Արձակ էջեր, նամակներ, քերթուածներ, ճառեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

«Մասիս»ի խմբագրապետն ինէ «վրէժ լուծելու համար» ընտրած է միջոց մը յոյժ ազնուական, իմ փանաքի կարողութեանցս համար յոյժ պատուաբեր։ Իրեն ուղղեալ նամակի մը մէջ` վշտի մ՚արտայայտութեան նուիրուած` ներփակած էի Հունկին հետ ոտանաւոր խօսակցութիւն մը, որպէս հոգւոյ պէտք մ՚է ինձ ընել երբ երբեմն։ Հունկերգութեանս այս երրորդ դրուագը ձօնած էի Տիրան Քէլէկեան բարեկամիս, որ, մօտէն ճանչցած ըլլալով անմահ գրաշարն, «յուզուած էր շատ» Հունկին ուղղած միւս ոտանաւորներէս։ Զօհրապ ու Քէլէկեան էֆէնտիներն հրդեհէն առաջ իրարու դրացի գտնուելով, Զօհրապ էֆէնտիէն խնդրած էի, որ Քէլէկեան էֆէնտիի յանձնէ գրոյս մէջ ներփակ բանաստեղծութիւնն։ Երբ «Մասիս»ի խմբագրապետն հաւանութիւնս ուզեց` բանաստեղծութիւնն հասցէին ա՛յն միջոցաւ յղելու, որ «իւր վրէժն ինէ լուծելու պիտի ծառայէր», չընդդիմացայ բոլորովին, որովհետեւ Գրիգոր Զօհրապ երեք անգամ տունս եկած էր` «Մասիս» շաբաթաթերթին աշխատակցութիւնս խնդրելու համար։

Ոտանաւորիս սկիզբն հրատարակած հատուածի մը մէջ համարձակ, տենդոտ, հոծ, որպէս է գրողին անձն իսկ, «Մասիս»ի խմբագրապետը տարիէ մ՚ի վեր իմ «գործունէութեանս դադարը», կամ մէկ բառով` բառերուն ամենէն ժխտականովն, իմ անգործութիւնս ինձ կը կշտամբէ։ Ո՛չ թէ պարտք մը կատարելու համար (մամլոյ նկատմամբ այլեւս պարտական չեմ զգար ինքզինքս), այլ արդի մարդուն յատուկ իմացական պէտք մը լեցնելու համար, կու գամ «վերլուծումն» ընել «իմ անգործութեանս»։ Վերլուծմանս առարկայն երբ իմ անձս կամ իմ կեանքս է, հաճոյքն ինձ համար կրկին է. ո՞չ ապաքէն վերլուծումը քայքայում է. եւ ո՞չ ապաքէն քայքայումն իմ հոգիիս անձկագոյն տենչն եւ իմ մտքիս մեծագոյն պէտքն է. եւ ո՞չ ապաքէն վերլուծելի ծանօթ առարկային մէջ ինձ ամենէն ծանօթն իմ անձս է, որ բազում առարկայից վրայ բազմայօգութեան առաւելութիւն ունի, շահեկանութեան առաւելութիւնը լռելեայն իմացուելով։

Սկսենք ուրեմն վերլուծել մեր «անգործ» կեանքն։

Ա.

