոսանքին մէջ ընկղմած, պահ մը մոռցած էի ինքզինքս, կասկածելով նոյնիսկ իմ էութեանս վրայ, երբ խուցիս երկաթէ դուռը ճռնչելով բացուեցաւ կռնակին վրայ։

Մինակ չէի խուցիս մէջ, ինծի բնակակից ունենալով ուրիշներ ալ, որոնք ինծի պէս խցարգելներ էին, քաղաքական բանտարկեալներ, մահուան դատապարտուածներ, եւ որոնք սակայն, անուշ քուն մը կը քաշէին, գռեհիկ հոգերէ զերծ քունը, որ յատուկ է միայն դատապարտուածներուն (?)։

Իմ բանտապանս էր, յաւիտենական Ապու Համտօս, ներս մտաւ, եւ, առանց կարեւորութիւն տալու յուզման, որուն բնական էր որ ենթարկուած ըլլայի խուցիս դուռին յանկարծակի բացուելէն, գոհունակութեան յայտնի ցոլք մը կանանչ աչքերուն մէջ եւ սադայելեան ժպիտ մը՝ շրթունքին ծայրը,

Լսեցի՞ք, էֆէնտի՛, ըսաւ, այս գիշեր պիտի վերցնեն։

Ո՞ւր, ո՞վ, ո՞ւր պիտի տանին, հարցուցի առանց սակայն իրեն զգացնելու ներքին յուզումս։

Չե՛մ գիտեր, կմկմաց աւետաբեր (?) բարեկամս, այս գիշեր, արշալոյսէն առաջ կարծեմ, նախ Նիկողայոս եպիսկոպոսը պիտի վերցընեն ուրիշ բանտարկեալի մը հետ, յետոյ, կարգով պիտի քշեն միւս բանտարկեալները, որոնց դատապարտութեան վճիռները Վճռաբեկէն վաւերացուած են ու դատական թուղթերը հոս ղրկուած։

Ա՛լ չէի մէջս ոյժ զգար կրկնելու նոյն հարցումը, ա՛յնքան ծանր ու ճնշող էր բանտապանիս յայտնութիւնը։

Ապու Համտօ, դուռին առջեւ ցցուած, նո՛յն խրոխտ դիրքով ու նո՛յն զուարթ դէմքով, շարունակեց.

Գիտէ՞ք, ուրիշ աւելի կարեւոր լուր մըն ալ պիտի հաղորդեմ ձեզի.

Սրտադողով մը կը սպասէի որ աւարտէր։

Վաղուընէ սկսեալ, շարունակեց միեւնոյն անտարբերութեամբ, արգիլուած է ձեզի համար ո՛ եւ է հաղորդակցութիւն դրսի հետ, եւ, կը ցաւիմ որ մեզի մասնաւորապէս պատուիրուեցաւ, այսուհետեւ բացարձակապէս արգիլուած է բանտին մէջ ալ հայերէն խօսակցութիւնը…։

Բայց ինչո՞ւ, ընդմիջեցի յանկարծ, ինչո՞ւ պիտի արգիլուի մեր մայրենի լեզուն,

Չէ՞ք գիտեր, յարեց համոզուած շեշտով մը, վալի բաշա՛ն պատուիրած է, Սասունի Դէպքին վրայ, Եըլտըզէն ա՛յնպէս հրահանգ ղրկուած է, ո՛չ դրսէն եկող այցելուներուն եւ ո՛չ ալ ներսի բանտարկեալներուն հետ, չպիտի՛ կրնաք խօսակցութիւն ընել ձեր լեզուով, հասկցա՞ք…։

Ու դարձեալ ճռնչեցնելով, վրաս կղպեց երկաթէ դուռը, մեկնեցաւ։

Իսկ ես, անբացատրելի վարկածներու մէջ թաղուած, ինկայ խոտէ խշտեակի մը վրայ, որ անկողինս պիտի ըլլար, եւ ժամերով կ’որոճայի ալեզարդ Նիկողայոս Սրբազանի ո՛վ գիտէ ո՛ր բերդին մէջ փոխադրուելու իրականութեան ու Սասունի Դէպքին վրայ։ Խուցիս պաղ պատերը դիտելով եւ յաճախ թապլտկելով անկողնիս մէջ կը սպասէի որ կամաց կամաց քունս տանէր։

Բայց ի՞նչ քուն։

Կարելի՞ էր երբէք քնանալ, երբ կրծո՜ղ ցաւս կը հսկէր սնարիս վրայ, երբ կախաղանի մղձաւանջը կը փաթթուէր հոգիիս, օձի գալարումներով, ու երբ, զնտանիս արիւն հոտող, ցուրտ ու դամբանային պատերուն մէջ փակուած, դատապարտուած էի հատնումի գիշերներ լուսցնել, քայլ առ քայլ մերձեցումը դիտելով եղերական վախճանիս…։

Քո՞ւն… ո՞ւր էր այդ բարերար հրեշտակը, որ գար գոնէ վայրկեան մը փակէր փոսացած աչքերս…։

Յանկարծ յիշեցի քնաբեր դեղահատը, բանտարկեալներու սիրական խաշխաշը, որուն գործածութեան ե՛ս ալ ընտելացած էի, բանտի մէջ ինծի մտերմացած Անտիոքացի յոյն երիտասարդի մը շնորհիւ, որ ինծի ալ տուած էր այդ դեղահատէն։

Նստայ անկողնիս մէջ, հատ մը հանեցի այդ սեւ գնտիկներէն ու բերանս նետեցի։

Վայրկենական եղաւ ազդեցութիւնը։ Յօրանջումներս ցանգորդեցին, ջիղերս կծկուեցան, ամբողջ մարմինս թուլցաւ երջանիկ թմրութեան մը հեշտանքին մէջ։

Մէկ, երկու, երեք վայրկեաններ, եւ կոպքս ծանրացաւ։

Քունս տարած էր վերջապէս։