Սասունէն ետքը. Ա. Դիակապուտները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԲ.

Մինչդեռ եւրոպական երեք մեծ տէրութեանց պատուիրակները գաղտնի խորհրդակցութեան մը մէջ կ’որոշէին չը մասնակցիլ Քննիչ Յանձնաժողովի նիստերուն, սպասելով որ իրենց դեսպանատանց թարգմանները հասնէին, ասդին, Բ. Դրան քննիչները, վալիին ու միւշիրին հետ միասին, կարգի կը դնէին բոլոր պատրաստուած հանրագրութիւնները, որոնք, նահանգին կեդրոնէն սկսեալ մինչեւ յետին գիւղերը, անուան կամ ազդեցութեան տէր Հայերու կողմէ բռնի ստորագրութիւններով լեցուելէ ետքը, պիտի Պոլիս ղրկուէին, իբրեւ վաւերական վկայութիւններ, յետոյ հաղորդուելու համար Եւրոպայի մայրաքաղաքներուն Օսմանեան դեսպաններուն։ Այդ բոլոր հանրագրութիւնները, Եըլտըզէն կանխաւ ղրկուած կայսերական գաղտնի հրահանգներու վրայ ձեւուած ու յերիւրուած, Բ. Դրան Քննիչներուն ջանքերովը պիտի բաշխուէին նահանգին զանազան կողմերը, եւ հազարաւոր ստորագրութիւններով ծածկուած, պիտի հաստատէին թէ՝ շնորհիւ Վեհափառ սուլթանին անդորրութիւնը կատարեալ է, թէ՝ Եւրոպայի զանազան կէտերէն, մասնաւորապէս Անգլիայէն, Ամերիկայէն ու Ֆրանսայէն եկած անիշխանականներ, միանալով խռովարար ու ապստամբ Հայերու հետ, որոնք, Կովկասէն փախչելով սահմանագլուխը բռնաբարած եւ Օսմանեան երկիրները մտած Ոչնչականներ են-, Սասունի հանդարտ ու խաղաղասէր բնակչութիւնը Վեհափառ Սուլթանին դէմ գրգռած են, դարերէ ի վեր իրարու հետ եղբայրաբար ապրող քրիստոնեայ եւ իսլամ ցեղերը հանած էն իրարու դէմ, կայսերական զինւորներ ջարդել տուած, մզկիթներ օդը հանած եւ հազարաւոր կեանքեր ոչնչացուցած են, թէ՝ իրենք Նորին Կայսերական Վեհափառութեան ամենահաւատարիմ հպատակները, կ’անիծեն ու կը դատապարտեն իրենց ցեղակից ու կրօնակից յիշեալ հայ աւազակներուն եւ անիշխանականներուն եպերելի արարքները, ասոնց ամենախիստ պատիժներու ենթարկուիլը կը փափագին եւ կը պահանջեն որ արդարութիւնը կէտ առ կէտ գործադրուի այդպիսիներու հանդէպ, օրինակ ըլլալու համար ապագայ սերունդին, ելն, ելն, ելն…

Բ. Դրան Քննիչ Յանձնաժողովին մայր գաղափարը յայտնի էր սկիզբէն ի վեր. արդարացնել Սասունի Ջարդին կազմակերպիչները՝ Պիթլիսի վալին ու միւշիր Զէքի բաշան, որոնք հնազանդած էին միայն Եըլտըզի բացարձակ պատգամներուն ու շարժած էին անոր գաղտնի հրահանգներուն համաձայն. միւս կողմէ Յանձնաժողովը ստիպուած էր դատապարտել հայկական յեղափոխութեան գլխաւոր գործիչները, Մուրատը գլուխնին, իբրեւ աւազակներ, խռովարարներ, չարագործներ ու խաղաղ ժողովուրդները կայսրութեան դէմ գրգռողներ, ապստամբութեան հրդեհը ձգելով գիւղերուն ու քաղաքներուն մէջ։ Այս գաղափարը, ինչպէս յայտնի է, Եըլտըզի Բռնակալէն ու իր շրջապատէն ներշնչուած էր Քննիչ Յանձնաժողովին երբ սա տակաւին չէր մեկնած մայրաքաղաքէն. հետեւաբար, վալիին ու միւշիրին այսպէս յանկարծ շնորհէ զրկուիլը՝ կը ճնշէր Յանձնաժողովին անդամներուն վրայ, նոյնիսկ սպառնալով խախտել իրենց դիրքը։

Քննիչ Յանձնաժողովը կառչած կը մնար իր մայր գաղափարին, Եըլտըզեան պատգամին, այն է, ամէն գնով արդարացնել Սասունեան Տռամին տխրահռչակ հեղինակներն ու դերակատարները՝ միւշիր Զէքի բաշան ու Պիթլիսի վալի Թահսին բաշան, եւ մահուան դատապարտել զոհերը, իբրեւ ապստամբութեան գրգռիչներ ու դաւաճան ոճրագործներ։

Այս երկու էական կէտերուն վրայ վերջնական համաձայնութիւն գոյացնելէ վերջը, Յանձնաժողովին անդամները, մէկիկ մէկիկ մեկնեցան, երկուքը միւշիրին ու մէկը՝ վալիին հետ։ Գիշերը պիտի միասին անցընէին, յաջորդ օրը կանուխ, կառավարական պալատին մէջ երկրորդ նիստը գումարելու հաստատ որոշումով։