Յորմէ հետէ կորուսի ընտանեացս վերջին անդամն (որ առաջինն էր կարեւորութեամբ), յորմէ հետէ կորուսի մայրս, տանս բոլոր հոգերն ես ստանձնած եմ, հա՛րկ, թէ հաճոյք, թէ՛ հիւանդութիւն։ Ինչ որ Ալիշան, Արփիարեանի յայտնութեանն համեմատ, իր մենակեացի խցիկին համար կ՚ընէ, նոյնն ես կ՚ընեմ միայնակեացի բնակարանիս համար, որոյ պահանջած ուրիշ ծառայութիւններն ալ ի կարգին կը կատարեմ բոլորն ալ։ Ամենէն արձակունակ այդ աշխատութեանց մէջ ի՛նչ ձեւափոխութիւններ կը կրէ գրական մարդն, ի՛նչ գեղեցկագիտական սկզբանց կը համաձայնեցնէ տան կոպիտ ծառայութիւններն, ո՛րն է ծառային հոգեբանութիւնն, առ Բիւզանդ Քէչեան թղթակցութեան մը մէջ մանրամասնած եմ ժամանակաւ այս ամէնն. ինչ որ այստեղ ունիմ ըսել, ա՛յն է, թէ դնդերային այն աշխատութիւնը, զոր հանապազօր կը կատարեմ, համոզման բարոյական ոյժէն զատ «նիւթակա՛ն» ոյժ մ՚ալ կու տայ (եթէ կրնամ այսպէս բացատրել) քարոզութեանցս ու դասախօսութեանցս, երբ իմ յօրինած բառովս` մտաւոր «չարավաստակութեան» դէմ կը խօսիմ եւ դնդերաց մշտօրեայ կանոնաւոր աշխատութեամբ բարեխառնեալ իմացական աշխատութեան բարիքներն ի վեր կը հանեմ։ Անո՛նց, որք ինձ յիշեցնեն բերնէս լսուած խօսք մը, թէ «ի՜նչ դառն հաճոյք կը զգայ մարդ` մի առ մի ժամերն անդունդին մէջ նետելով», անոնց պիտի պատասխանեմ, թէ հայ ընկերութիւնն հեռի է դեռ անձնական երկուութեան պարզ ծանօթութիւնն իսկ ունենալէ, եւ թէ լաւագոյն է յիս ապրող երկու անձերէն զանի՛ միայն յայտնել, որ կը շօշափէ մեր ընթերցողաց մեծագոյն մասին յղացումներն։

Բ.

