Նամակք սիրային Եղիա Տեմիրճիպաշեանի. 1886-1889

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԻՆԱՍ ՉԵՐԱԶԻՆ,

Տարեմուտ ՌՅԽԴ (1895)

Բարեկամդ իմ Մինաս (Չերազ),

…Կրկին տեսակէտով ինքզինքս բախտաւոր կը համարեմ, որովհետեւ դժբախտութեան համար ծնայ, եւ որովհետեւ բարեկամդ եղայ։ Գործիչի կոչումդ (գրական բարենորոգիչի կոչումով կրկնաւորեալ) ու քնարերգակ բանաստեղծի հոգի՛ս տարբեր ճակատագիրներու կը սահմանէին զմեզ։ Մինչ իմ գոյութիւնս վէճի տակ կը ձգուէր հոս, գոյութիւնդ կը հաստատուէր Եւրոպիոյ, ի՞նչ կ՚ըսեմ, երկուց աշխարհաց մէջ ալ։ Ես, որ ինքզինքս Աստուած մը կը ճանչեմ, Հիւլէի մը ծաւալն իսկ չունիմ համեմատաբար աշխարհիկ մեծութեանդ։ Եւ որովհետեւ իմ աստուածութիւնս դուն ալ կը դաւանիս, պիտի գնահատես պաշտումս առ քեզ, ամենէն անկեղծն ու ջերմեռանդն։

Հոգւոյս բերմունքն ա՛յնքան հզօր է` եւս քան զեւս աշխարհէ հեռանալու (մանաւանդ Զարուհի Ս…ի համար տածած սիրոյս պատճառաւ, որոյ պսակմանն համար անձկաւ կը սպասեմ անդրաշխարհեան կենաց), մութին հրայրքս այնքան ներոյժ է, մինչ զի չեմ յուսար, որ այլեւս աշխարհի վրայ հանդիպինք իրարու, քանի որ քու տարրդ լոյսն է։ Նոյն իսկ բանաստեղծութեանց հաւաքածոյ մը գրեցի Հրայրք մութին մակագրեալ, զոր Վէռլէն պիտի չդժկամակէր ստորագրել։ Բա՛ն մը չեմ ուզեր հրատարակել [1], այնքա՛ն հոգեկան յուզմանց անկարող կը ճանչնամ հայ ընթերցողներն առ հասարակ։ Նոր կեանք վերնագրեալ քերթուած մ՚ուղղեցի Մատթէոս Պատրիարքին, խնդակցութեան մատնտու բառ մ՚իսկ չստացայ. նոյն անտարբերութեամբ ընդունուեցան ազգային բարեկարգութեան ծրագիրս եւ ուրիշ գրեր, մինչ Ներսէս Վարժապետեան ամբողջ նամակ-կոնդակ մը գրեց ինձ` հրապարակային անուղղակի քանի մը տողերու փոխարէն։ Փակագծի մէջ, կը զգայի արդէն ու Սահմանադրութեան տարեդարձին օրն հաստատեցի, թէ Պատրիարքարանի մէջ որոշում մը կայ մոռցնել Անմոռանալի Հայրապետն։ Հինգ կանխակարգ բաժակախօսութեանց ո՛չ միոյն մէջ արտասանուեցաւ Ներսէսի անունն, եւ արգիլուեցաւ իմ արտակարգ բաժակախօսութիւնս, որ պիտի լինէր ի յիշատակ Վարժապետեանի։ Բանախօսութենէ մը յետոյ, լաւագոյն գրուածս, ուր լայն ընկերվարութիւն մը կը պարզէի, ժողովուրդն երկու կողմէն ձեռքերս համբուրեց, այնքա՛ն զգացի եւ զգացուցի ժողովրդեան իր տառապանքն։ Այս գրիչովս, որ ափիս մէջ կ՚եռայ եւ այն հոգիովս, որ կուրծքիս ետեւ կը գոռայ, ի՜նչ չէի կրնար ընել դեռ ա՛յն ժողովուրդին համար, զոր վայրկեան մը դադարած չեմ սիրելէ։

…Գրամատոյցս Պր. Արթինեան, որ ինձ բարեւներդ բերաւ Նանսիէն, զքեզ նիհար նկարագրեց։ Մորմոքեցաւ սիրտս։ Սակայն աւելի նիհար մարմին մը պիտի կեցուցանէր հոգիդ։ Իմաստասէրք ո՞չ ապաքէն Գաղափարին զօրութիւնը գերազանց հռչակեցին մարմնականէն։ Տկար հոգւոյ մը պատեանն է, որ կը մաշի։ Հապա Վարժապետեա՞ն։ Ո՜հ, Պոլի՛ս կ՚ապրէր անիկա…

Քոյդ
Ե. ՏԷՄԻՐՃՊԱՇԵԱՆ

(Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1924, էջ 39)



[1]            Անտարակոյս հրատարակութիւն մը չէ Ֆռանսահայ Բառարանս, զոր յանձնարարութեամբ կը պատրաստեմ, եւ որ օրական 4-5 դահեկան միայն կը բերէ` 10-15000 նորակերտ բառերու փոխարէն։