Նամակք սիրային Եղիա Տեմիրճիպաշեանի. 1886-1889

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Սիրեցեալ եղբայր,

Հակառակ առ Աստուած յարաճուն հաւատքիս, եւ հակառակ իմ անհուն սիրոյս առ Գեղեցիկն, որ իր վայելքներն ինձ համար չէ սպառած, Գեղեցիկն, որ ինձ համար կը պարունակէ նաեւ հայրենիքն (որուն պարտական ենք ամէնքս մեր կեանքն), հակառակ այս սիրոյս եւ այս հաւատքիս, ծանրավաստակ գլխոյս մէջ կը փայփայեմ մռայլ մտածումներն, որոնք գոգցես իմ ուղեւծուծս են, աւա՜ղ։ Անցեալ օր կը մտաբերէի Գատըգիւղ երթալ` մամայիս այցելութիւն մը տալու, որ յաւէտ հեռուէն կը հմայէ զիս, Մօտան, զոր այնքա՛ն սիրեցի, վայելել քանի մը երկար ժամեր, Մօտան, ուր ա՜յն սխրալի աղջիկը սիրեցի, զոր պիտի սիրեմ յաւիտեան, հետախուզել… որոշելու համար վա՛յրն, ուր ամենէն աւելի գեղեցիկ ինձ կը թուի վերջին անգամ ցոյց տալ գլուխս` գեղասքանչ մեծ անգիտակցին, որոյ մանրագոյն մասնկանց մէջ կը մանրաբաժնէ Յաւիտենականն իր անքուն, անհուն գիտակցութիւնն. այո՛, գաղափարային մարտիրոսի վեհ գլուխս վայրկեան մը հանդիսաւորապէս երեւցնել աստղերուն եւ ալիքներուն եւ առ յաւէտ ապա սուզել զայն ջուրերուն խորն, ուր անյքա՜ն կը սիրէի (ճանապարհորդութեանցս մէջ եւ ի Մօտա) սուզել անծանատենչ խոհանքներուս անվախճանութիւնն։ Չը գացի այն օր Գատգիւղ. յետաձգեցի այցելութիւնս. դեռ եօթնեակ մ՚ունինք մայիսի օրեր։ Ա՜հ, այդ օրերուն վերջինն ի՜նչ սոսկալի ճգնաժամի օր մ՚է ինձ համար, նկնութեան օր մը, եթէ քաջութիւնս պահուած է, անդրհոմերեան ա՜յն պայքարը վարելու կենսապահիկ բնազդին դէմ. կէս մեծութեան օր մը, եթէ փորձած եմ աղետալի փորձն, ոգորած այլ յաղթուա՜ծ…։ Բայց… մինչեւ հոն, մինչեւ պայքարին որոշումը, մինչեւ պայքարին սկիզբը, մինչեւ… մինչեւ պայքարին մէջտեղն ի՜նչ ճիգեր մարմինի եւ կամքի։ Յոգնած, պարտասած մարմինս վերմակին տակ ապա կը ծածկեմ, որ… կազդուրի, նորազօրի` մինչեւ նո՜ր փորձը, նոր պայքարն, եւ (երբ Զօհրապ այդ սուրբ (ներէ, Աստուա՜ծ) ճգնաժամերուն վրայ իր Տօն Քիշօդի ծիծաղը կը պարզէ), ես կը հիանամ պարտեալ ամօթապարտ իմ կամքիս վրայ, որ արեա՛ն լիճի մը մէջ իր պարտութիւնը կը ծածկէ։ Կամքիս պարտութենէն քնա՜րը կը մխիթարէ դառնայոյզ հոգիս, ձեռքս կ՚առնեմ զայն, ծովուց ոգիները, զորս արթնցուցի, պար կը բռնեն շուրջս, եւ շեշտե՜րս գոնէ կ՚երթան, կը հասնին ջուրց խորութիւններն, որոնց հրապոյրներուն վրայ խօսիլ ինձ կու տար հայ գրագիտուհի մը։

Երէկ սարսռիչ հաճոյք մ՚ինձ ազդել ուզեցի` նկարագրել փորձելով ինչ որ զգայութիւններ եւ զգացումներ պիտ՚ ինձ առթէ վերջնական սուզումն… Ո՜հ, տեղի պիտ՚ ունենա՞յ… ներէ՜, Աստուած…։ Կրնաս երեւակայել վիճակս եւ կրնաս բացատրել, թէ այս հոգեկան վրդովմանս չեմ կրնար շատ աշխատիլ։ Երէկ` դարձեալ մինչեւ կէս օրուան մօտ, գլուխս ափիս մէջ առած կը խոկայի։ 11 1 / 2- ն էր, երբ տանտիրուհին եկաւ սենեակին սէռվիսն ընել։ Մեկնելէն յետոյ գրեցի` ինչ որ պիտի զգայի (ինչ որ երկիցս զգալ սկսած էի) անդունդին ուղղահայեաց ուղեւորութեան պահուն, ուր երկաթէ գնդակն ինձ արտոյտի թեւե՜ր պիտի տար, ինչ որ, եղո՜ւկ, նուազ յամրընթաց չը պիտ՚ ընէր աղետաբեր ճանապարհորդութիւնն։ Յետոյ Տիկին Այվազեանի փոխ տուած Տօքթէօր Բասքալն առի եւ անկողին մտայ։ Չը կրցայ կարդալ. կարմիր ծածքով գիրքը Վերթերի հրացանին կրակին տպաւորութիւնն ըրաւ դղրդեալ զգայութեանս վրայ. տաք սարսուռ մը վազեց, վառեց մինչեւ մատներուս եւ մինչեւ մազերուս ծայրն։ Ու կռնակս դարձուցի գրքին…։

(Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1911, էջ 25)