Այս տնական հոգերն… յիշե՞մ մէկ քանին անո՛նց համար, որոնք գաղափա՜ր չունին բնաւ նիւթական աշխատութեանց վրայ. կաթնավաճառս, որ կենդանի այգազարթոյցս է, երբ դուռը զարնէ ամո՛ւր ամո՛ւր ըստ պատուէրիս, պէտք է ցատքել անկողնէս, վար վազել, իրիկուընէ ձեռօքս լուացած կաթսաս դուռը վազցնել, ոգեհնոցին վրայ դնել, եւ իջնել պարտէզ, հորէն ջուր քաշել` հորին մէջ փնտռելով գէթ պատկերն… անձնասպան մօրաքեռաղջկանս… զանց կ՚ընեմ յիշել ուրիշ աշխատութիւններս։ Այս տնական հոգերը, կ՚ըսէի, համեմատաբար կարեւոր ժամանակ մը կ՚առնեն. այլ «անգործութեան» դեռ շատ ժամանակ կը թողուն միայնակեացին։ Այդ ժամանակին մեծ մասն ընթերցման կը զոհեմ։ Կը կարդամ Հանդէսներէն «Բազմավէպ», «Ամսօրեայ Հանդէս», «Արեւելեան Մամուլ», «Ծաղիկ», «Մասիս», եւ օրաթերթերէն` «Արեւելք» եւ «Հայրենիք»։ Աւելորդ է ըսել, թէ մեր պարբերական հրատարակութեանց մէջ զանց կ՚ընեմ թարգմանութիւններն ընդհանրապէս եւ թարգմանօրէն խմբագրութիւններն առ հասարակ. անոր փոխարէն` մերթ երկու, երեք անգամ իսկ կը վերծանեմ ինքնատիպ արտադրութիւններն։ Իսկատիպ մեր գրողներուն մէջէն յաւէտ երկիւղածութեամբ կը կարդամ Սիպիլն. ահաւասիկ գրագէտի տիպարն. յուզող, քանզի յուզեալ է իր սիրտն. համոզող, քանզի համոզեալ է իր միտքն. ներգործող, հոգիներու վրայ տեւական ներգործութիւն ունեցող, քանզի ճշմարտութիւնն է միայն իւր հոգւոյն հրարյքն։ Ի՛նչ որ ճշմարտութենէ վեր է Սիպիլին համար, գեղեցի՛կն է այն, որ սակայն այնքա՛ն` կամ աւելի ճիշդ` այնպէ՛ս վեր է ճշմարտութենէն, որպէս ցոլացումէն վեր է լոյսն…։ Ո՜հ, մի՛ գաք ուղղել խօսքս, մի՛ գաք կրկնել տափակօրէն դասական պատգամն, թէ. «Ճշմարտին ցոլքն է գեղեցիկն»։ Ո՛չ, գեղեցիկէն վեր ոչինչ կայ, բայց միայն ինչ որ ըստ Լիդռէի գեր ի վեր է մարդկային մտաց հասողութենէն։ Աստուա՛ծ, զոր ես չը պիտի դաւանէի եթէ ամէն բանէ առաջ չը լինէր գեղեցիկ։ Իսկ ճշմարտութենէն վար, Սիպիլին համար եւ ամէն ճշմարիտ գրագէտի համար, կայ տիղմն, ուր կը թաթաւին, աւա՜ղ, մտաւորապէս մեր ամենէն օժտեալ գրողներէն ոմանք, որոնք կը նուաստանան` մինչեւ զրպարտիչի դեր կատարելու աստիճան։ Աւելորդ կը համարիմ, ըսի, յայտնել, թէ զանց կ՚ընեմ մեր օրագրաց մէջէն «մկրատի գործ» եղող արտադրութիւններն. այլ աւելորդ չեմ համարիր շեշտել, որ մինչ մեծահարուստ մեծաթիւ անձինք ակամայ կը վճարեն լրագրաց բաժանորդագինն, ես ամենէն աւելի յօժարութեամբ կը հատուցանեմ այդ կարգի պարտականութիւններս. վճարմա՛մբ կը կարդամ վերեւ յիշած բոլոր թերթերս` ոմանց տարիներով աշխատակիցն եղած ըլլալովս հանդերձ, ես, որ շաբաթն անգամ մը միս կ՚ուտեմ։

Պարբերական հրատարակութեանց ընթերցմանէն զատ` գրեանց ընթերցումն ունիմ։ Պէտք է խոստովանիմ սակայն, թէ ժամանակէ մ՚ի վեր համեմատաբար շատ քիչ գիրք կը կարդամ։ «Համեմատաբար» կ՚ըսեմ, որովհետեւ ատենով հզօր ընթերցող մըն էի. ա՛յն աստիճան, մինչ զի Հասգիւղի անմահ քարոզիչն, որ յաճախ կ՚այցելէր մեր տունն եւ կը տեսնէր, թէ որչափ կը կարդամ եւ ի՛նչ գրքեր կը կարդամ, Էսաեանց տունն ներկայացնելով զիս ականաւոր անձի մը, ըսաւ. «Մեր ազգին մէջ ամենէն շատ կարդացող անձի մը, այս տղան` Տերոյենց պատուելիէն ետքը»։ Հիմայ քիչ կը կարդամ, որովհետեւ մէկ բառով ըսեմ, այս անգամ ոչ ամենէն ժխտական, այլ ամենէն մութ եւ ամենէն անգութ բառովն ըսեմ, որովհետեւ «յոռետես» եմ, «յոռետես» եղայ։ Պատանեկութեանս ի՛նչ որ կ՚երազէի, ո՛չ իմ անձիս համար, ո՛չ իմ ազգիս համար, այլ ընդհանուր մարդկային ազգին համար, այո՛, երազ մնաց, եւ` նախընթացն հետեւորդէն, եթէ կրնայ գուշակուիլ, երազ պիտի մնայ։ Դարուս ամենէն մեծ քանակագէտն, որ հիմնադիրն ալ եղաւ ամենէն հաստատուն իմաստասիրութեան եւ ընկերաբանութեան, ի՞նչ կը նախատեսէր, գիտէ՞ք, դարուս սկիզբն. թէ ճարտարարուեստական շրջանին մէջ, ուր թեւակոխած էր մարդկութիւնը, վերջ պիտի գտնէին պատերազմունք. Լիդռէ` Օկիւսդ Գօնդի մեծագոյն աշակերտն, որ վարդապետին ընկերաբանական նախատեսութիւններն աւելի քանակագիտական նկարագրով մը, եթէ հնար է, կը ներկայացնէր «Նասիօնալ»ի մէջ, ի մէջ այլ ուսումնասիրութեանց հաւաքածոյից, որպէս են իր գրքերն, հաւաքեց նոյն «Նասիօնալ»ի յօդուածներն, եւ, ա՛յն անկեղծութեամբ, որ կը յատկանշէր այն «աշխարհական սուրբն», իւր գրեթէ մէն մի լաւատես յօդուածին հերքո՜ւմն հրատարակեց յօդուածին ներքեւ։ Այդ գրքին ընթերցումն աղիտաբեր եղաւ հոգւոյս ու մտացս համար. ոմանք չարանախանձ հոգիք վերջերս հասարակութեան հաւատացնել ուզեցին, թէ «ապուշ» եղած է Եղիա Տէմիրճիպաշեան։ Ապուշ անգամ մը միայն եղայ կեանքիս մէջ, քանի մը օր, այլ դժոխքի օրեր, սարսափելի օրեր. ա՛յն ժամանակ էր, երբ կարդացի փիլիսոփայութեան վարպետիս ա՛յն գիրքն, ուր Սբէնսէրէն յետոյ դարուս ամենէն տիեզերական հեղինակն` իր վարպետն եւ ինքզինքը կը հերքէր այնքան դառն եղանակաւ. մտքիս մէջ մեքենայի մը դադարման զգայութեան նման զգայութիւն մ՚ունեցայ, եւ արդէն մռայլ հոգիս անհուն ջղջիկի մը թեւոց ներքեւ զգացի յետ այնորիկ։ Աչքս գրեթէ գոց անցեալներն այն գիրքն հանեցի գրատունէս` Գառնիկ Ֆընտըքլեան բարեկամիս փոխ տալու համար. եւ երբ իմացայ, թէ այրած էր այն, անբացատրելի զգացում մ՚ունեցայ, որուն բառը չեմ գտներ մարդկային լեզուին մէջ։ Այրածն այն գիրքը չէ՛ր, որուն համար երկնային ձայնը գոչած էր. «Ա՛ռ եւ կարդա»։ Պատրանաց գիրքն էր, որ այրեցաւ, Օտեանի բառերով` սոսկալի՜ պատրանաց։ Այդ գրքին ընթերցումն, այո՛, աղիտաբե՜ր եղաւ հոգւոյս ու մտացս համար. եւ այն ժամանակէն ետքն հետզհետէ աւելի քիչ կարդացի. եւ ինչ որ կարդացի, ակամա՜յ կարդացի։ Հոգեկան էութեանս այս անսահման սասանման եւ իմ այս անսահմանելի կացութեանս մէջ ի՛նչ որ լիովին անտանելի կ՚ընէ ինձ կեանքն, ամայութիւնն է, որ շուրջս կը տիրէ, հրապարակի վրայ պակասութիւնն է մտաւորական բարձրագոյն ազնուական շահագրգռութիւններ ունեցող մարդոց։ Ես ի՞նչ կ՚ըսեմ, իմ պատուակա՜ն եղբայրակիցներս ի՞նչ կը հասկնան. ես ի՞նչ եմ, անոնք զիս ի՛նչ կ՚երեւակայեն։ Վա՜հ, վա՜հ…։ Վերադառնալով մեր նիւթին, որովհետեւ ընթերցումներու վրայ կը խօսէի, զանոնք սահմանափակած եմ գրեթէ մի միայն դասագրոց մատենադարանի մը մէջ. քանզի իմ «անգործութեանս» մէջ դասեր ալ կու տամ, եւ ազգային ամենէն մեծ կրթական հաստատութեան մէջ։

Գ.

Տնական հոգերէս եւ ընթերցումներէս անցնելով դասերուս` պիտի յայտնեմ, թէ Ազգային Կեդրոնական վարժարանին երկու բարձրագոյն կարգերուն կ՚աւանդեմ հետագայ դասերը` Գրականութիւն ու Գրականութեան պատմութիւն` սկսեալ Հնդիկ գրականութենէն. Գեղեցկագիտութիւն, ուսումն, զոր առաջին անգամ ըլլալով ազգային վարժարանի մը մէջ, ես մտցուցի. Իմաստասիրութիւն եւ Պատմութիւն իմաստասիրութեան` սկսեալ Հնդկաց իմաստասիրական դպրոցներէն. Մանկավարժութիւն, տեսականօրէն, աւելորդ է ըսել։ Գիտէ՞ք` այս դասերն ի՞նչպէս կ՚աւանդենք Պէրպէրեան` համանուն վարժարանին մէջ եւ ես` Ազգային Կեդրոնական վարժարանին մէջ. հետզհետէ սորվելով այս նիւթերն։ Եւ այդ ուսումներն ուսանելու կրկին պատճառներ ունինք. նախ զի չենք սորված զանոնք մեր ուսումն առած դպրոցին կամ դպրոցներուն մէջ, կամ ա՛յն եղանակաւ չենք ուսած, որով եղանակաւ մենք կ՚ուսուցանենք զայնս. երկրորդ, զի գիտութեան դաշտն օր քան զօր կ՚ընդարձակի, եւ ուսուցման եղանակք օր ըստ օրէ կը բարեփոխին։ Ուստի պէտք է միշտ կարդալ, կարդալ, այո՜, յաւէտ կամ նուազ ցամաք դասի գրքեր. պէտք է անուններ, թուականներ ու սահմաններ գոց ընել, որովհետեւ, ինչպէս ըսի, վարժապետանոցէ մ՚ելած չենք` մեր յիշողութեան մէջ անուանք, սահմանք ու թուականք թարմ ու կազմ։ Վարժապետանոցէ չենք ելած, ա՛յն համեստ պատճառաւ, որ վարժապետանոց չենք մտած. եւ համեստ ազգի մը զաւակ գտնուելով, ուր բարձրագոյն ուսուցիչ մը չը կրնար երբեք մասնագիտութեամբ ապրիլ. մասնագիտութիւն չունինք ո՛չ Պէրպէրեան, ո՛չ Ձեր խոնարհ ծառայն` բացի գրականութենէն. եւ գրականութիւնն այնպիսի բան մ՚է, որուն դէմ հայհոյանք կը համարուի «մասնագիտութիւն» բառն. ես` իմ մասիս, կը գրեմ կամ գրականութիւն կ՚ընեմ առանց զգալու, ինչպէս որ արեւը կը ծագի կամ (նմանութիւնս անհամեմատ բարձր եղաւ) առուակը կը հոսէ. երբ գիրքերս վար առնելով, երբ հեղինակներ հարցասիրելով գրեմ, ես հոն չեմ, ես այդ գրածիս մէջ չեմ, այդ գրուածն իմս չէ, խորթ զաւակ է։ Այս առթիւ յիշեցնելով սիրելի ազգիս, յիշեցնելով մեր ազգասէր մեծատանց, թէ քանի մը տարիէն մեր նամակները պիտի թուականենք 1900, այսինքն քանի մը տարիէն դար պիտի փոխենք, եւ թէ տակաւին բան մը չըրինք` մասնագէտ դասատուներ, մէկ բառով` վարժապետ պատրաստելու համար, ինչ որ կէս դարէ ի վեր մեր ըրած գործոց առաջինը պարտ էր ըլլալ, կը յայտարարեմ անկեղծօրէն, համարձակօրէն, թէ Կեդրոնական վարժարանին մէջ մեր հասարակութեան յետնամիտ մէկ մասին բարձրագոյն կրթութեան համար գծած անձուկ սահմանին մէջ չեմ պարփակուիր ես. գեղեցկին գիտութեան մէջ տգեղին գեղեցկագիտութիւնն ալ կ՚ուսուցանեմ. գրականութեան դասերու մէջ գրական ճաշակին վերջին կերպարանափոխութեանց վրայ ալ գաղափար կու տամ բարձրագոյն կարգի ուսանողաց, որոնք արդէն հասուն մտաց ու հզօր կամաց տէր գաւառացի պատանիներ են` ծանօթութեանց ծարաւի (եւ հաւատացէք, որ այս «ծարաւի» բառը տկար կը զգամ գրչիս տակ). իսկ իմաստասիրութեան գալով` իմաստասիրական բոլոր վարդապետութիւններն ալ կը ներկայացնեմ իրենց, թող դատեն եւ ընտրեն։ Բայց միթէ հնա՞ր էր ինձ ակնարկեալ անձուկ շրջանակին մէջ սահմանափակուիլ. այդպիսի պայմաններու մէջ դասատու մը պիտի կրնա՞ր մտնել Կեդրոնական վարժարանի բարձրագոյն դասարանն. անցեալները («քմահաճոյք» անուանեցէք այս ալ) հրաժարեցայ վարժարանէն. բարձրագոյն կարգն երեք անգամ տունս եկաւ, եւ յայտարարեց, թէ որոշած էր իմ տեղս ուրիշ դասատու չընդունիլ։ Ոչ իմ փառացս համար, այլ անձկամիտներուն ի պատասխանի կ՚ըսեմ, որ Կեդրոնական վարժարանի մէջ առաջին անգամ ծափահարուող դասախօսն ես եղայ։ Ինձ անիկա՛յ կրնայ յաջորդել, որ իմ լայնացած շրջանակս ընդլայնագունէ. անձկացնել փորձողն երկրորդ անգամ դասարան չը կրնար մտնել։

Դ.

Իմ «անգործութեանս» մէջ Օրագիրս ալ կը գրեմ, զոր չեմ անշուշտ յաւակնիր Ամիէլի «Ներքին օրագրին» հետ բաղդատել. այլ Օրագրիս մէջ երբ երբեմն յանզգայս գրչիս տակ կու գայ այդ անունն, անբաժանաբար վաղամեռ մօրաքեռորդւոյս Ներսէս Ներսէսեանին անունէն, որոյ նուրբ միտքն ա՛յնքան կը ճաշակէր «Ներքին Օրագրին» ներքննական նրբին էջերն։ Օրագրէս զատ շատ բան չեմ գրեր. մահուանէս առաջ գրութիւններս ջնջելու հաստատ որոշումս կը կասեցնէ ձեռքս. ո՜հ, քանիօն երջանիկ պիտ՚ ըլլայի, «մամա՛ս», եթէ ձեռքս թիթեռնիկ մը ու շրթունքս ձեռքիդ վրայ` տառի մը վրայ չը նայած դեռ` աչքերս օրօրիդ ձայնովն յուշիկ փակէի՜, ընդ միշտ փակէի՜…։

Նամակագրութիւններ ալ կ՚ընեմ, որոց մէջ նետած դառնացեալ մարդու հեգնական խօսքերս բերնէ բերան մերթ կը պտտին` բառական նշանակութեամբ առնուելով. եւ կը յիշեմ յայնժամ անգլիական վէպի մը դիւցազնն, ոյր անագորոյն բանք զայրոյթը կը գրգռեն ընկերութեան. մարդոց ամենէն բարին, որ ամենէն չարը կը ներկայացուի, քանզի… բարեկամս Գառնիկ Ֆընտըքլեան պիտի յայտնէ ձեզ պատճառն, նա որ «այդ վէպին ընթերցման պահուն ամէն մէկ էջի զիս յիշած է»։ Երբեմն, հին գրողի վարժութի՜ւն, առջեւս թուղթ չեղած (այլ մուսայս միշտ ետեւս եղած) ատեն` ձեռքս օդին մէջ կը շարժեմ, օդին մէջ կը գրեմ, անտարակոյս ամենէն գեղեցիկ էջերս, որպէս հէ՜գ մայրս հուսկ յետին օրն ինքնաշարժօրէն` ճաշի ժամուն` մատուըներն օդին մէջ երերցուց, եւ ապա խաչակնքեց` մատանցն համաչափ շարժմամբ ձեւացուցած օդային խաչին չորս ծայրերն ադամանդելով իւր կապոյտ, անճառ ժպտին լազուարճներով…։ Գրելէ շատ աւելի քաղցր է սրտիս` կարդալ գրե՜ր, զորս ընդունած եմ, դողդոջո՜ւն գրեր, ոյց կը բաբախին բառերն, ոյք խնկաբոյր հերաց խուրձի մը տակ հազիւ կարող են մերթ ելեւէջել. թուղթե՜ր, որոնց մէկ երեսին վրայ սրտափթիթ խօսքի ծաղիկներ, ու միւսին վրայ դրախտի ծաղիկներ` թարմ, որպէս թէ այգուն քաղուած ըլլային` սիրանո՜յշ փափուկ մատամբք ընդ միշտ հաստատուած քարտին վրայ, որ կը բուրէ՜ ու կը խօսի սիրոյ… անհաստատութեա՞ն վրայ։

Ե.

Կը խորհիմ ալ իմ «անգործութեանս» մէջ` հակառակ համոզմանս, թէ բոլոր խորհուրդք անկարող պիտ՚ ըլլան չարիքն սպառել երկրի վրայ, կը խորհիմ ընկերային ու այլ խնդրոց վրայ։ Մտածմանցս շղթայն յանզգայս կ՚երկարի, զուգաչափ օղակներ իրարու զօդելով, մինչեւ որ անհամաչափ ահագին օղակն անկարելւոյն, անխուսափելի` մարդկային խորհրդոց շղթայարութեան հուսկ յետին ծայրն, իւր բարձր արհամարհոտ անագորոյն ծիծաղին տակ հալեցնէ մանրագիտական իմ բոլոր մտածումներս։ Կը շրջեմ այն ժամանակ իմաստասիրութեան նորոգչին ծանօթ տիեզերավճիռն` տարազովն այնքան դրական քանակագիտական` «Կը խորհիմ, ուրեմն կա՛մ». եւ կը բացագանչեմ, Տէգառդի հակառակ, կը խորհիմ, ուրեմն չը կա՜մ…։

-----------------------

Իրաւունք ունիք, Տէր խմբագրապետ, երբ իմ իմաստասիրութիւնս «ժխտական» կ՚անուանէք։ Եւ իսկոյն կը յաւելում. Շնորհակալ եմ Ձեզ, որ կը գրէք. «…իր ժխտական իմաստասիրութիւնը, զոր Եղիան չճանչցողները միայն` մառախուղի մէջ ծրարուած կը կարծեն»։ Ես կը ստորագծեմ այդ նախադասութիւնը, քանզի բարեսի՜րտ, բարեխի՜ղճ մարդիկ ոմանք ալ հաւատացին, թէ զառամութեան մէջ ինկած է ու կը զառանցէ Տէմիրճիպաշեան` ողնածուծի հիւանդութեամբ վարակուած։ Նոյն իսկ հօրեղբայրներէս մին եկաւ օր մը զիս առանձնութենէս հանելու, եւ զիս անշուշտ տանելու… դարմանատուն. ու խեղճ ամօթահար, թէեւ ուրախ, մեկնեցաւ, քանի մը ժամ հետս խօսակցելէ յետոյ։ Դուն, որ Հրանտ Ասատուրի հետ ինձ այցելութեան եկար իմ ամենէն յուզեալ օրերէս մին, եւ ինձ հետ «վիճաբանեցար» իմաստասիրական նիւթոց վրայ մանաւանդ, ահա կը վկայես, թէ «մառախուղի մէջ ծրարուած չէ միտքս»։ Եւ եթէ «մոլորուած ակնարկիս» վրայ կը խօսիս, դիտած ես անշուշտ, որպէս դիտած եմ, թէ քու, որպէս բազմաց, աչքը նոյն արտայայտութիւնն ունի ջերմ վիճաբանութեան մը պահուն։ Իսկ «սեւեռած միտքս» սեւեռած է Անծանօթին, մեծ (Ք)ին` որպէս քանակագիտական լեզուաւ պիտ՚ ըսէիր դու կամ Եուսուֆեանդ։ Գիտես, որ կանուխէն զիս շահագրգռեցին իմաստասիրական խնդիրք։ Առաջին «Փիլիսոփայական բառարանն» հրատարակողն ես եղայ. ես առաջինը պիտի ըլլամ դարձեալ` մեր եկեղեցւոյ ներքին թշնամեաց դէմ մարտնչելու համար։

Խօսքս կը կնքեմ։ Եւ միթէ այսքան բան Ձեզի՞ դէմ գրեցի. իմ «անգործութիւնս» Ձե՞զ համար վերլուծեցի։ Ո՛չ, այլ անո՛նց համար, որոնք չը գիտեն, թէ բառերուն նշանակութիւնն անձանց համեմատ կը փոխուի, որպէս փոխուած է դարուց հետ։ Այսպիսի տգէտներ հրապարակին վրայ ալ կան, փա՜ռք Աստուծոյ. ոմանք վարժապետ իսկ են, կամ հրապարակագիր։ Թէ Ձեզ համար «անգործութիւն» ի՛նչ կը նշանակէ, երբ խնդիրն Եղիա Տէմիրճիպաշեանի վրայ է, կը բացայայտէք զայն հետագայ պարբերութեան մէջ. «Կը կարծեմ, որ իր հանգիստը ուրիշներու վաստակէն աւելի տաժանելի էր»։ Ինչ որ կը համարձակիմ, Ձեր առաջին վերոյիշեալ հանդիսաւոր բառը տէր բայի ընելով, վերաբանել. «կը կարծեմ, որ իր անգործութիւնն ուրիշներու գործունէութենէն շատ աւելի գործօն էր»։ Ա՛լ հարկ չը կայ բացատրել, թէ «գործատեցութիւն» բառն ալ, զոր առ Ձեզ մասնաւոր գրի մը մէջ գործածած եմ եւ զոր դուք կը կրկնէք ի հրապարակի, իմ գրչիս տակ ի՛նչ նշանակութիւն ունի։ Հուսկ բան` հատուածոյդ առաջին բանին պատասխանն։ «Տարի մը կայ Եղիա Տէմիրճիպաշեան սրդողած էր ամէնուս հետ, մարդոց ու Աստուծոյ դէմ»։ Ես միշտ սրդողած եմ, Տէ՛ր խմբագրապետ, ոչ Ձեզ հետ, այլ ա՛յն մարդոց հետ առ հասարակ, որոնք կանխորոշութիւն ունին, կամ ժխտական բացատրութեամբ` «պարկեշտութիւն» (բառին քաղաքային նշանակութեամբ, սեռայինն ինձ չը վերաբերիր քննել), պարկեշտութիւն չունին։

Իսկ Աստուծոյ դէմ սրդողած ըլլալէ հեռու, հոգիս ու միտքս յաւիտեան յառած են առ ԱՍՏՈՒԱԾ։

(Մասիս, 9 Մարտ 1893)